«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Իր Թեմերով, Կառոյցներով, Մարմիններով, Իր Բոլոր Կարելիութիւններով Սուրիահայութեան Հետ Է»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին լոյսին տակ, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ հովուապետական զօրակցական այցելութեամբ շքախումբով հասաւ Հալէպգօտեպնդելու սուրիահայութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը յայտնելու անոր: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ղօղանջին ներքեւ, Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Գերպ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդականհիւպատոս Բաբգէն Պատալեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան խումբի պատասխանատուին, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, հալէպահայ մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու
Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, ՍՕ Խաչի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, Հ.Ե.Ը.-ի,
Նոր սերունդ, Կրթասիրաց, Ազգային մշակութային, Գերմանիկ Վասպուրական մշակութային միութեանց, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն, դպրաց դասերուն, Ս.Ե.Մ.-ի, Սուրիոյ պատանեկան միութեան անդամներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տարազաւոր սկաուտներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:
Վեհափառ Հայրապետի շքախումբին մաս կը կազմէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն եւ Բերիոյ հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբ-րահամեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան:
Եկեղեցւոյ մուտքին տեղի ունեցաւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութիւն, Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբի պարմանուհիներուն տարազաւոր ներկայութեամբ, ապա Վեհափառ Հայրապետը թա-փօրով եւ դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտ գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր հանդիսապետեց Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին նուիրուած սուրբ եւ անմահ պատա-րագինհոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան: Պատարագը մա-տուցեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան հոգեւորականաց դասուն, Ազգային իշխանութեան, միութիւններուն եւ հալէպահայութեան անունով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ երկրաշարժէն փրկուած հալէպահայութիւնը արժանի դարձաւ Վեհափառ Հայրապետին զօրակցական այցելութեան: Արամ Ա. Կաթողիկոս ժողովուրդին ուղղեց իր հայրապետական պատգամը
ըսելով. «Եկած եմ Հալէպ ձեր ցաւը բաժնելու, ձեր մտահոգութիւնը իմանալու եւ երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու»: Ապա վեհափառը ըսաւ. «Հրաշք է մեր գոյութիւնը այսօր, փոքր ազգ եղանք, սակայն Աստուծոյ դառնալով, Աստուծոյ ներկայութեամբ մեր կեանքը հզօրացնելով գոյատեւեցինք. այսօր մեր ժողովուրդը տագնապի մէջ է փաստօրէն ամէն տեղ, Հայաստանի մէջ, Ղարաբաղի մէջ, Լիբանանի մէջ, Սուրիոյ մէջ եւ ամէնուր: Տագնապին ձեւը, տարողութիւնը տարբեր է, սակայն ըստ էութեան մեր ազգը տագնապներով շրջապատուած է, տագնապներով լեցուն է մեր կեանքը: Այս պայմաններուն մէջ մենք պէտք չէ յուսահատինք, այլ մեր հաւատքով հզօրացած պէտք է դառնանք Աստուծոյմիշտ ըսելով. «Դուն ես, Աստուած, մեր կեանքի հզօրութեան աղբիւրը»»: Նորին Ս. Օծութիւնը հաստատեց. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր թեմերով, կառոյցներով, մարմիններով, իր բոլոր կարելիութիւններով ձեզի հետ է, սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Սուրիոյ տարածքին հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Կը ցաւիմ, որ մենք վնասներ, մահեր ունեցանք այստեղ, նաեւ նախկին Կիլիկեան աշխարհի մեր քաղաքներուն մէջ
Մալաթիա, Մարաշ, Իսկենտերուն… այս բոլորը կը յիշենք այսօր, որպէսզի Աստուած իր երկնքի թագաւորութեան մէջ ընդունի հոգիները զոհերուն, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ բոլոր հիւանդներուն, վիրաւորներուն: Տակաւին վիրաւոր են մեր ժողովուրդի զաւակները, գիտեմ. յառաջիկայ ժամերուն աւելի մօտէն ամբողջական կերպով պիտի իմանամ, թէ ի՛նչ են կարիքները, մտահոգութիւնները մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ մեր կարելին, գերագոյնը պիտի կատարենք, որպէսզի ձեր ցաւերը բուժուին, ձեր մտահոգութիւնները վերանան, որպէսզի կարենանք միասնաբար ծառայել մեր ժողովուրդի զաւակներուն»:
Վարդանանց տօնը յիշատակելովՎեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը Ղեւոնդներ ու Վարդաններ տուաւ, որոնք վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց գիտակցօրէն ու հաւատքով Աւարայր գացին եւ իրենց արիւնը թափեցին: Հետեւաբար, մեր կեանքի տագնապներուն ու չարիքներուն դիմաց պէտք չէ ընկճուինք: Եզրափակելով
ան ըսաւ. «Այս պահուն, այս սրբազան խորանէն ես կոչ կ՛ուղղեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամէն տեղ. մեզի համար սրբա-զան պարտաւորութիւն է օգնել Սուրիոյ հայերուն եւ մասնաւորաբար Հա-լէպի հայերուն, տանք ինչ որ կրնանք եւ մասնակից դառնանք Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին»:
Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը լրատուամիջոցներուն դի-մաց հետեւեալ կոչը ուղղեց միջազգային ընտանիքին` չեղեալ նկատելու Սուրիոյ վրայ սահմանուած պատժամիջոցները եւ փութալու աղէտահար ժողովուրդի օգնութեան
