Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Լոնտոնի մէջ Միացեալ
Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկումներ կատարած են նաեւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան, ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերեալ:
Քննարկումները տեղի ունեցած են Ուքրանիոյ վերակառուցման նուիրուած երկօրեայ միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ:
«Մենք Լոնտոն ենքցոյց տալու մեր աջակցութիւնը Ուքրանիոյ: Ատոր հետ միատեղ մենք պիտի քննարկենք երկկողմանի ու միջազգային հարցեր, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան առնչուած խնդիրներ թէ՛ ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ, թէ՛ ալ այլ ձեւաչափերով», «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ն մէջբերած է Ֆիտանի խօսքերը Պլինքընի հետ հանդիպումէն ետք: Կողմերը քննարկած են ուքրանական ճգնաժամը, երկկողմանի յարաբերութիւնները, յուլիսին Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը:
Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին մասնակցութեան ծիրին մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նախքան այդ հանդիպումներ ունեցած է Աւստրիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Դանիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու իր գործընկերներուն հետ:
Չորեքշաբթի օր Լոնտոնի մէջ ընթացք առած էր Ուքրանիոյ վերականգնման երրորդ խորհրդաժողովը: Երկօրեայ միջոցառումին կը մասնակցէին աւելի քան 1000 օտարերկրեայ հիւրեր 61 երկիրներէ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ գործարար ոլորտի ներկայացուցիչներ: Այս մասին յայտնած է Բրիտանիոյ վարչապետի գրասենեակը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *