Month: May 2023

Հենրիխ Մխիթարեան Պիտի Բացակայի Նափոլիի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ա. Սէ. Միլանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ Լիկ») վիրաւորեց իր ձախ ազդրը, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այս շաբաթավերջին Նափոլիի դէմ տեղի ունենալիք…

Ըստ Միրզոյեանի՝ Որոշ Հարցերու Գծով Հայաստան-Ատրպէյճան Դիրքորոշումները Բաւական Հեռու Են Իրարմէ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 22 Մայիսին մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ուաշինկթընի մէջ կայացած բանակցութիւններուն մասին՝ դիտել տալով, որ որոշ յառաջընթաց ձեռք բերուեցաւ այն առումով, որ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի երկու յօդուած…

Ռուսիոյ Պատրիարքը Իր Միջնորդութիւնը Կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Կրօնական Ղեկավարներուն

Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլը իր միջնորդութիւնը առաջարկած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կրօնական ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութեան համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ռուս պատրիարքը յայտարարած է Քազանի մէջ…

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԵՐԵՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՀԵՄ, ՀՄԸՄ ԵՒ ԵՀԲՄ

20 Մայիս, 2023 Երուսաղէմ Անցած շաբաթներու ընթացքին, բազմաթիւ խաղաղ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Սաղիմահայ գաղութի կողմէն, ընդդէմ Հայոց կալուածներու նենգաւոր վարձակալութեան։ Մասնաւորապէս ի յայտ եկան որոշ հանգամաներներ որոնք ցոյց կու…

AANSI ՀՈՒՄԱՆԻՏԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՋՈԿԱՏԸ (ԲՐԻԳԱԴԸ) ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԳՈՐԾՈՒՂՂՈՒԵԼՈՒ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՎԱՐԺՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ (2023թ. Oգոստոսի 5-12)

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ Աշխարհի հայութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ Հայաստանն ու Արցախը լքուած չեն իրենց ճակատագրին: Հայկական դարաւոր յանձնառութիւն նորոգուեցաւ Հայաստանի Առաջին Դէմոկրատական Հանրապետութեան (1918-1920) արշալոյսին հայ լեգեոնական տպաւորիչ շարժման…