Հայաստանէն առնուազն 12 քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, իրաւապաշտպաններ եւ լրագրողներ 44օրեայ պատերազմի օրերուն թիրախ դարձած են իսրայէլեան Pegasus լրտեսող ծրագիրի, բացայայտեց շարք մը միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուած հետաքըննութիւնը:
Հետաքննութիւնը պարզեց, որ նշեալները լրտեսող ծրագիրին թիրախ եղած են 2020ի Հոկտեմբերէն մինչեւ 2022 Դեկտեմբեր ժամանակահատուածին մէջ:
Թուային ապահովութեան մասնագէտ Ռուբէն Մուրատեան եւ հետաքըն-նութեան մասնակցած կազմակերպութիւնները շատ հաւանական կը նկատեն,
որ թիրախաւորումին պատճառը նշեալ հակամարտութիւնը եղած է: Այլ մասնագէտ մը՝ Արթուր Պապեան, ընդունելով, որ գլխաւոր կասկածելին Պաքուն է, կ՛աւելցնէ, թէ կարելի չէ անտեսել այն հաւանականութիւնը, որ Հայաստանի իշխա-նութիւնները եւս կրնան մեղսակից ըլլայ, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ թիրախներէն ոմանք Երեւանի ներկայ իշխանութիւնները քննադատողներէն են։
Հետաքննութիւնը յայտնաբերած է, որ ծրագիրը թիրախաւորած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան երկու լրագրողներ Կարլեն Ասլանեանը եւ Աստղիկ Բեդեւեանը: Լրտեսական ծրագիրի զոհերէն են նաեւ Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու նախկին պաշտպանը, ՄԱԿի մէկ
պաշտօնեայ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին խօսնակը եւ Հայաստանի քաղաքական ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
«Պատահական չէ, որ մեր հայկական ծառայութեան երկու թղթակիցները, որոնք յայտի են իրենց սուր հաղորդումներով, թիրախ դարձած են Pegasus լրտեսող ծրագիրին: Անոնց տարրական իրաւունքներուն կոպիտ խախտումը վրդովեցնող է եւ մեծ կասկածներ կան, որ պատասխանատուն Ատրպէյճանի կառավարութիւնն է», ըսաւ «Ազատութիւն» կայանի նախագահ Ճէյմի Ֆլայ,
աւելցնելով. «Իշխանութիւնները պէտք է դադարեցնեն խօսքի ազատութիւնը խեղդելու բոլոր ջանքերը եւ ձեռնարկեն անկախ ու թափանցիկ հետաքըննութեան`Հայաստաի եւ Ատրպէյճանի մէջ բացայայտուած Pegasus-ի յարձակումներուն վերաբերեալ»:
Ըստ հետաքննութեան, Pegasus-ը օգտագործուած է նաեւ Ատրպէյճանի մէջ՝ թիրախաւորելու լրագրողների, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ եւ յատկապէս ընդդիմադիր քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Pegasus-ը արտադրուած է իսրայէլեան NSO Group-ին կողմէ եւ ցարդ աշխարհի շուրջ 50 երկրներու մէջ օգտագործուած է գործող եւ նախկին քաղաքական ղեկավարներու, հասարակական-քաղաքական գործիչներու, լրագրողներու, իրաւապաշտպաններու եւ գործարարներու դէմ:
(Քաղուած «Ազատութիւն» կայանի, «Ամերիկայի Ձայն»ի եւ «Էն.Պի.Սի. Նի-ուզ»ի հաղորդումներէն)
