Գրեց՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի դատական կորուստներու վերջին ալիքը հանրային իրազեկման եւ քննարկման կիզակէտին մէջ բերաւ շարք մը առանցքային ներ:
Հարցում. Քանի՞ փաստաբաններ Քալիֆոռնիա նահանգի մէջ, որտեղ կը գտնուի Արեւմտեան Թեմը, ձեռնպահ մնացած են կամ ուղղակիօրէն մերժած են Արեւմտեան Թեմի ղեկավարութեան կողմէ ներկայ առաջնորդ Հովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի օրոք յարուցուած անլուրջ դատական գործեր ստանձնել:
Պատասխան. Թեմի հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, Քալիֆոռնիոյ իրաւաբաններու զգալի մաս մը ձեռնպահ մնացած է Արեւմտեան Թեմի կողմէ յարուցուած մեծ թիւով գործերու ստանձնումէ: Կը հաղորդուի, որ ինքնայարգանք ունեցող փաստաբաններու զգալի մէկ մասը, մերժելով այդ գործերը ստանձնել, նշած է, որ այդ գործերէն շատերը «անհիմն» են, եւ որ արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան եւ անոր «գործընկերները» չունին հիմնաւոր իրաւական հիմքեր դատական այդ գործերը յարուցելու համար:
Մի քանի տասնամեակ առաջ, նոյնիսկ Արեւմտեան Թեմի համակիրներէ մէկը, որ խնդրեց անյայտ մնալ, կը հաղորդէ, որ արք. Տէրտէրեանին խորհուրդ տուած է խուսափիլ այդ դատական գործերը յարուցելէ, քանի որ «անոնք կրնան լուրջ վնաս հասցնել Հայ եկեղեցւոյ բարի համբաւին ընդհանրապէս»:
Բայց արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան «ապշեցուցիչ կերպով պատասխանեց, որ «Ոչ մէկ խնդիր չի կայ: Մենք շատ փող կ՛աշխատենք»: Տեսանք ինչպէս, համայնքը ականատես եղաւ «շատ փող աշխատելու» նախանձախնդրութեան, երբ արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ հովիւ Մանուկ Մարգարեան բռնուեցաւ Քալիֆոռնիոյ դատարաններու մէջ, երբ ան դատաւորի կողմէ ճանաչուեցաւ որպէս «Ծայր աստիճան անվայել ստախօս»։
Կարեւոր զարգացումկապուած հովիւ Մանուկ Մարգարեանի
դատարանի մէջ « Ծայր աստիճան անվայել ստախօսի» կարգավիճակի հետ:
Դատական գործի վերաբերեալ հ. B321087 – Divine Food and Catering, LLC ընդդէմ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի cons w B321605 [Դատական լսարանի գործ No. 21STCV38713]: Օրեր առաջ USA Armenian Life Քալիֆոռնիա Նահանգի Վերաքննիչ դատարանի, ԵՐԿՐՈՐԴ ՎԵՐԱՔՆՆԻՉ ՇՐՋԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔէն, ապահովեց այս հարցով 2023 թուականի Յունիսի 21-ին տեղի ունեցած բանաւոր արակութեան ձայնագրութիւնը որ մի քանի օր ետք USA Armenian Life-ի խմբագրական թիմն իր բացայայտումներով կը փոխանցէ հետագրգրուած ընթերցողներու եւ հեռուստադիտողներու, ինչպէս նաեւ համայնքի նոյնքան մտահոգ անդամներու:
Ի տարբերութիւն փաստաբաններ Պրայըն Ս. Քապաթեքի եւ Շանթ Գառնիկեանի, հետաքրքրական է, որ շարք մը ինքնայարգանք ունեցող փաստաբաններ, ըստ տեղեկութիւններու, ձեռնպահ մնացած են կամ բոլորովին մերժած են ներկայացնել Արեւմտեան Թեմի լայնօրէն վարկաբեկուած ղեկավարութիւնը, հիմնականին մէջ, Արք. Տէրտէրեանը եւ իր գլխաւոր գործարար բանակցող եւ պատուիրակ հովիւ Մանուկը ու իր որդին՝ Յարութը:
Տէրտէրեան արքեպիսկոպոս եռեակի՝ Արեւմտեան Թեմի Արք. Տէրտէրեան, անոր գլխաւոր ներկայացուցիչը՝ Հովիւ Մանուկ Մարգարեանը եւ որդի Յարութը, վերսկսած են ընդլայնուած բանավէճ՝ «Ի՞նչ կը սպասուի Արեւմտեան Թեմին եւ փաստաբաններ Պրայըն Ս. Քապաթեքին եւ Շանթ Գառնիկեանին »
Արեւմտեան Թեմի բազմաթիվ աջակէներու եւ հաւատացյալներու տեսակետէ, այս փաստաբանները նախընտրa] են փորձել ահաբեկչական մարտավարութիւն՝ լռեցնելու USA Armenian Life հետաքննող լրագրողներwuն: Բայց անօգուտ։
Իրաւաբաններ Պրայըն Ս. Քապաթեքի եւ Շանթ Գառնիկեանի ամերիկահայ հորիզոնի վրայ յայտնուիլը եւ որպէս անլուրջ դատավարութիւններէ շատերու նախաձեռնողներ, եւս մէկ բանավեճ հրահրած է հարաւային Քալիֆոռնիոյ եւ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
Ընդհանուր մարտահրաւէրը, որ կը դիմակալեն Հայրենիքն ու ամերիկահայ սփիւռքը Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մէջ, անբարեխիղճ փաստաբաններու առկայութիւնն է, որոնք ամեն ինչ կ՛ընէին «մեծ փողերու կամ 15 վայրկեաննոց փառքի» տիրանալու համար։
Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը չափազանց հոգնած է այն փաստաբաններէ, որոնք փաստացիօրէն կը խոչընդոտեն արդարադատութիւնը՝ ծայրագոյն իրավիճակ ստեղծելով Հայաստանի քրէական արդարադատութեան համակարգի մէջ՝ պաշտպանելով նախկին նախագահներ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի օրոք նախկին գողապետատական ռեժիմներու շարք մը առանցքային անդամներու։
Ահա ամերիկահայերու կողմէ բարձրացուած հիմնական հարցումները.
1) «Ինչպէ՞ս կ՛աւարտուի այս ամենը եւ ե՞րբ մեղաւորները վերջապէս պատասխանատւութեան կ՛ենթարկուին շարք մը ստոր գործողութիւններու համար, որոնցով անոնք զբաղուած են»:
2) «Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հայ ազգը վերահսկողութեան տակ կը դնէ օսմանսովետական հայ մաֆիային թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ»։
3) «Արդէօ՞ք փաստաբաններ Պրայըն Ս. Քապաթեք եւ Շանթ Գառնիկեան օրինական պաշտպան փաստաբաններ, թէ՞ իրաւաբանական վարձկաններ են»։
Ժամանակը ցոյց կուտայ:
Բայց մէկ փաստ մը պարզ է համայնքի հազարաւոր անդամներու մտքին մէջ՝ արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, հովիւ Մանուկ Մարգարեանի եւ որդի Հարութի, անոնց կլանակից Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի, անոր արիւնակից եղբօր՝ Ռուսաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Մոսկուայի Եզրասի։
Անոնց ժամանակը հասած է իր աւարտին։