Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, «Տինամօ Մոսկուա»ն, որ հիւրընկալեց «Քրասնոտար»ը, արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+6րդ), Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արսէն Զաքարեան նշանակեց «Տինամօ Մոսկուա»ի յաղթանակի կօլը:
Նշենք, որ «Քրասնոտար»ի կազմէն իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեան, որ փոխարինուեցաւ 84րդ վայրկեանին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի այլ միջնապահ մը եւ անոր խմբակից Էդուարդ Սպերցեան կախակայուած ըլլալով մրցումէն՝ չմասնակցեցաւ:
Յայտնենք, որ կարգ մը եւրոպական ակումբներ, ներառեալ անգլիական «Չելսի»ն, կը ջանան իրենց կազմին միացնել 20ամեայ Զաքարեանը։
