Պաքու Եւ Մոսկուա Կը Քննադատեն Փաշինեանի Սթրազպուրկի Ելոյթը, Մինչ Սահաքաշվիլի Կը Խրատէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոպայի խորհրդարանին մէջ վարչապետ Նի-կոլ Փաշինեանի Երեքշաբթի օրուան ելոյթը քննադատուեցաւ Պաքուի եւ Մոսկուայի կողմէ։
Իր անունը հրապարակել չուզող բարձրաստիճան ռուս պաշտօնատար մը Ռուսիոյ պետական «Թասս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Փաշինեան շատ արագ կերպով սկսած է հետեւիլ Ուքրանիոյ նախագահի օրինակին՝ Փաշինեանի ելոյթը «անպատասխանատու եւ սադրիչ» որակելով եւ քննադատելով յատկապէս այն մասը, որ կը վերաբերէր հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն:
Սակայնն Երեւանէն կը հաւաստիացնեն, թէ արտաքին քաղաքականութեան ուղեգիծի փոփոխութեան հարց չկայ։ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի պատգամաւոր Սարգիս Խանդանեան ըսաւ, որ Փաշինեանի ելոյթին մէջ որեւէ սադրանք չի տեսներ։ «Այն ժամանակ, երբ հարիւր հազար հայերը Լեռնային Ղարաբաղից փախչում էին Հայաստանի Հանրապետութիւն, անվտանգային ոլորտի մեր դաշնակիցները մեզ ոչ միայն չէին օգնում, այլեւ Հայաստանում իշխանափոխութիւն անելու, ժողովրդավարական իշխանութիւնը տապալելու հրապարակային կոչեր էին հնչեցնում», ըսած էր վարչապետը:
Իր կարգին, պաշտօնական Պաքու պնդեց, թէ Փաշինեանի ելոյթը ցոյց
կու տայ, որ Հայաստան վճռական է՝ «վտանգելու խաղաղութեան համա-ձայնագրի հեռանկարները»։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ «Հայաստան չի հրաժարիր Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն»։
Մինչդեռ, Փաշինեան ըսած էր, թէ Պաքուն է, որ ցարդ կը մերժէ ճանչնալ Հայաստանի 29,800 քառ. քլմ. տարածքային ամբողջականութիւնը եւ «միջանցք»ի հարցը կրնայ դարձնել Հայաստանի վրայ նոր յարձակումի եւ տարածքներ գրաւելու պատրուակ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ պնդեց, թէ Հայաստան չի փափաքիր մասնակցիլ տարածաշրջանի ապաշրջափակման նախագիծերուն։
Հայաստանի եւ տարածաշրջանին համար ոչ-փափաքելի բեմագրութիւններէ զգուշացուց նաեւ Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայէլ Սա-հաքաշվիլի, որ դիմելով Փաշինեանին՝ յորդորեց արագօրէն խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել Ատրպէյճանի հետ, զոր անցեալ ամիս շնորհաւորած էր իր «տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու»ն առիթով։
«Դուք պէտք է պահանջէք, որ ռուսական բանակը անյապաղ հեռանայ Հայաստանէն, դուրս գաք ՀԱՊԿէն, ԱՊՀէն եւ անդամակցելու դիմում ներկայացնէք Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕին», խրատեց պաշ-տօնական դիրքը չարաշահելու մեղադրանքներով բանտարկուած նախկին նախագահը։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *