Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան նշանակուեցաւ Թելաւիի մարզիչ, այս մասին յայտնեց վրացական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
49 տարեկան մասնագէտին մարզչական խմբակին մէջ ընդգրկուեցան նաեւ Արթուր Մկրտչեան եւ Արտակ Օսէեան:
Նշենք, որ Մինասեանի վերջին ակումբն էր ղազախական Թարազը:
Վրաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Թելաւի կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը (տասը խումբերուն մէջ):
Անոր հսկողութեամբ Թելաւի արդէն իսկ սկսած է իր փորձերուն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *