ՀՄԸՄ Անթիլիասի ֆութպոլի ակադեմիայի խումբերը մասնակցեցան Լեռ-նալիբանանի ակադեմիաներու ախոյեանութեան 16 տարեկանէն վար («Կի-լիկիա») եւ 14 տարեկանէն վար («Արարատ») մրցաշարքերուն:
16 տարեկաններու աւարտականին Անթիլիասի տղաքը` «Կիլիկիա», 2-0 արդիւնքով յաղթեցին Աթլեթիքօ Տըպպայէի, այս վերջինին դաշտին վրայ, եւ դարձան ախոյեան: Առաջին կիսախաղին Աւօ Օտապաշեան փենալթիով նշանակեց Անթիլիասի առաջին կոլը, իսկ Բ. կիսախաղին Կի Խանճեան գլխու հարուածով աւելցուց եւ հաստատեց ՀՄԸՄ-ի յաղթանակը:
Այս ձեւով ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Կիլիկիա» դարձաւ Լեռնալիբանանի ախո-յեան: Երէկ 14 տարեկանէն վար տղոց աւարտականին ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Արարատ» Աթլեթիքօ Տըպպայէի խումբը ունէր իր դիմաց:
Մրցումը շատ լաւ սկսաւ, եւ Քրիս Ժամալ 2 կոլ նշանակեց Ա. կիսախաղին: Բ. կիսախաղի 2-րդ վայրկեանին իրաւարարը անիմաստ կարմիր քարտ մը
տուաւ ՀՄԸՄ-ի խումբէն մարզիկի մը, ձեւով մը օգնելով մրցակիցին, որ իր
դաշտին վրայ փոխադարձէ: Այդպէս ալ եղաւ, եւ 10 մարզիկներով տղաքը չկրցան պահել իրենց առաւելութիւնը եւ 3-2 արդիւնքով զիջեցան Աթլեթիքոյի դէմ:
Նշենք, որ Յակոբ Կիւլիւմեան, որ ակադեմիային ընդհանուր մարզիչն է, իրեն հետ ունի ՀՄԸՄ Պէյրութի նախկին մարզիկներէն Յակոբ Նաճարեանը իբրեւ մարզիչ:
Կը գնահատենք աշխատանքը ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի ֆութպոլի ակադեմիային, որ քիչ մը աւելի արդար սուլիչով կրնար զոյգ տիտղոսներն ալ ապահովել:
