Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի Յատկացումներու ենթայանձնախումբի բարձրաստիճան դեմոկրատ անդամ (Քալիֆորնիայէն) Պարպրա Լի նախագահ Ճօ Պայտընին հասցէագրուած նամակի մը տակ ստորագրելու նպատակովմ արշաւի մը նախաձեռնած է Ներկայացուցիչներու տան մէջ։
Նամակին մէջ, Լի Պայտընի վարչակազմէն կը պահանջէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնը կասեցնել, դատապարտելու համար Արցախի վեցամսեայ պաշարումը։
Լի նաեւ կը դատապարտէ Արցախի եւ Հայաստանի հայութեան դէմ Պաքուի շարունակական սպառնալիքներուն եւ յարձակումներուն նկտամամբ Ուաշինկթընի մեղմ հակադարձութիւնները։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը՝ կոչ ընելով համայնքին, որ իրենց շրջանի քոնկրեսականներուն դիմեն՝ պահանջելով անոնցմէ, որ ստորագրեն Լիի նամակը։
Արշաւին միանալու համար այցելել կայքէջը, իսկ նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *