Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի այսպէս կոչուած կեղծ ընդդիմութեան:
Ոխերիմ «ընկերներ՝» դուրսէն եւ հակահայ դաւաճաններ՝ ներսէն։
Ատրպէյճանական ցեղասպանութիւնը արցախահայութեան դէմ՝ Ռուսաստանի եւ Ռուսիոյ կողմէ հովանաւորուած «Ղարաբաղյան» մաֆիայի 5-րդ շարասիւնի հայ դաւաճաններու լուռ մեղսակցութեամբ։
Պետք է ձեռբազատուիլ այս կեղծ «ընդդիմութենէն՝» արտահերթ ընտրություններու միջոցով՝ Հայաստանի մէջ քաղաքական դաշտը ապանեխելու համար.
Վասն ինչի՞ այս ցեղասպանդը։
Վասն պետական հարուածի տեսքով Փաշինեանի վարչակարգի տապալման եւ ռուսամետ հին գողապետականներու կողմէ՝ իշխանութեան բռնազաւթման։ Եւս մէկ «Հոկտեմբերի 27»։
Կեղծ ընդդիմութիւնը իսկական ընդդիմութեամբ փոխարինելու համար, կազմակերպել արտահերթ ընտրութիւններ: Ապահովեցնել որ նոր ընտրուելիք ընդդիմութիւնը ըլլայ հայկական պետականութեան հանդեպ՝ հաւատարիմ:
Պէտք է ազատուիլ այս կեղծ, հակապետակամ եւ հայատեաց «ընդդիմութենէն»։
Հարկաւոր է ՝ հետս կոչել կամ չեղարկել խորհրդարանական անձեռնմխելիութիւնը դաւաճան եւ 5րդ շարասիւնի՝ այսպէս կոչուած «Հայաստան» դաշինքի եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքի անդամներուն: Խորհրդարանական յատուկ քուէարկութեան միջոցով զանոնք պաշտօնազրկել եւ նոր ընտրութիւններ իրականացնել միայն 5րդ շարասիւնի անդամներու կողմէ թափուր մնացած նամդատներուն-աթոռներու համար եւ այսպէս՝ քաղաքական դաշտը առողջացնել մէկընդմիշտ։
«Ղարաբաղյան» մաֆիայի 5-րդ շարասիւնը ունի իր սփիւռքեան կցորդները –տես ներքեւի լուսանկարը
