Համաձայն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ նախօրէին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու, երկու երկիրներու սահմանապահները մարտի վերջին օրերուն Կոռնիձորի կամուրջի հատուածի երկայնքին պէտք է տեղակայուէին սահմանի երկու կողմերուն մէջ, կը յայտարարէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնըըստ էութեան արձագանգելով Պաքուի պնդումներուն: Ո՛չ Երեւանը, ո՛չ ալ Պաքուն տակաւին չեն յստակացներ, թէ ո՛ւր եւ յստակ ինչի՛ շուրջ պայմանաւորուած են: Տեղակայման ընթացքին, սակայն, ըստ հայկական Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ի յայտ եկած են քարտէսներու տարընթերցումներ: «Որոշ տեղերու մէջ ազրպէյճանական կողմը, չսպասելով նախապէս պայմանաւորուած ճշգրտումներուն, սկսած է դիրքաւորուիլ եւ իրականացուցած է աշխատանքներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ»: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կ՛աւելցնէ, որ հայկական կողմի հաշուարկներով հինգ այդպիսի կէտ կայ, ուր ազրպէյճանական կողմը սահմանէն 100-է 300 մեթր աւելի առջեւ տեղակայուած է: «Խնդրոյ առարկայ հատուածին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը դիրքեր չէ ունեցած, որովհետեւ դիրքեր կը տեղակայուին ոչ թէ սահմանի գիծին վրայ, այլ մօտակայ ռազմավարական բարձունքներուն վրայ: Իսկ սահմանի այդ հատուածին պահպանութիւնը պէտք է անցնէր սահմանապահ զօրքերուն
համաձայն վերը յիշատակուած պայմանաւորուածութեան», կը նշէ ծառայութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ իրաւապահ կառոյցը յիշատակած է 2022 թուականի օգոստոսին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, համաձայն որոնց1 ապրիլ 2023-էն Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի միջանցքը պէտք է աւարտի Կոռնիձորի կամուրջին մօտ: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը Բերձորի միջանցքին կապող երթուղին 1 ապրիլէն պիտի անցնի Կոռնիձոր-Տեղ երթուղիով միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով: Նախորդ օգոստոսէն ետք Բերձորի միջանցքը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող
ճամբուն մէկ հատուածըԿոռնիձորի կամուրջէն ետք կրկին կ՛անցնէր Ազրպէյճանի տարածքով: Ճամբու այդ հատուածը իր ամբողջ երկայնքով եւ իր յարակից տարածքով կը վերահսկուէր Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ ուժերուն կողմէ, կը հաղորդէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կրկին յղում կատարելով օգոստոսեան պայմանաւորուածութիւններուն:
Այժմ, ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ երկու կողմերու քարտէսագիրները ճշգրտեն իրավիճակը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *