Արդարութեան շեղում՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու բազմաթիւ ժառանգներու համար. փաստաբաններ Պրայըն Քապաթեք եւ Շանթ Գառնիկեան գիտակի՞ց են, թէ կամա ակամա իւրացումներու գործիք դարձած են
Տեղադրվել է Սեպտեմբերին։ 7. 2023 թ
ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ Գ. ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր հրատարակիչ / կառավարող խմբագիր
USA Armenian Life Magazine (անգլերեն տպագիր հրատարակութիւն)
Հայ Կեանք հայկական շաբաթաթերթ (հայերեն տպագիր հրատարակութիւն)
USA Armenian Life E-Newsletter (Electronic Distribution — e-blast)
ԱՄՆ Հայկական Կեանք FACEBOOK | www.armenianlife.com
Հեռուստահաղորդավար, ԱՄՆ Armenian Life TV AMGA-ում
1999 թուականին Քալիֆոռնիայէն՝ Մարթին Մարութեան եւ 12 այլ հայցւորներ, որոնց շարքին՝ մէկը՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն, խմբակային հայց ներկայացուցին New York Life Insurance Co.-ի դէմ:

2004 թուականին New York Life Insurance Co.-ն համաձայնած է վճարել 20 միլիոն տոլար՝ Լոս Անճելոսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներու կողմէ ներկայացուած հայցը լուծելու համար, որոնք ընկերութեան մեղադրած են հիմնաւոր պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ:
Մի քանի տարի ետք, ԱՄՆ դատարանի մէջ ձէռք բերուած պայմանացրութեան համաձայն, ֆրանսական ապահովագրական ընկերութիւնը՝ AXA-ն, համաձայնած է ժառանգներուն վճարել 17 միլիոն տոլար: Բողերու առիւծի բաժինը յատկացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած AXA-ի ապահովադիրներու հայ ժառանգներուն:
Երկու դէպքին ալ ժառանգներու փաստաբաններն էին Վարդգէս Եղիայեան, Մարք Կիրակոս եւ Պրայըն Քապաթեք։ Այն ձեւը, որով Նիւ Եորք Լայֆ եւ AXA ֆրանսական ապահովագրա-կան ընկերութեանց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման բողերու յատկացումը շատ խնդրահարոյց եղած է։ Կը հաղորդուի, որ միլիոնաւոր տոլարներ չարաշահուած եւ ուղղակի իւրացուած են:
2022 թուականին The Los Angeles Times-ի հետաքննող լրագրողներ Հարրիեթ Ռայըն եւ Մաթ Համիլթըն յօդուածներու շարք մը գրած են, որոնք լոյս կը սփռեն մի քանի դերակատարներու մասնակցութեամբ իւրացումներու բազմաթիւ դէպքերու ամենամութ էջերու վրայ:
Յօդուածաշարը մեծ ընդվզում յառաջացուց ամերիկահայերու եւ սփիւռքի ու Հայաստանի լայն շրջանակներու մէջ:
2022 թուականի Սեպտեմբերին Քալիֆոռնիոյ նահանգային Իրաւաբաններու Վերահսկողութեան Պետական Վարչութեան հետաքննող փաստաբանը յայտարարեց, որ կը հետաքննէ «փաստաբաններ Մարք Ճոն Կիրակոսի (Նահանգային փաստաբան No. 108325) եւ Պրայըն Սթիվըն Քապաթեքի (նահանգային փաստաբան No. 152054) արարքները որոնք փոխկապակցուած Հայոց Ցեղասպանութեան ապահովագրական ֆոնդերու ցրումներու հետ իրականացուած՝ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի մէջ»:

2023 թուականի սկզբին պարոն Կիրակոս զրպարտութեան մասին հայց ներկայացուց The Los Angeles Times-ի դէմ։
Վերջերս USA Armenian Life Magazine-ը ապահովեց դատական փաստաթղթերը, որոնք ցոյց կուտան ակնառու մանրամասներ պարոն Կիրակոսի, անոր գործընկեր Պրայըն Քապաթեքի, Քապաթեքի ենթակայ Շանթ Գառնիկեանի եւ այլոց իրաւաբանական խորամանկ քայ-լերու վերաբերեալ:
Դատական մի քանի փաստաթուղթերէն մէկը ցոյց կուտայ, որ թիւ 23STCV06397 գործով, որը յարուցուած է 2023 թուականի Մարտի 22-ին, ՄԱՐՔ ԿԻՐԱԿՈՍԻ կողմէ ընդդէմ՝ LOS ANGELES TIMES
COMMUNICATIONS LLC-ի՝ LA Times-ի մայր ընկերութեան, Լրագրող-ներ ՓՈԼ ՓՐԻՆԿԸԼի, ՀԱՐՐԻԵԹ ՌԱՅԸՆի եւ ՄԱԹ ՀԱՄԻԼԹՈՆԻ, պարոն Կիրակոսի փաստաբան Թինա Կլանտեանի կողմէ որ կը միտէր ընդդիմանալ LA Times-ի յատուկ միջնորդութեան, որպէսզի չեղարկուի հայցւոր Կիրակոսին պահանջը:
Օգոստոսի սկզբին Քալիֆոռնիոյ նահանգային դատաւորը մերժեց պարոն Կիրակոսի Los Angeles Times-ի դէմ զրպարտութեան մա-սին հայցը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու համար 37 միլիոն տոլար արժողութեամբ փոխհատուցման լուսաբանման համար, զոր յարուցեց նահանգային փաստաբաններու հետաքննութիւնը:
Կը հաղորդուի, որ պարոն Կիրակոսն այժմ գործը տեղափոխած է Քալիֆոռնիոյ Նահանգի Գերագոյն Դատարան: Բազմաթիւ իրաւաբաններ համոզուած են, որ գործը կրնայ դատապարտուիլ նոյն ճակատագրին, ինչ նահանգային Բարձր Դատարանի մէջ:
Դատական փաստաթուղթերը նաեւ ցոյց կուտան, որ շարք մը յայտարարգրեր ներկայացուած են տարբեր անձերու կողմէ ՝ ի պաշտպանութիւն պարոն Կիրակոսի՝ Los Angeles Times-ի դէմ ՙՙզրպարտութեան հայցին՚՚:
Անոնց շարքին էին Պրայըն Քապաթեք, Բենջամին Մեյսելաս, Շանթ Գառնիկեան, Ռոբերտ Քալունեան, Սթենլի Կոլտման, Յարութ Մարգարեան, Մարիա Մեհրանեան, Ժոզէֆ Տանն եւ Բարսեղ Քարթալեանի կինը՝ Անի Քարթալեան, որոնք ի պաշտպանութիւն պարոն Կիրակոսի՝ յայտարարագրեր ներկայացուցած են։
Յայտարարագրերը ուսումնասիրուած են ամերիկահայ համայնքի շարք մը բանիմաց անդամներու կողմէ: Մի քանի գրախօսներ, փաստաբան Շանթ Գառնիկեանի յայտարարագիրը ամենահակասականը համարեցին։
Ուսումնասիրողները պարզեցին, որ պարոն Գառնիկեան փորձած է սպիտակեցնել իր ղեկավար պարոն Քապաթեքի հասցէին հնչեցուած բազմաթիւ կասկածանքներ: Այդ պատճառով՝ ուսումնասի-րողները Գառնիկեանի ջանքերը նկարագրեցին որպէս «անիմաստութեան վարժութիւն»: Այլ խօսքով՝ օդին մէջ կրակուած դատարկ փամփուշտներ:
2022 թուականի Փետրուարին «Լոս Անճելոս Թայմսի» լրագրող-ներուն եւ խմբագրակազմին ուղղուած նամակի մը մէջ պարոն Գառնիկեանի կողմէ կատարուած բազմաթիւ յայտարարութիւնները՝ ի պաշտպանութիւն Կիրակոսի «Լոս Անճելոս Թայմսի» դէմ զրպարտութեան հայցի, անհիմն էին: Օգոստոսի 3-ին Քալիֆոռնիոյ Գերագոյն Դատարանը Լոս Անճելոսի վարչաշրջանի դատաւոր Վենդի Չանկ գրաւոր վճիռ արձակած է՝ բաւարարելով Los Angeles Times-ի յատուկ միջնորդութիւնը՝ կասեցնելու պարոն Կիրակոսի բողոքը ընդդէմ SLAPP-ի կանոնադրութեան համաձայն, որն ուղղուած է դատական հայցերու դէմ, որոնք կը փորձեն լռեցնել ազատ խօսքի իրաւունքը, որ յաճախ կը կոչուի Ռազմավարական Դատավարութիւն Ընդդէմ Հանրային Մասնակցութեան (SLAPP): anti-SLAPP statute, which takes aim at lawsuits that target free speech, often referred to as Strategic Litigation Against Public Participation (SLAPP).
Կարելի է առանց երկւութեան՝ հաւատալ, որ Քալիֆոռնիոյ Գերա-գոյն դատարանի դատաւոր Վենդի Չանկի վճիռը Ճշգրիտ նկատած է The Los Angeles Times-ի մրցանակակիր լրագրողներ Հարրիեթ Ռայնի եւ Մաթ Հեմիլթոնի հետաքննական յօդուածաշարը որպէս փաստացի եւ անառարկելի: Իրենց յօդուածաշարի մէջ տիկին Ռայըն եւ պարոն Համիլթըն ճշգրիտ կերպով բացայայտած էին. «Ինչպէս պարզուեցաւ, Լոս Անճելոսի մէջ կազմակերպուած գործընթացը յանգեցուց անոր, որ դիմորդներու ջնջին մէկ մասը միայն ստացաւ գումար եւ աւելցած է կարեւոր գումար մը»:

Ի՞նչ եղաւ մնացած կանխիկ գումարի հետ որ խոշոր անարդարութեան հետեւանքով աւելցած էր առ ի հետեւանք բազմաթիւ դիմորդներու հայցերու ապօրինի մերժումին:
What happened to the pool of cash left over which was left over as a result of a major injustice for many unpaid heirs?
Դատական փաստաթուղթերը ցոյց կուտան, որ 2022 թուականի սկզբին LA Times-ի լրագրողներ Ռայըն եւ Համիլթըն հարցում ներկայացուցած էին պարոն Քապաթեքին. «Ֆրանսական խորհուրդը եւ պարոն Եղիայեան յայտնաբերած են նաեւ հաշուարկային գումար-ներու կասկածելի այլ դէպքեր՝ 500 հազար տոլարը, որը փոխանցուած է Սուրիայէն՝ Զաւէն Հալէպեանին; 300 հազար տոլարը՝ իրաքցի անձի մը, որու երբէք չեն յաջողած գտնել: 300 հազար տոլար՝ Քարթալեանի հարազատներուն: Ինչպէ՞ս ատիկա տեղի ունեցաւ: Ո՞վ է մեղաւորը»։
Հանդէս գալով որպէս պարոն Քապաթեքի պաշտպան փաստաբան՝ պարոն Գառնիկեան պատասխանած էր. «Մէկ խօսքով, մեղաւորը Պերճ Պօյաճեանն է… 2011թ. Մայիսի 18-ին պրն. Կիրակոս եւ պարոն Քապաթեք Դատարանին ներկայացուցին կարգավիճակի հաշուետվութիւն, որն կ՛ամփոփէր Բարսեղ Քարթալեանի կատարած խարդախութիւնը: Ասիկա ստիպեց պարոն Քապաթեքին եւ Կիրակոսին ի վերջոյ փնտրել անկախ երրորդ կողմ՝ Հաշուարկային ֆոնդի հետաքննութեան համար:
Ռոման Սիլպըրֆելտի հետ մէկտեղ պարոն Քապաթեք եւ Կիրակոս որոշեին վարձել Hotlhouse Carlin & Van Trigt հաշուապահական ընկերութիւնը (Holthouse):
Այն բանէ յետոյ, երբ Հոլթհաուս ներգրաւուեցաւ, պարոն Քապաթեք, պարոն Կիրակոս եւ պարոն Սիլպըրֆելտը յայտնաբերեցին, որ Պօյաճեան հաստատած է 574,425.00 ԱՄՆ տոլար ընդհանուր գումարի ինը հաշւարկային չեքեր, որոնք վճարման ենթակայ եղած են Զաւէն Հալէպլեանին:
Դատի ղեկավար փաստաբանները մինչ այս պահը չէին գիտեր այս մարդու մասին: Հալէպլեան հաստատեց, որ ինքը տեղեակ չէ AXA-ի հատուցման մասին եւ հայց չէ ներկայացուցած: Պօյաճեան չեքերը մուտքագրած է իր հաշուէհամարին՝ օգտագործելով Հալէպլեանի կեղծ ստորագրութիւնը»:
Պարոն Գառնիկեան շարունակեց. «Պօյաճեան հետագային վերադարձուց 559,790 ԱՄՆ տոլարը AXA հատուցման հաշիւին First Re-public Bank-ի մէջ այն բանէ յետոյ, երբ ղեկավար փաստաբանները բացայայտեցին եղելութիւնը:
005–Hovnan The Glue in NYL and AXA funds embezzlement_FLT
… Այսպիսով, ձեր հարցին պատասխանելու համար՝ մեղաւոր էր Պօյաճեան, եւ պարոն Քապաթեքը եւ Կիրակոս անոր գործողութիւնները յայտնաբերելուն պէս զեկուցեցին Դատարանին: … Անվիճելի է, որ Պօյաճեանն ու Քարթալեան մեղաւոր էին այս խարդախ փոխանցումներու համար»:
Պարոն Գառնիկեանի խօսքերով, բազմաթիւ ապացոյցներ կային Kabateck/Geragos-ի մերձաւոր զինակիցներ այժմ կարգազրկուած փաստաբան Պերճ Պօյաճեանի ու Հատուցման Ֆոնդի ղեկավար Բարսեղ Քարթալեանի կողմէ՝ բողերու սխալ օգտագործումներու, չարաշահումներու եւ/կամ իւրացումներու համար: Ինչո՞ւ պարոն Քապաթեք եւ անոր գործընկերները չկրցան նկատել կասկածի տեղ տուող նշանները իրենց զինակիցներու սխալ արարքներու մէջ:
Ի դէպ, Կիրակոսի եւ Քապաթեքի մերձաւոր զինակիցներ Պօյաճեանի, Քարթալեանի եւ կոռումպացուած դրամատան աշխատող Աւօ Աւետիս Մարգարեանի հետ, որ ներգրաւուած է կեղծ չեքերու կանխիկացման մէջ, երկար ժամանակ եղած են Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի սերտ զինակիցները:
006-Attn Attorneys Kabateck_Karnikian_FLT
Աշխարհի շուրջ հայ համայնքի շատ անդամներու համար յստակ է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու բազմաթիւ ժառանգներու համար արդարաւթեան բացայայտ խափանում եղած է: Շատեր հարց կուտան. Արդէօ՞ք փաստաբաններ Պրայըն Քապաթեք եւ Շանթ Գառնիկեան իւրացումներու այս գործողութիւններուն կը գիտակցի՞ն որ կամա ակամա մեղսակիցներ դարձած են: