Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, նախորդ շաբաթավերջին իրենց մրցումները կատարեցին գերծանր քաշային կարգի ներկայացուցիչները:
Մետալներու համար կը պայքարէին աշխարհի փոխախոյեան, Եւրոպայի կրկնակի փոխախոյեան Վարազդատ Լալայեան, Եւրոպայի ողիմպիականի կրկնակի փոխախոյեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեանՍիմոն Մարտիրոսեան եւ Հայաստանի հաւաքականի կազմին հետ ողիմպիական փոխախոյեան, Պահրէյնը ներկայացնող Գոռ Մինասեան:
Երկամարտի մրցումներուն, արձանագրելով 460 քկ արդիւնք մը (212+248),
Վարազդատ Լալայեան երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ փոխախոյեանի կոչումին:
Սիմոն Մարտիրոսեան, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 450 քկ (200+250) արդիւնք մը, հանդիսացաւ 5-րդ, մինչ Գոռ Մինասեան, որ արձանագրեց 459 քկ արդիւնք մը (213+246), տիրացաւ պրոնզ մետալին:
7-րդ անգամ ըլլալով աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ վրացի Լաշա Թալախածէ, որ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 473 քկ արդիւնք մը:
Նշենք, որ մետալներու վերջնական դասաւորման մէջ, Հայաստանի տղոց հաւաքականը գրաւեց առաջին դիրքը` տիրանալով երկամարտի երկու ոսկի մետալի, արծաթ մետալի մը եւ պրոնզ մետալի մը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *