Գրեց՝ Աբօ Չափարեան
Խմբագրի նշում. 2020 թուականի աշնան Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իսլամական Պետութեան կողմէ՝ 44 օրեայ հակահայ ահաբեկչական ագրեսիայի ժամանակ, Հայաստանն ու Արցախը դիմակալեցին լիակատար ոչնչացման վտանգը: Աշխարհը գերզբաղուած էր համաշխարհային համաճարակով եւ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններով: Հայ ազգի ոխերիմ թշնամիները՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, մտադիր էին իրականացնել հայերու երկրորդ եւ վերջնական ցեղասպանութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մէջ։ Հայաստան/Արցախի համար իրավիճակն աւելի վատացնելով՝ 5-րդ շարասիւնը արագօրէն կ՛աշխատէր հայերու պատերազմական ջանքերը սաբոտաժի ենթարկելու համար եւ բեմադրելու՝ Հայաստանի պարտութիւնը մարտի դաշտին մէջ։ Գոյատեւելու համար, Հայաստանը խելամտօրէն որդեգրեց եւ իրագործեց ՙԱՊՐԻՐ, ԱՅԼ ՕՐ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ՚ քաղաքականութիւնը: էջ 3-ի վրայ զետեղուած յօդուածը՝ թուագրուած՝ Նոյեմբեր 13, 2020- թ., գրուած է 44-օրեայ հակահայ ահաբեկչական ագրեսիայէն ետք: 2020 թուականի Նոյեմբերին, որոշ անձինք քննադատած էին այս հեղինակին «Հայաստանն ու Արցախի Հանրապետութիւնը ջախջախեցին Թուրքիային, Ատրպէյճանին եւ Իսլամական Պետութեան ռազմաքաղաքական շախմատային խաղի մէջ» յօդուածը գրելու համար։ Այժմ, երեք տարի անց, թէեւ Արցախը կանգնած է անօրինական շրջափակման առաջ՝ հետսհետէ յուսահատ Ատրպէյճանի կողմէ, համաշխարհային հասարակական կարծիքը առաւել կը փոխուի յօգուտ Հայաստան/Արցախի: Աշխարհի հայութիւնը եւ Հայաստանի բարեկամներն այժմ սկսած են համախմբուիլ ծաղկող համաշխարհային շարժման մը շուրջ՝ աջակցելու Հայաստանի/Արցախի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ պաշտպանութեան։ Այս ջանքերը կը ղեկավարեն հայամէտ անձինք, ինչպիսին է ԱՄՆ բանակի գեներալ-մայոր (հանգս. կոչուած) Մաքքարլին: AANSI- Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Հիմնարկի հիմնադիր Նախագահ Մարք Մաքքարլին վերջերս վերադարձած է Հայաստանէն՝ հանգսեան կոչուած ԱՄՆ բանակի գեներալ-մայոր Ճոն Քեմի եւ ԱՄՆ բանակի բրիգադիէ գեն. Քրիստոֆեր Սփիլմանի մասնակցութեամբ մեծապէս յաջող AANSI կրթական առաքելութենէ մը ետք։ Ի թիւս այլ կարեւոր նպատակներու, AANSI – Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Հիմնարկութիւնը նուիրուած է Գոնկրէսի, ռազմական եւ քաղաքացիական ազգային անվտանգութեան որոշում կայացնողներուն ամերիկեան եւ հայկական պաշտպանական եւ ռազմավարական շահերու վերաբերեալ կրթելուն, որոնց հիմնաքարը ԱՄՆ-Հայաստան անվտանգութեան ամուր համագործակցութիւնն է: AANSI-ն խորհի, որ ամերիկեան եւ հայկական ուժեղ ռազմական եւ ազգային անվտանգութեան դիրքը խաղաղութեան եւ մեր արժեքներու ու քաղաքակրթութեան գոյատեւման լաւագոյն երաշխաւորն է: Պայքարը կը շարունակուի:
Աբօ Չափարեան