Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային իրավիճակի կայունացման ու երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած հայկական կողմին ջանքերը կը բախին պաշտօնական Պաքուի չդադրող յարձակողական հռետորաբանութեան եւ շարունակական ռազմական ոտնձգութիւններուն, յայտնած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու արտաքին գործերու Նախարարներու Խորհուրդի նիստին:
Որպէս անոնց հերթական դրսեւորումներէն մէկը Արարատ Միրզոյեանը նշած է Ապրիլ 11-ին ՀՀ տարածքինՍիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի հատուածին մէջ իրականացուած սադրանքը, ըսուած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: Շեշտուած է, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները կը հակասեն Փրակի եւ Սոչիի հանդիպումներու արդիւնքներով ընդունուած յայտա-րարութիւններուն: «Ատրպէյճանի կողմից Լաչինի միջանցքի արդէն չորս ամիս շարունակուող ապօրինի արգելափակման ծիրին մէջ ընդգծուել է, որ Հայաստանը ներգրաւուած բոլոր կողմերից ակնկալում է գործուն քայլերստանձնած պարտաւորութիւնների, ինչպէս նաեւ Արդարատադութեան Միջազգային Դատարանի Փետրուարի 22-ի որոշման անշեղ կատարման, Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի վերական-գնման ուղղութեամբ խստագոյնս հետեւելով 2020թ. Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Անդրադառնալով եռակողմ յայտարարութեան միւս դրոյթներու խախտումներուննախարարը մատնանշած է, որ հակառակ միջազգային հանրութեան, հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու բազմաթիւ կոչերուն Ատրպէյճանը կը շարունակէ ապօրինաբար պատանդառութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձերը` անոնց նկատմամբ իրականացնելով շինծու դատավարութիւններ եւ ենթարկելով անմարդկային վերաբերմունքի:
Ուզպեքիստանի Սամարղանտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող նիստին իր ելոյթին ընթացքին Միրզոյեան նշած է, որ չնայած բոլոր դժուարութիւններուն, հայկական կողմը հա-ւատարիմ է առկայ յանձնառութիւններուն եւ պատրաստ է գործադրելու բոլոր ջանքերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *