Սերժ Թանգեան դատապարտեց իսրա-յէլացի քաղաքայիններու նկատմամբ «Համաս»ի վայրագ վերաբերումը, բայց նաեւ յիշեցուց, որ Իսրայէլ աջակցեցաւ Ատրպէյճանին, որ նոյն վերաբերումը ցոյց տուաւ Արցախի հայերուն նկատմամբ։
X-ի իր էջին Թանգեան գրած է հետեւեալը. «Խաղաղ բնակիչներու վրայ յարձակումը, անոնց առեւանգումը եւ սպանութիւնը պատերազմական ոճիրներ են՝ անկախ անկէ, թէ ո՛վ կ՛ընէ այդ։ Ինչ որ ես տեսայ Իսրայէլի վրայ «Հա-մաս»ի յարձակումէն՝ սարսափելի է։ Անցեալին մենք տեսանք նաեւ Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի քաղաքացիներու դաժան սպանութիւններ։
«Աւելցնեմ նաեւ, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ Իսրայէլի զինած Ատրպէյ-ճան նոյնը ըրաւ Արցախի հայերուն նկատմամբ՝ ստիպելով զանոնք փախչիլ իրենց՝ 3000ամեայ հայրենիքէն։ Այդ օրերուն, Իսրայէլի կառավարութենէն մեր ստացածը անտեղի ու սխալ հաւասարութիւն մը եղաւ՝ երկու կողմերուն զսպուածութեան կոչ մը»: Աշխարհահռչակ հայ երաժիշտը կ՛աւելցնէ, որ «բռնակալի մը կողմէ ցեղային զտման յաջողութիւնը խրախուսեց միւսները: Ես կանգնած եմ խաղաղութեան տենչանք ունեցող պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու կողքին»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *