ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կրթական հարցերու բաժանմունքի տարեկան վեցերորդ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, որ պիտի սկսի Շաբաթ, 25 Մարտին, կ.ա. ժամը 11ին, առիթ պիտի հանդիսանայ մեծարելու նաեւ հանրային վարժարաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը դասաւանդող 7 ուսուցիչներ։
Կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան կը յայտնէ, թէ շրջանը ունի բազմաթիւ հոյակապ ուսուցիչներ, որոնք իրենց աշակերտներուն իւրայատուկ եւ հետաքրքրական կերպերով կը դասաւանդեն Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը եւ շեշտեց զանոնք մեծարելու կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, որ մինչ Հայոց Ցեղասպանութեան դասանիւթը մաս կը կազմէ Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններու դասաւանդումներու ծրագիրին, զայն դասաւանդելու վերջնական որոշումը կախեալ է ուսուցիչէն:
«Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման» մրցանակով մեծարուող ուսուցիչներն են՝ Վիոլեթէ Տէ Լունիա (Կլենտէյլի «Թոլ» միջնակարգ), Սելեսթէ Լաու
(Կլենտէյլի «Վելի Վիու» նախակրթարան), Մանուէլ Լոփեզ (Սալինասի «Ալիսալ» երկրորդական) եւ Անա Քանթանիլա (Լոս Անճելըսի «Մաունթըն Վիու» նախակրթարան)։
Զարուհի «Սարա» Չիթճեանի անուան «Հայկական ժառանգութիւն» մրցանակով մեծարուող ուսուցիչներն են՝ Անիթա Ղազարեան (Պըրպենքի երկրորդական), Դալար Քէօսեան (Սանլենտի նախակրթարան) եւ Թալին Սաթամեան (Կլենտէյլի «Ֆրենքլին» նախակրթարան)։
Նշենք, որ ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին նաեւ դոկտ. Ստեփան Աստուրեան, որուն պիտի յանձնուի «Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ժառանգութիւն» մրցանակը, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, որուն պիտի յանձնուի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը դասաւանդողներու յատուկ եւ հեղինակաւոր պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան մրցանակը, ինչպէս նաեւ լրագրող Քրիսթինա Փասքուչի, որ պիտի ստանայ Հենրի Մորկընթաուի անուան «Քաջութեան մրցա-նակ»ը։
Ձեռնարկին մասնակցելու տոմսերը ապահովելու համար այցելել կայքէջը կամ դիմել (818) 500-1918 թիւին:
