Ազրպէյճանի անվտանգութեան ուժերու կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակումը, որ կը խոչընդոտէ Լեռնային Ղարաբաղ որեւէ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ իրերու առաքումը, կը լուսաբանուի զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ 2022 թուականի դեկտեմբերէն եւ կը քննարկուի քաղաքական ղեկավարներու կողմէ: Այս մասին նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի զեկուցում-յայտարարութեան մէջ:
«Իմ աւանդս այն է, որպէսզի բացատրեմ, թէ ինչո՛ւ ասիկա պէտք է նկա-տել ցեղասպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի ազգութեամբ հայերու դէմՑեղասպանութեան մասին հռչակագիրի 2(գ) յօդուածին համապատասխան. «Խումբի համար կեանքի այնպիսի պայմաններու ստեղծում, որոնք ուղղուած են անոր ֆիզիքական ոչնչացման», գրած է Օքամփօ: Անոր համաձայն, այստեղ կազախցիկներ չկան, եւ «չկան կացիններով յարձակումներ», սակայն կայ այլ զէնք քաղցը:
«Քաղցը ցեղասպանութեան անտեսանելի զէնքն է: Առանց անյապաղ իրականացուելիք արմատական փոփոխութիւններու, հայերու այդ խումբը քանի մը շաբաթ ետք պիտի ոչնչանայ:
«Լեռնային Ղարաբաղի ազգութեամբ հայերու քաղցը շատ առումներով ցեղասպանութեան նախատիպ է կենսապայմաններու թելադրման միջոցովուղղուած խումբի ոչնչացման: Ատիկա կ՛եզրափակէ ողբերգական շրջանակը, որովհետեւ «1915 թուականին թուրք կառավարիչներու հայերուն նկատմամբ վերաբերմունքը կ՛ապահովէ յարացոյցը ցեղասպանութեան մա-սին կէտի համար, որ կը վերաբերի կենսապայմաններու պարտադրման: «Իբրեւ մարդ, որ այս ոլորտին մէջ որոշ փորձառութիւն ունի, ինծի համար պատիւ էր աւանդ ունենալ անաչառ հաշուետուութիւն ներկայացնելով, եւ ես պատրաստ եմ օգնելու որեւէ կողմի, որ կը ձգտի կանխարգիլել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական խումբի ոչնչացումը», իր զեկուցումին մէջ ընդ-գըծած է Օքամփօ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *