Պաշտօնական Ստեփանակերտը կը յայտարարէ, թէ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումները կրնան տեղի ունենալ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ եւ այնտեղ, ուր նախորդ հանդիպումը կատարուած էր: 1 մարտին կողմերը հանդիպած էին Իւանեանի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի կեդրոնին մէջ:
Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ պնդած է, թէ օրակարգին մէջ պէտք է ըլլան մարդասիրական, ենթակառուցուածքային, թեքնիք հարցեր«առանց անոնց անհարկի քաղաքականացման»: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, մինչդեռ, նախանցեալ օր աւելի կանուխ Արցախի ներկայացուցիչները հրաւիրած էին Պաքու
«վերահամարկումին շուրջ
հերթական քննարկման»:
Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է, թէ տագնապի համապարփակ կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան միջազգայնօրէն ճանչցուած եւ հաստատուած ձեւաչափով` «կողմերու հաւասար իրաւունքներու եւ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման միջազգային երաշխիքներու առկայութեան պայմաններուն մէջ:
