ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
4 Օգոստոս 2020, ուշ երեկոյ:
Հիւանդանոցին դուռին առջեւ կանգնած ենք ես ու մայրսվիրաւոր: Ահաւոր է պատկերը եւ բաւական ցնցիչ… Ամէն տեղ եւ ամէն ինչ կարմիր է, ամէն բան անբնական է, ամէն կողմ ապակիի բեկորներ նոյնիսկ մարդոց մար-միններուն մէջ: Ժամեր առաջ մեզ ընդունած «Ապու Ժաուտէ» հիւանդանոցն ալ, միւսներուն նման, այլեւս անկարող դարձած է ներս առնելու վիրաւորներ, որոնք դրան առջեւ կ՛աղաչեն, բժշկական օգնութիւն կ՛աղերսեն, մայր մը նոյնիսկ դուրսըկառատան մէջ վիրաւոր մը խնամող հիւանդապահուհիին առջեւ կը ծնրադրէ, կը խնդրէ, որ իր վիրաւոր եւ մահուան ճիրաններուն մէջէն դուրս գալու պայքար մղող որդիին ալ օգնութեան հասնի… Բեռնատարներով դիակներ կը բերուին եւ կը զետեղուին դուրսը իրա-րու կից ու վրայ, ովքե՜ր են անոնք, արդեօք որքա՜ն մեծաթիւ մայրեր ու հայրեր, հարազատներ կը փնտռեն հոն կողք-կողքի սալայատակին վրայ տեղադրուողները…
Կարծէք պայքարի դաշտի մէջ ենք, մահն ու կեանքը այդ նոյն տարածքին մէջ դէմ յանդիման են, կռիւ է ահաւոր, բժիշկներ կը փորձեն կեանքի յաղ-թանակը ապահովել, սակայն մահը այնքան ծանրակշիռ է, որ չ՛ուզեր խնայել ոեւէ մէկը… Բայց եւ այնպէս բժշկական կազմին վճռականութիւնն ու իրենց երդումին նկատմամբ հաւատարմութիւնը հրաշքներ կը գործեն:
Հակառակ պնդումներուս, որ եղբայրս անկարելի է հիւանդանոցը առան-ձին ձգել, մեզ տանելու եկած բարեկամս կը համոզէ, որ անիմաստ է մեր այս վիճակին մէջ հոն մնալը, կը խոստանայ անպայման վերադառնալ, եղբօրս բջիջայինը բերել իրեն, որպէսզի մեզի հետ կապի մէջ մտնէ:
Ինքնաշարժին մէջ նստած եմ անխօս, որքան կը մօտենանք պայթումին մերձակայքը գտնուող շրջաններուն, այնքան աւելի կը մթագնի պատկերը, կ՛աւելնան աւերները, աւելի յաճախ կը հանդիպինք վիրաւորներու եւ դիակ-ներու…
Այլեւս համոզուած եմ, որ իրական են այս բոլորը, համոզուած եմ, որ տան մեր հանգստաւէտ բազկաթոռներուն մէջ նստած երեւակայածին ժապաւէն մը չենք դիտեր, այլ մենք ինքներս ենք ժապաւէնի դերակատարները, վերապրող հերոսները գուցէ:
– Ո՞ւր պիտի երթանք,- հարց կու տայ մայրսկարծես փափաքելով «տուն» բառը լսել, հակառակ անոր որ լաւապէս կը գիտակցի, թէ մեր տունը այլեւս երդիք մը չէ, որ մեզի կրնայ ապահովութիւն եւ հանգստաւէտութիւն տալ, այլ աւերակներու կոյտի վերածուած է: Ոչ ոք կը պատասխանէ արդէն իսկ պատասխանի չսպասող մօրս: Կը հասնինք քրոջս շէնքը, ուր եւս մեծ են քանդումները, ապակիները կը խշրտան մեր ոտքերուն տակ: Մայրս բարեկամուհիի մը ընկերակցութեամբ, ու ես դանդաղ կերպով կը սկսինք բարձրանալ աստիճաններէն. իւրաքանչիւր յարկի վրայ բնակիչներ համախմբուած են ու կը գանգատին, կը պատ-մեն իրենց ապրածին մասին, սարսափահար է ամէն մարդ անխտիր, իւրա-
քանչիւրը ունի ի՛ր պատումը, սակայն հազիւ մեզ տեսածբոլորը քար լռութեան կը մատնուին, կը նային մեզի, իրարու, ոմանք կը յուզուին, ուրիշներ ի զուր բառեր կը փնտռեն առանց յաջողելու, ոմանք օգնութեան ձեռք կ՛ուզեն երկարել, մեր պարզած ահաւոր պատկերին դիմաց, կարծէք կը մոռնան իրենցը: Բայց իմ միտքս հոն չէ, սիրտս ուրիշ տեղ է այդ վայրկեանին, մտահոգ եմ, ի՞նչ պիտի ընէ քրոջս աղջիկը Տեսիլը, որ, թէեւ մեզի հետ էր պայ-թումի ահաւոր պահուն, բայց հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ հակազդեցութիւնը տեսնելով մեզ, յատկապէս զիս, որ բաւական արտառոց վիճակ մը ունէիգլխուս վիրակապերով, արիւնլուայ հագուստներով: Կը հասնինք չորրորդ յարկ, քոյրս կը բանայ դուռը փորձելով յայտնի չընել իր տակնուվրայ, յուզուած եւ այլայլած վիճակը:
– Ո՞ւր է Տեսիլը,- կը փսփսամ, ուզելով անհետանալ այդ երկվայրկեանին, որպէսզի սարսափ չպատճառեմ թանկագին մանուկիս:
– Քնացաւ, լոգցուցի, ուղղակի քնացաւ, լա՛ւ է, մի՛ մտահոգուիր,- պատասխանը լսելով կը խաղաղիմ:
ՔոյրսՎերան, կը փորձէ առաւելագոյն հոգատարութիւնն ու հանգստու-թիւնը ապահովել մեզի: Կ՛առաջարկէ լոգնանք եւ, հակառակ չափազանց զգայուն ըլլալուն, հերոսաբար կը ստանձնէ մեր արիւնները մաքրելու ծանր լուծը: Բաղնիքն ենք առատ ջուրը կը հոսիդժուարանալով իրեն հետ տանիլ չորցած ու լերդացած արիւնը, բայց Վերան միշտ հարցնելով, եթէ կը ցաւցնէ, վճռական է, անդադար կը սրբէ ու կը փորձէ ջնջել ամէն հետք մարմնիս վրայէն: Կը փորձեմ գտնել աչքերը, թափանցել անոնց խորը եւ հոն կարդալ, թէ գերզգայուն քոյրս որքա՛ն կը տանջուի այդ պահուն, բայց կարծես կը խուսափի շեշտակի աչքերուս նայելէ եւ դրական պատասխան կու տայ իմ կրկնուող հարցումներուս. «Վերա լա՞ւ ես, կը դիմանա՞ս»:
եռուէն Տեսիլին նայելէ ետք, խուսափելով իրեն շատ մօտենալէ, կ՛ուղղուիմ հիւրասենեակ, ուր պատկերասփիւռէն սփռուող պայթումին նկարներն ու տեսագրութիւնները կրկին զիս դէմ յանդիման կը դնեն եղած դառն իրականութեան: Կը դիտենքփորձելով հասկնալ եղածը, Պէյրութ մայրաքաղաքը վիրաւոր է կրկին, ամէն կողմ մահ ու աւեր, անդամահատուած է անիկա իսկապէս, իր փողոցներուն մէջ արիւնաքամ կ՛ըլլան իր իսկ զաւակ-ները, որոնցմէ ոմանք կորսնցուցին իրենց կեանքը, ուրիշներ մարմնի անդամները, ոմանքհարազատները, իսկ մեծամասնութիւնը իրենց երդիքները: Աչքս չեմ կրնար հեռացնել պատկերասփիւռէն` միաժամանակ քրոջս հարց տալով եղբօրս մասին, որուն լուրերը կ՛առնենք իրեն հետ հիւանդանոցը գիշերող ընկերներէն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *