Դրացի երկրի գերիշխանութեան նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններու յաւելեալ մէկ բացայայտ քարոզչութիւն. Պաքու Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն եղանակի տեսութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ներառեալ մայրաքաղաք Երեւանը, կը ներկայացնէ իբրեւ Ազրպէյճան: Այս մասին իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
«Հիւանդ պատրանքներն ու թշնամական հռետորաբանութիւնը պէտք է կտրականապէս մերժուին», աւելցուցած է ան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *