Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան ապահովեց «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2023-2024 տարեշրջանի զտումի Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը, որ երթին Երեւանի մէջ արձանագրած էր
2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը Էսթոնիոյ բաժակակիր Նարվա Թրանսի դէմ, իր յաղթանակը կրկնեց անոր դէմ, այս անգամ անոր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով: 8-րդ վայրկեանին, երեւանեան կազմին առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արտակ Դաշեան: 14-րդ վայրկեանին պրազիլցի յետսապահ Ժունինիօ արդիւնքը կրկնապատկեց, մինչ 66-րդ վայրկեանին պոսնիացի Լուքա Եուրիքիչ արդիւնքը վերածեց 3-0-ի: Մրցումին 76-րդ վայրկեանին Լեւոն Վարդանեան չյաջողեցաւ ի նպաստ Փիւնիկի շնորհուած փենալթին կոլի վերածել: Նշենք, որ Փիւնիկի կատարած այս մրցումին հայ ֆութպոլասէրներ, որոնց կարգին փոքրեր, եկած էին քաջալերելու հայրենի մարզիկները:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Փիւնիկ Երեւանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Քալմարը (Շուէտ):
Իր կարգին, յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Արարատ Արմենիա: Վարդան Մինասեանի գլխաւորած կազմը, որ հիւրը եղաւ Էկնաթիային (Ալպանիա), փենալթիներով 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքը պիտի շարունակէ:
Երթի մրցումին, հայրենի կազմը իր դաշտին վրայ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, մինչ դարձի մրցումին 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Անոնց օրինակին հետեւեցաւ նաեւ Հայաստանի երրորդ ներկայացուցիչը Ալաշկերտ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Արսենալ Թիվադը (Մոնթենեկրօ)անոր դաշտին վրայ արձանագրելով 6-1 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը (երթ 1-1):
Վահէ Գէորգեանի գլխաւորած կազմէն պրազիլցի յառաջապահ Ակտոն հանդիսացաւ հեթրիքի հեղինակ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *