Պաշտօնական Ստեփանակերտը հերքեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը, թէ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը 5 մարտին հանդիպած է Ղարաբաղի հայերուն հետ:
14 մարտին Պերլինի մէջ Գերմանիոյ նախագահի հետ հանդիպումին Իլհամ Ալիեւ պնդած էր, թէ 5 մարտին, երբ ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով Ղարաբաղի մէջ երեք ոստիկան սպաննուած էր, Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը հանդիպած է Ղարաբաղի հայերուն հետ: Թէ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ հանդիպումը կայացած էր, Ալիեւ չէր յայտնած:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ի պատասխան Արցախի նախագահի բանբեր Լուսինէ Աւանեսեանը երէկ ըսած է` 5 մարտին հանդիպում տեղի չէ ունեցած:
