Եւրոպական խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէի հերթական հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի պատուիրակութիւնը բարձրացուցին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման հարցը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը:
Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Խաչատրեան նախներկայացուց 28 Յունիսին, Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի կոպիտ խախտումները եւ սադրիչ գործողութիւնները, որոնց պատճառով 4 զինուորներ զոհուեցան:
Ան ընդգծեց, որ Լաչինի միջանցքի շարունակուող փակումը, միջանցքին մէջ կիրախիճէ պատնէշներու տեղադրումը, կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խափանումը, ատելութեան խօսքի եւ սպառնալիքներու միջոցով Արցախի խաղաղ բնակչութեան ահաբեկումը միանգամայն կը վկայեն, որ Ատրպէյճան հետեւողականօրէն կը փորձէ ցեղային զտումներ իրականացնել Արցախի մէջ:
Խաչատրեան Նախարարներու կոմիտէին ներկայացուց 22 Յունիսին ընդունուած «Լաչինի միջանցքով ազատ եւ ապահով մուտքի երաշխաւորումը» ԵԽԽՎի բանաձեւը, որուն միջոցաւ վեհաժողովը կ՛ահազանգէ, թէ ներկայ իրավիճակը կայուն չէ եւ կրնայ պատճառ դառնալ, որ հայ բնակիչները ստիպուած ըլլան հեռանալու իրենց տուներէն եւ համայնքներէն:
Ան ընդգծեց, որ վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջոցով հրատապօրէն հասցէագրել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ կարելի եղածին չափ արագ կազմակերպել Եւրոպական խորհուրդի փաստահաւաք առաքելութիւն:
Խաչատրեան կոմիտէին ուշադրութեան յանձնեց միակողմանի գործողութիւններուն պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու ճգնաժամին վրայ եւ յորդորեց ձեռնարկել յստակ քայլերու՝ ԵԽԽՎի խորհրդատուութեամբ բարձրացուած հարցերը հասցէագրելու եւ Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու կանխամտածուած այս ճգնաժամին արձագանգելու համար:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը ընդգծեց ԵԽԽՎի եւ Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական ճգնաժամի հասցէագրման առումով:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *