Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ա. Սէ. Միլանի դէմ տեղի
ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ Լիկ») վիրաւորեց իր ձախ ազդրը, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այս շաբաթավերջին Նափոլիի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ:
Նշենք, որ Նափոլի արդէն իսկ ապահոված է ախոյեանութեան տիտղոսը:
