Երեւան կ՛ողջունէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանիՀայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած հրատապ քայլերու կիրարկման մասին միջնորդութիւններու վերաբերեալ որոշումները: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: «Հայաստան ուշադիր պիտի հետեւի կացութեան եւ դատարանին պիտի տեղեկացնէ Ազրպէյճանի կողմէ որեւէ խախտումի մասին, մինչ Հայաստանի հայցը ընդդէմ Ազրպէյճանի կը շարունակուի: «Միջազգային գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղենք գործնական քայլերու ձեռնարկելու
ապահովելու Ազրպէյճանի կողմէ դատարանի որոշման անյապաղ իրակա-նացումը», շեշտած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Պաքու եւս հրապարակած է յայտարարութիւն մըայսպէս մեկնաբանելով դատարանի որոշումը. «Դատարանը իր վճիռին մէջ ի գիտութիւն ընդունած է Ազրպէյճանի յայտարարութիւնը, որ երկիրը ձեռնարկած է եւ կը պարտաւորուի իր լիազօրութիւններու ծիրին մէջ շարունակել ձեռնարկել բոլոր քայլերը
Լաչինի ճամբով անվտանգ երթեւեկը ապահովելու եւ 10 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան պայմանները կատարելու համար»:
Նշենք, որ դատարանը բաւարարեց Հայաստանի ժամանակաւոր քայլ կիրարկելու պահանջը եւ պարտաւորեցուց Ազրպէյճանը մինչեւ Հայաստանն ընդդէմ Ազրպէյճանի գործով վերջնական որոշումի կայացումը ձեռնարկելու բոլոր քայլերըերաշխաւորելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու
երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը:
Լա Հէյի դատարանը միաձայնութեամբ մերժեց միջանկեալ քայլ կիրարկելու Ազրպէյճանի դիմումը: Պաքուն միջազգային ատեանէն պահանջած էր Հայաստանին պարտաւորեցնել «վերջ տալ ականապատումներուն ու Լաչինի միջանցքով ականներ փոխադրելուն»:
Անդրադառնալով ազրպէյճանական կողմի դիմումին առնչուող որոշումինայդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ այս ձեւով «Հայաստանը պարտաւոր է զերծ մնալ կացութեան սրումէն
համաձայն դատարանի նախորդ7 դեկտեմբեր 2021-ի որոշումին», ինչ որ Պաքուն կ՛ողջունէ: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ դատարանի որոշումը
վերատեսութեան չենթարկելու իր նախկին եզրակացութիւնը, որ Հայաստանի կողմէ «ականներու տեղակայումը» չի համա-պատասխաներ ժամանակաւոր քայլի կիրարկման հիմք ըլլալուն, ըստ էութեան հիմնաւոր որոշում չէ, եւ Ազրպէյճանը պիտի շարունակէ փորձել Հայաստանը պատաս-խանատուութեան ենթարկել:
