Գերմանիոյ Քոթպուս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, ողիմպիականի պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւթեան, գերազանց ելոյթ մը ունենալով յենացանկի մրցումներու աւարտականին, հանդիսացաւ ախոյեան:
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականին յառաջատարը ապահովեց 15.133 կէտ:
Դաւթեանէն առաջ Գագիկ Խաչիկեան նժոյգ ձեւի մրցումներուն գրաւած էր երկրորդ դիրքը, մինչ Արթուր Աւետիսեան հանդիսացած էր երրորդօղակներու մրցումներուն: Աշխարհի բաժակի այս հանգրուանի մրցումները վարկանշային են աշխարհի ախոյեանութեան անհատական մրցապայքարին համար, որոնց ընթացքին մարզիկները կը ստանան Փարիզի ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսերը: Աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքին երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Քոթպուսէն անմիջապէս ետք Տոհայի մէջ (Քաթար), մինչ երրորդ հանգրուանը, որ տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան), Հայաստանի հաւաքականը պիտի չմասնակցի անոր:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *