Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ՀԱՊԿի Ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ. ան նաեւ այցելեց Եռաբլուր։
Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտիին իրավիճակին, տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ ապահովութեան մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ: Այս պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրավիճակին եւ ՀԱՊԿի հաւաքական պաշտպանութեան գործիքակազմերուն վերաբերող շարք մը հարցերու:
Տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ քննարկում կատարեցին նաեւ Թասմակամպեթով եւ Միրզոյեան, որ ընդգծեց ՀԱՊԿի անդամպետութիւն հանդիսացող Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումին վերաբերեալ կազմակերպութեան յստակ եւ հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին: Միրզոյեան շեշտեց 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու եւ Ատրպէյճանի դէմ հրատապ միջոց կիրարկելու վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ 22 Փետրուարին տրո-ւած որոշումը գործադրելու հրամայականը:
Հանդիպման ընթացքին Թասմակամպեթով ներկայացուց նախօրէին Ջերմուկ կատարած իր այցելութեան տպաւորութիւնները։
Միրզոյեան ընդգծեց, որ ատրպէյճանական կողմը իր շարունակական սադրանքներով կը խոչընդոտէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը, իսկ Ատրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը միտուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ լայնածաւալ ուժի կիրարկման համար հող նախապատրաստելուն: Այս պարունակին մէջ կարեւոր նկա-տուեցաւ Հայաստանի դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կողմէ գործուն քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնըԱտրպէյճանի կողմէ իր պարտաւորութիւնները կատարելու եւ ուժի կիրարկման դրսեւորումները բացառելու ուղղութեամբ: Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան իր կարգին Թասմակամպեթովին ներկայացուց հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը: Կողմերը անդրադարձան նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի նախօրէին կատարած յայտարարութեան նշելով, որ անիկա կը հակասէ Փրակի եւ Սոչիի յայտարարութիւններուն:
Թասմակամպեթով նաեւ այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը, յար-գանքի տուրք մատուցեց Արցախի պատերազմներուն ընթացքին զոհուած հերոսներու յիշատակին եւ ծաղկեպսակ զետեղեց նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *