Ի կատարումն Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի 28 փետրուար 2023-ի նիստի ընթացքին տրուած որոշումինստեղծուած է աշխատանքային խումբ, որուն նպատակն է ազրպէյճանական կողմին հետ քննարկել հրատապ մարդասիրական հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդը: Խումբի ղեկավարն է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան: Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, 1 մարտ 2023-ի ժամը 11:00-ին, խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարական կեդրոնին մէջ
զօրախումբի հրամանատար, զօրավար-հազարապետ Անտրէյ Վոլքովի մասնակցութեամբ, տեղի ունեցած է արցախեան եւ ազրպէյճանական կողմերու հանդիպում, որուն մասնակցած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ ձեւաւորուած համանման աշխատանքային խումբըԱզրպէյճանի Հանրապետութեան խորհրդարանի երեսփոխան Ռամին Մամետովի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման օրակարգային հարցերն էին. 1.- Արցախի Հանրապետութիւն բնական կազի մատակարարման անխա-փանութեան ապահովումը եւ հետագայ կազի անջատումներու բացառումը: 2.- Արցախի Հանրապետութեան ելեկտրամատակարարման վերականգն-ման նպատակով Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ մտնող միակ բարձրլարման գիծի
Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածի զննումի եւ «Արցախէներկօ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան մասնագէտներու կողմէ վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման կարելիութեան ապահովումը:
3.- Կաշէնի եւ Դրմբոնի հանքավայրերու տարածքին մէջ ազրպէյճանական մասնագիտական խումբի կողմէ միանգամեայ տեսողական շրջայցի կազմակեր-պումը:
4.- Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի ամբողջական բացումը:
Բացման խօսքին մէջ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարը ներկայացուցած է հանդիպումին մասնակիցներըիբրեւ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմեր: Այնուհետեւ արցախեան խումբի ղեկավարը ազրպէյճանական կողմին բացատրած է իր գլխաւորած խումբի լիազօրութիւնները, այն է
վերը նշուած որոշակի հարցերու քննարկումը եւ անոնց վերաբերեալ լուծումներու որոնումը:
Հանդիպումի սկիզբի մասին մէջ ազրպէյճանական խումբի ղեկավարը փորձած է զրոյցը տանիլ ԱրցախիԱզրպէյճանին համարկման անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ
ներկայացնելով այդ պարագային հաւանական ընկերայինտնտեսական առաւելութիւններու ստացման հեռանկարներ, սակայն ատոր արցա-խեան խումբի ղեկավարը հակազդած էյորդորելով քննարկում կատարել յստակ առաջադրուած հարցերով: Վերջինս ընդգծած է նաեւ, որ մարդասիրական եւ ենթակառուցային հրատապ հարցերով այդ հաղորդակցութիւնները չեն կրնար անդրադառնալ տագնապի համապարփակ լուծման հիմնական հարցերուն, եւ ատոր համար անհրաժեշտ է ձեւաւորել միջազգային լայն աջակցութեամբ ձեւաչափ: Պէտք է նշել, որ ազրպէյճանական խումբի միւս անդամները զբաղուած են վերը նշուած չորս որոշակի հարցերու քննարկումով եւ լուծումներու որոնումով, ըստ այդմ
հանդիպման հետագայ ընթացքը ամբողջովին համապատասխանած է օրակարգով սահմանուած շրջանակներուն:
Օրակարգային բոլոր հարցերու քննարկման հիմամբ ձեռք բերուած են որո-շակի համաձայնութիւններ, որոնք ազրպէյճանական կողմը պարտաւորուած է զեկուցել վերադաս մարմիններուն եւ յառաջիկայ օրերու ընթացքին, խաղաղապահ զօրախումբի միջոցով, արդիւնք-ներու մասին տեղեկացնել արցախեան կողմին:
Հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած է նաեւ կողմերուն միջեւ յետադարձ կապի կայուն մեքանիզմի ձեւաւոր-ման համաձայնութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը համաձայնած էին առայժմ հրապարակել միայն ընդհանուր գիծերով տեղեկատուութիւնայն նկատառումով, որ հոլովոյթը տակաւին կը գտնուի աշխատանքային փուլի մէջ: Սակայն հանդիպումէն կարճ ժամանակ ետք, ազրպէյճանական խումբի ղեկավարը իր երկրի տեղեկատուական հարթակներուն վրայ հանդէս եկած է հարցազրոյցներով, որոնց մէջ բոլորովին այլ
բուն բովանդակութենէն ու հոլովոյթէն շեղուած ապատեղեկատուութիւն տարածած է, մասնաւորաբար յայտարա-րելով, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են «Ղարաբաղի շրջանի հայ բնակչութեանԱզրպէյճանին վերահա-մարկելու հարցեր»: Ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու եւ ազրպէյճանական մամլոյ միջոցներու այս զեղծարարութիւնը, դժբախտաբար, օգտագործուած է նաեւ հայկական լրատուադաշտի որոշ ներկայացուցիչներու կողմէ
ատով ստեղծելով թիւր տպա-ւորութիւն, թէ, իբրեւ թէ, արցախա-ազրպէյճանական հա-ղորդակցութիւններուն մէջ կը քննարկուին տագնապի համապարփակ լուծման առնչուող հարցեր:
Մինչդեռ, ինչպէս նշեցինք, 1 մարտի հանդիպումը, որուն, կը կրկնենք, մասնակցած է նաեւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարը, նուիրուած եղած է միայն Արցախի շրջափակման ու ատոր առնչուող խնդիրներու վերացման քայլերու քննարկման:
Ազրպէյճանական յաջորդ ապատեղեկատուութիւնը, որուն համաձայն, կողմերու պաշտօնական ներկայացուցիչ-ներու յաջորդ հանդիպումը իբրեւ թէ «կրնայ տեղի ունե-նալ Գիանջայի կամ Աղտամի մէջ», առանց Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի մասնակցութեան, եւս չի համապա-տասխաներ իրականութեան:
Կը յորդորենք չտարուիլ ազրպէյճանական քարոզչամե-քենայի յերիւրանքներով եւ համոզուած ըլլալ, որ վերը նշուած հոլովոյթի եւ ատոր արդիւնքներուն մասին հանրու-թեան պիտի տրուին սպառիչ տեղեկատուութին:
Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդը Ազրպէյճանական Կողմին Հետ Հանդիպման Մասին Մանրամասնութիւններ Կը Յայտնէ
