ի՞նչ կը վերաբերի արմատախիլ եղած արցախցիներուն:
Արցախի մէջ նորագոյն Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածները որոնք մուտք կը գործեն Հայաստանի Սիւնիքի մարզը, պէտք է խրախուսանք ստանան ապաստանելու ռազմավարական առումով կարեւոր հարաւային Սիւնիքի մարզէն ներս, որ Հայաստանը կը կապէ արտաքին աշխարհին՝ Իրանի միջոցով: Աշխարհի հայութիւնն ու Հայաստանի բարեկամները պէտք է տնտեսական օգնութիւն ցուցաբերեն փրկուածներուն Սիւնիքի մէջ մնալու համար: Պատճառաբանութիւնն այն է, որ երբ գայ յարմար պահը, անոնք հեշտութեամբ կրնան վերաբնակեցուիլ դարձեալ ազատագրուելիք Արցախի մէջ։

Սիւնիքի մէջ բնակչութեան թուաքանակի աւելացումը պէտք է ըլլայ ազգային առաջնահերթութիւն: Սիւնիքը կրնայ ըլլալ յաջորդ եւ վճռորոշ մարտադաշտը ատրպէյճանա-թուրքական նոր համատեղ ներխուժման դէմ՝ հայկական նոր հողերու բռնազաւթման համար։
Պայքարը կը շարունակուի։ Պայքարը կը սաստկանայ։
Մի վհատիք: Ընդառաջ՝ դէպի նոր յաղթանակներ։
«Ղարաբաղյան» մաֆիայի 5-րդ շարասիւնը ունի իր կրօնական խաւի կցորդները եւ իրենց անբարոյական փաստաբանները որոնք զանազան պատճառներով կուրօրէն կը պաշտպանեն Հայոց պետականութիւնը, Հայոց բանակը եւ Հայոց եկեղեցին թալանողներուն:…
«Ղարաբաղյան» մաֆիայի 5-րդ շարասիւնը իր կրօնական խաւի կցորդներով եւ անբարոյ փաստաբաններով հայկական սփիւռքը կողոպտած են աւելի քան մէկ միլիարդ տոլարով: Արդէօ՞ք այս թալանչիները կրնան անպատիժ մնալ…
