Գրեց՝ Աբօ Չափարեան

Ապրիլի 10-ին Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու (AYF-WUS) Կեդրոնական Գործադիրը (ԿԳ) բաց նամակով դիմած է Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Ամերիկայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Առաջնորդարանին՝ փոխանցելու Կլենտէյլի Սբ. Մարիամ Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցին վերջերս տեղի ունեցած միջադէպի առնչութեամբ: Ըստ ՀԵՀ-ի յայտարարութեան, 2023 թուականի Ապրիլի 9-ին, Սբ. Զատիկին, ՀԵՀ-ի Կլենտէյլի «Ռուբէն» մասնաճիւղի երկու անդամներ կը բաժնէին Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած ՀԵՀ-ի ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԸ քարոզող թռուցիկներ: Մի քանի տասնամեակներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միջոցառումներու մասին ազդարարող թռուցիկներ, որոնք կազմակերպուած են Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Կոմիտէի (AGCC) կողմէ, միշտ տեղադրուած են կայանուած ինքնաշարժներու վրայ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ կայանատեղիէն ներս, ինչպէսեւ Արեւմտեան Առաջնորդարանի այլ եկեղեցիներու եւ այլ վայրերու մէջ: AYF-ի ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԸ համայնքի միասնական Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմին – AGCC-ի կողմէ աջակցուող միջոցառումներու խմբաւորման մէկ մասն է: Կարեւոր է նշել որ թէ՛ Արեւմտեան Առաջնորդարանը, թէ՛ AFY-ՀԵԴ-ն AGCC-ի անդամկազմակերպութիւններ են: ՀԵՀ Կեդրոնական Գործադիրը մանրամասնեց. «Անընդունելի դէպքը տեղի ունեցաւ, երբ մեր երկու ՀԵՀ անդամներուն, կայանուած ինքնաշարժներու վրայ թռուցիկներ տեղադրած ժամանակ, անհատներ մօտեցան, որոնք կը պնդէին, թէ կը հսկեն եկեղեցւոյ շէնքը, եւ անոնցմէ պահանջեցին տարածքէն հեռանալ: Ի դէպ, այս նոյն անձինք (Տես ամբողջական նամակը Է3-ի մէջ) նոյնպէս մաս կը կազմեն անօրինական խմբի, որ կը պնդէ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէ ներս (ՀՅԴ-WUS): Անտեսելով այն փաստը որ AYF-ի անդամները յստակ թոյլտւութիւն ունին տարածելու թռուցիկը AGCC-էն ներս Առաջնորդարանի ներկայացուցչէն, որ իր հերթին տեղեկացուցած է Առաջնորդ Սրբազանին եւ թոյլտւութիւն ստացած է բաժանելու թռուցիկները Ապրիլի 24-ի վերաբերեալ, այս անձինք, պնդելով, որ իրենք եկեղեցւոյ պատասխանատուներն են, հրամայեցին իրենց անվտանգութեան աշխատակիցներուն հանելու բոլոր թռուցիկները եւ նետելու աղբարկղը՝ միաժամանակ անյարգալից եւ վախեցման վերաբերմունք ցուցաբերելով մեր ՀԵՀ անդամներուն»։ «Դժբախտաբար, այս՝ նորագոյն հնարքն է համակարգուած միջադէպերու շարքին, որոնց շարքին՝ մեր ՀԵՀ-ի անդամութիւնը գրաքննութեան ենթարկուած, թիրախաւորուած եւ արգիլուած են այս անօրինական խմբի կողմէ համայնքի հաւաքավայրերէն ներս, բոլորն ալ՝ անհիմն»: ՀԵՀ Կեդրոնական Գործադիրի «Անօրինական խումբը» նկարագրութիւնը կրնայ վերաբերիլ ՀՅԴ-ի մէկ հատուածին, որ կը վերահսկուի ինքնահռչակ դաշնակցական ԱՄՆ-ի արեւմտեան օլիգարխ Վիգէն Յովսէփեանի կողմէ: Ըստ երեւեյթին, Յովսէփեանի կլանը կը վերահսկէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդը։ Արդար է ակնկալել, որ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու դէմ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան շարունակւող ահաբեկչական ագրեսիայի լոյսի ներքոյ եւ այնպիսի հանդիսաւոր առիթով, ինչպիսին է 1915-1923-ի Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 108- րդ տարելիցը, բոլոր ներքին տարաձայնութիւնները մէկ կողմ դրուին։ Թէկուզ մէկ օրուայ համար: Ամերիկահայ համայնքներուն համար Ցեղասպանութեան հետ կապուած միջոցառումներուն զանգուածային մասնակցութեան վրայ կեդրոնանալը պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն բոլոր հայ անհատներու, խումբերու եւ կազմակերպութիւններու համար: Բայց, ինչպէս կ՛երեւի, պարոն Վիգէն Յովսէփեանն ու կլանը այդպէս չեն մտածեր։ Անոնք շատ աւելի կը նախընտրեն անձնական վրէժխնդրութեան դիմել նոյնիսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման աւելի լայն ջանքերու ոտնահարման ՙսաբոտաժի՚ գնով: Ասիկա զզուելի է: Այն պէտք է դադարեցուի: Ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ Յովսէփեան ապաշնորհ գործունԷութեան մէջ կ՛ինայ։ 2019-ի Օգոստոսին Վիգէն Յովսէփեան եւ Արեւմտեան թեմի մէնատէր Արք. Յովնան Տէտէրեան փորձած են ինքնակոչ դառնալ՝ ԱՄՆ-ի արեւմտեան հայ համայնքի միակ ներկայացուցիչներ կամ առաջնորդներ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Լոս Անճելըս կատարելիք պաշտօնական այցի ընթացքին։ 16 Օգոստոս 2019-ին Յովսէփեանն ու Տէրտէրեանը հապճեպ կերպով հաւաքեցին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայկական կազմակերպութիւններու փոքր խումբ մը՝ «ձեւաւորելու» մեծ հնչեղութիւն ունեցող նոր հովանոց՝ «Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համահայկական Խորհուրդ»: Ի պատասխան այս գրողի Օգոստոսի 23-ի USA Armenian Life-ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի մէջ հրապարակուած «Երկու ինքնահռչակ մէնտէրեր Լոս Անճելոսի մէջ կը փորձեն հափշտակել հայ համայնքի ղեկավարութիւնը առանց ժողովրդական ընտրութիւններու» վերնագրով յօդուածին, Յովսէփեան յայտնուեցաւ Horizon TV/

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *