Ֆրանսան կը շարունակէ նոր գաղութատիրութեան քաղաքականութիւնը, որուն նոր աճին միտումով Ազրպէյճանը խիստ մտահոգուած է: Այս մասին Պաքուի մէջ Ոչ յանձնառու շարժումի համակարգող գրասենեակի նախարարական հան-դիպումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Ալիեւի համաձայն, Ֆրանսան պէտք է յարգէ Քոմորեան կղզիներու գերիշ-խանութիւնը Մայոթ կղզիին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Նոր Քալետոնիոյ եւ ֆրան-սական անդրծովեան համայնքներու եւ տարածքներու այլ ժողովուրդներու իրաւունքները:
«Ֆրանսայի կառավարման օրերուն տեղի ունեցած ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած է գրեթէ 1,5 միլիոն ալճերիացի: Ալճերիացի մարտիկներու գանկերը մինչեւ օրս կը պահուին Փարիզի թանգարանին մէջիբրեւ ռազմաւար: «Ֆրանսան պէտք է ներողութիւն խնդրէ իր գաղութային անցեալին եւ արիւ- նալի գաղութային յանցագործութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի մէջ, Հարա-ւարեւելեան Ասիոյ մէջ եւ այլուր Ոչ յանձնառու շարժման անդամ երկիրներու դէմ ցեղասպանութեան համար», ըսած է Ալիեւ: Ազրպէյճանի ղեկավարը Ֆրանսան անգամ մը եւս մեղադրած է «գաղութա-տիրական» քաղաքականութեան համար համոզում յայտնելով, թէ Փարիզի քայ-
լերը «դատապարտուած են ձախողութեան»:
«Ցաւօք, Ֆրանսան կը փորձէ նոյն արատաւոր գործելաոճը պարտադրել Հարաւային Կովկասի մէջաջակցելով հայկական անջատո-ղականութեան Ազրպէյճանի Ղարաբաղ շրջանին մէջ եւ օգտագործելով աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը, արտաքին զինուորական ներկայութիւնը եւ օրիանթալիզմի գաղութային քաղաքականութիւնը», ըսած է Ալիեւ: Ալիեւ Հայաստանէն Կը Պահանջէ Զինեալ Ուժերը «Ամբողջութեամբ» Դուրս Բերել Արցախէն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ եթէ Հայաստանը իսկապէս շահագրգռուած է շրջանին մէջ երկար սպասուած խաղաղութեան հասնելու գաղափարով, ապա պէտք է իր զինեալ ուժերը ամբողջութեամբ դուրս բերէ Ղարաբաղէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Հակառակ անոր որ Հայաստանը ստիպուած էր Ղա- րաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս ճանչնալ, սակայն Ազրպէյ- ճանի տարածքին մէջ, ուր ժամանակաւոր տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները, տակաւին կան հայկական զինեալ ուժերու մնացորդներ», ըսած է Ալիեւ զգուշացնելով, որ զինուորական եւ կիսազինուորական կազմաւորումները պէտք է զինաթափուին:
Ազրպէյճանի ղեկավարը դժգոհած է, որ Հայաստանը կը խոչընդոտէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը, մինչդեռ, ըստ Ալիեւի, Երեւանը այդ պարտաւորութիւնը ստանձնած է 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեամբ, ուստի անիկա պէտք է իրականացուի:
Իլհամ Ալիեւ այս մասին խօսքը արտասանած է Ոչ յանձնառու շարժման անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Պաքուի մէջ կայացած հաւաքի ընթացքին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *