Գրեց՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Քաղաքական դիտորդներ կը խորհին, թէ Ատրպէյճանի/Թուրքիոյ շահերուն օգուտ է Ուքրաինայի մէջ՝ Ռուսաստան-ԱՄՆ հակամարտութեան լուրջ սրացումը: Ինչպէ՞ս կրնան Ատրպէյճանը ու Թուրքիան շահագործել երկու գերտերութիւններու խոշոր ռազմական առճակատումը: – Երկու կողմերը իրար դէմ հանելու միջոցով; – Հակառուսական հռետորաբանութեան միջոցով եւ՛ Անգարան, եւ՛ Պաքուն կը ձեւացնեն հաւատարմութիւն Ուաշինկթընի հանդէպ, որպեսզի առաւելագոյն օգուտ քաղեն ԱՄՆ Պետական Բաժանմունքէն եւ ԱՄՆ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն: – Ըստ տեղեկութիւններու, ե՛ւ Անգարան, եւ՛ Պաքուն, կ՛օգտագործեն իրենց այսպէս կոչուած զինակցութիւնը Ուաշինկթընի հետ՝ Մոսկուայէն թուրքամետ զիջումներ ստանալու համար. – Ե՛ւ Անգարան, եւ՛ Պաքուն կ՛օգնեն Ռուսաստանին խուսափիլ Արեւմուտքի տնտեսական պատժամիջոցներէն ՝ առաջ քշելով իրենց « ԱՄՆի վստահելի Դաշնակիցներու» պրոպականտը։ Համառ տեղեկութիւններ կան, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը նպաստեն Ռուսաստանի ապօրինի նաւթի եւ գազի արտահանմանը Եւրոպա՝ Ատրպէյճանական արտադրութեան էներգակիրներու փոխադրման քողի ներքոյ: Սակայն ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի, Ռուսաստանի, Իրանի, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի համար առաւել չարագուշակ է համաթուրանական կայսրութեան մը ստեղծման հեռանկարը, որ կրնայ բացասաբար ազդել ուժերու աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան վրայ՝ աշխարհի ամենակարեւոր տարածաշրջանէն ներս որ տարածուած է Արեւելեան Միջերկրականէն մինչեւ Հարաւային Կովկասի Հայկական լեռնաշխարհը մինչեւ Կենտրոնական Ասիա։ Ասիկա կը պարզաբանէ, թէ ինչու թուրքական Ատրպէյճանը կը նպատակադրէ իրականացնել էթնիկ զտումներ Արցախի եւ հարաւային Հայաստանի Սիւնիքի մարզի բռնգրաւումը, որ Ատրպէյճանին կը կապէ Նախիջեւանը: Թուրքիան (վերջերս վերանուանուած՝ «Թուրքիա») եւ Նախիջեւանը արդեն ցամաքային կապ ունին։ Հայկական Արցախի եւ Հայաստանի Սիւնիքի բռնագրաւումը կրնայ նպաստել Ատրպէյճանի/Թուրքիոյ նէճ-օսմանեան կայսերական երազանքի իրականացման կարեւոր «փուլին»։ ԱՄՆ Պետական Բաժանմունքէն՝ Հայաստանին ու Արցախին դէմ վերջնական ցեղասպանութիւն գործադրելու լռելեան հաւանութիւն ստանալու նպատակով, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը «պատրաստակամութիւն» կը ցուցաբերեն օգնելու՝ ԱՄՆ-ում գործող նէօ-պահպանողական/նէճ-լիբերալ ի գին ամեն ինչի՝ Իրանի վրայ հարձակելու օրակարգին: Սակայն իսկութեան մէջ անոնք ծխածածկոյթի տալ կը պահեն իրենց կայսերական հաւակնութիւնները: Արդէօ՞ք Ուաշինկթըն, Փարիզ, Մոսկուա, Նիւ Տելհի, Թեհրան եւ Պրիւքսել կրնան հաշտուիլ այնպիսի աշխարհաքաղաքական անբարենպաստ զարգացման հետ, որ կրնայ վնասել նրանց ազգային շահերուն Մեծն Մերձաւոր Արեւելքի, Միջերկրական ծովի աւազանի շրջանի եւ Կենտրոնական Ասիոյ մէջ: Հիմա՛ յստակ, թէ ինչու հետեհետէ մեծ թիւ կազմող ոչ հայ ամերիկացիներ կը միանան ամերիկահայերուն – աշխարհի հայերուն, օգնելով Հայաստանին եւ Արցախին ամրապնդելու իրենց ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ պաշտպանութիւնը: Այս նոր շարժումը արագօրէն կը զօրանայ ԱՄՆ բանակի գեներալ-մայոր (հանգստի կոչոռած) Մարք ՄաքՔարլիի ունակ ղեկավարութեան ներքոյ: Պարոն ՄաքՔարլին AANSI-The American Armenian National Security Institute – Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Ինստիտուտի հիմնադիր նախագահն է:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄ՝ «ՈՐՊԷՍ ՆԱՏՕ-ի ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՇՆԱԿՑԻ» ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ.
Զանազան դիտորդներ կը պնդեն, որ 2020-ի աշնան Ատրպէյճան-Թուրքիա-Իսլամական Պետութեան ահաբեկիչներու կողմէ իրականացւող 44-օրեայ հակահայկական ագրեսիայի ընթացքին, Անգարան եւ Պաքուն բազմիցս շարաշահեցին Թուրքիոյ՝ որպէս ՆԱՏՕ-ի «խոշոր» դաշնակցի՝ կարգավիճակը Հայաստանն ու Արցախը մեկուսացնելու եւ անպատիժ մնալու ՆԱՏՕ-ի կողմէ տրամադրուած սպառազինութեան չարաշահումին առթիւ: Ատրպէյճան-Թուրքիա- Իսլամական Պետութեան կողմէ հակահայկական զանգուածային ահաբեկչական ագրեսիան իրականացուեցաւ 2020-ի համաշխարհային Covid-19 համաճարակի եւ 2020-ի ամերիկեան նախագահական ընտրութիւններու ԱՄՆ-ի զբաղվածութեան քողի տակ: 1915-ին, Թուրքիան նմանապէս շահարկեց միջազգային հանրութեան զբաղուածութիւնը 1914-1918 թուականներու Առաջին Համաշխարհային Պատերազմով՝ իրագործելու Հայոց Առաջին ցեղասպանութիւնը եւ Արեւմտեան Հայաստանի անօրինական բռնագրաւումը: Ռուսաստան-Ուքրաինա պատերազմով 2023-ի համաշխարհային զբաղուածութեան լոյսի ներքոյ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը ձգտին համատեղ իրականացնել Հայաստան եւ Արցախ ներխուժումը նոյնիսկ նոր ցեղասպանութիւն իրականացնելու գնով: Հետեւաբար, թուրքերու կողմէ հայերու դէմ երկրորդ եւ վերջին ցեղասպանութեան վտանգը այժմ շատ մեծ է: Թրքական նոր ցեղասպանութեան վտանգ դիմակալող Հայաստանն ու Արցախը պէտք չէ անտեսուին եւ լքուին իրենց ճակատագրին ո՛չ ԱՄՆ-ի/ԵՄ-ի, ոչ ալ Ռուսաստանի եւ Իրանի կողմէ։ ԱՄՆ-ն/ԵՄ-ն, Ռուսաստանն ու Իրանը պէտք է զօրակզին զոյգ հայկական հանրապետութիւններուն՝ շարունակ ծառայելու որպէս համաթուրքական կայսրութեան ստեղծման ճանապարհին: Հարկաւոր է Հայաստանին եւ Արցախին օժանդակել արագօրէն դառնալու կայազօրային պետութիւններ, որպէսզի ոխերիմ թշնամիներուն՝ հայութեան դէմ հարձակում գործելու ախորժակները զսպեն։