Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Հայկ Մարտիրոսեան տիրացաւ «Պիել Չես Ֆեսթիվալ Պլիթզ» կայծակնային մրցաշարքի տիտղոսին:
Մարտիրոսեան, առաւելագոյն 13 կէտէն ապահովելով 11 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը:
Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց անոր ձեռք ձգած այս կարեւոր նուաճումը եւ անոր մաղթեց նորանոր նուաճումներ` յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն:
