Դեսպան Քվին այցելեց Բերձորի (Լաչին) միջանցքի սկզբնամաս, որ շուրջ երեք ամիսէ ի վեր փակ է բնականոն երթեւեկի համար: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:
«Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան դեսպան Քվինին ներկայացուց Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքներն ու ատոր ազդեցութիւնը հարիւրաւոր մասնատուած ընտանիքներու համար: Մարզպետ Ղուկասեան նաեւ անդրադարձաւ շրջափակման հետեւանքով վնասուածներուն պետութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան: Դեսպան Քվին կրկնեց Լաչինի միջանցքը անյապաղ վերաբանալու մասին արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի կոչը»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *