Թիւ Չենք, Մարդ Ենք

Posted on August. 17. 2023

Գրեց՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Ամենօրեայ մեր ներկայ կեանքին մէջ թիւերը իրենց կարեւոր դերը ունին: Թիւերը մեր ամենօրեայ բառարանին անբաժան մէկ մասը կը կազմեն: Օրինակ, երբ մէկը կը փորձէ մեզ խաբել, մեզի սպառնալ, մեզ շահագործել սովոր ենք ըսելու, «Թիւդ ունիմ, կրնամ ոստիկանութեան լուր տալ»: Երբ մէկը մեր գնահատանքին եւ համակրանքին առարկայ է, անոր կ›ըսենք, «Դուն ինծի համար թիւ մէկ բարեկամ ես»: Երբ մէկը իր արհեստին կամ արուեստին մէջ գերազանց տեղ կը գրաւէ իր տաղանդով եւ կատարումով՝ յաճախ կը նկարագրենք զայն իբրեւ «թիւ մէկ» արհեստավարժ կամ արհեստաւոր անձ մը:
Քրիստոսէ հինգ դարեր առաջ, հարաւային Իտալիոյ մէջ կ›ապրէր գիտնական փիլիսոփայ մը՝ Պիւթակորաս անունով, որ «Թուաբանութեան Հայր» կը կոչուէր: Ան կը հաւատար թէ այս աշխարհի մէջ ամէն ինչ թիւերու վրայ հիմնուած է եւ թիւերով կը բացատրուի: Եթէ ան ներկայիս ապրած ըլլար պիտի վկայէր թէ թիւերը որչափ տիրական եւ գործածական են մարդկային ընկերութեան մէջ:
Պահ մը եթէ մտածելու ըլլանք, պիտի նկատենք թէ որչափ թիւեր կը գոր-ծածենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, այն ատեն պիտի անդրադառնանք թէ որ աստիճան կախեալ ենք թիւերէ: Օրինակի համար, ամէնքս ալ ունինք տան
հասցէի թիւ մը, մեր ինքնաշարժերու թիւերը, մեր ինքնաշարժ վարելու արտօնագրի թիւերը, մեր ծննդեան արձանագրութեան թիւը, մեր դրամատան հաշիւներու թիւերը, համակարգիչի թիւերը ու անոր յարակից այլ թիւեր, եւ դեռ երկար շարք մը այլ թիւերու: Եթէ այս բոլոր թիւերը համրելու ըլլանք անոնք տասնեակներու կը հասնին:
Անտարակոյս, թիւերը իրենց բարերար դերն ու կարեւորութիւնը ունին:
Անոնք կը խնայեն ժամանակ եւ մարդոյժ տնտեսական զանազան գործառնութեանց եւ այլ մարզերու մէջ: Անկասկած անոնց գործածութիւնը կը դիւրացնէ մարդոց կեանքը:
Սակայն, թիւերը նաեւ ունին իրենց անպատեհութիւններն ու խոցելի կողմերը: Թիւերու աշխարհին մէջ փորձութիւն կայ մարդ արարածին անհատականութիւնը կորսնցնելու: Մարդ արարածը թիւ չէ, այլ անհատ է, անուն, արժէք եւ արժանապատուութիւն ունի: Թիւերով զայն ճանչնալ եւ զանազանել ուրիշներէ ոչ միայն արդար չէ, այլ նուաստացուցիչ է:
Մարդ արարածը թիւ մը չէ, առարկայ մը չէ, ամբոխին մէջ իր
մը չէ, անբան անասուն մը չէ, այլ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած էակ մը: Ըստ Սաղմոսերգուին, մարդ արարածը փառքով ու պատուով պսակուած էակ մըն է, Աստուծոյ բոլոր արարած-ներուն վերակացուն է (Սաղմոս 8.6): Աստուած հետաքրքրուած է իւրաքանչիւր մարդու կեանքով, անոր մտածումներով եւ գործերով, անոր անցեալով ու ապագայով: (Սաղմոս 139.1-4):
Ըստ մեր Տիրոջ, Յիսուս Քրիստոսի, Աստուած ամէն մէկուն կեանքին համար ծրագիր մը ունի եւ ոչինչ կը վրիպի անոր ուշադրութենէն: Ամէն մարդու մազն իսկ համրուած է (Մատթ. 10. 30):
Այլ խօսքով, այս աշխարհի մէջ ամէն մարդ եզակի եւ առանձնայատուկ անձ մըն է: Չկան երկու անհատներ որ հարիւր տոկոսով իրարու նման ըլլան: Որչա՜փ ալ մարդիկ իրարու նմանին, տակաւին իրարմէ տարբեր են իրենց մարմինով, միտքով, խառնուածքով եւ բնաւորութիւնով: Աստուած իւրաքանչիւր մարդ իւրայատուկ առանձնայատկութիւններով օժտած է: Եւ իւրաքանչիւր անհատ իր դերն ու օգտակարութինը ունի:
Արդ, Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած իւրաքանչիւր մարդու պարտականութիւնն է աստուածային նկարագրի պատկերը ցոլացնել իր ամենօրեայ կեանքով ու կենցաղով: Ամէն մարդու կոչումն ու պարտականութիւնն է արժեցնել այն կեանքը որ Աստուած շնորհած է իրեն: Իւրաքանչիւր անհատ աստուածային նպատակով մը դրուած է այս երկրագունդին վրայ:
Աստուծոյ համար մարդիկ թիւ չեն, այլ բանաւոր, ստեղծագործ էակներ, Ֆիզիքական, մտաւոր եւ բարոյական պարգեւներով օժտուած արարածներ, որոնք կը ծնին ազգի մը մէջ եւ ունին ազգային պատկանելիութիւն: Արդարեւ, ամէն հայ աստուածային կարգադրութեամբ ծնած է, ան պատահականութեան կամ արկածի արդիւնք չէ: Հետեւաբար Աստուծոյ կամքն է, որ ամէն հայ մարդ պահէ իր ինքնութիւնը եւ հպարտ զգայ իր ինքնութեամբ: Ամէն հայ մարդ ապրի հայօրէն եւ արժանապատուութեան վսեմ զգացումով՝պտտցնէ իր ազգային պատկանելիութիւնը: ի զուր չէ, որ հայ բանաստեղծը կը պատգամէ, «Հայ ապրինք եղբայրք մարդկութեան մէջը, հայ կնքել է մեզ պատմութեան էջը»:
Արդ, ո՜վ հայորդի, ծանի›ր զքեզ: Այս աշխարհի մէջ դուն սոսկ թիւ մը չես, այլ մարդ ես, հայ, մարդ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *