Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 16 Նոյեմբերին, խորհրդարանի ամպիոնէն վերջապէս պարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր չի ստորագրուիր, այն պարագային, որ ամիսներ առաջ կողմերը հիմնական սկզբունքները համադրած էին: ´Մեծ հաշուով պատճառը անվստահութիւնն է կողմերի միջեւª, ըսաւ Փաշինեան: 

Սակայն, ան դարձեալ պնդեց, որ խաղաղութեան 3 առանցքային սկզբունքները այս տարուան ընթացքին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ երկու հանդիպումներու ընթացքին համաձայնեցուած են Ատրպէյճանի հետ: Ըստ այդմ՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, այն ըմբռնումով, որ Հայաստանի տարածքը 29 հազար 800, իսկ Ատրպէյճանինը՝ 86 հազար 600 քառակուսի քիլոմեթր է: Ըմբռնում կայ նաեւ այն մասին, որ սահմանագծման համար պէտք է օգտագործուին Խորհրդային Միութեան զինուած ուժերու Ընդհանուր հրամանատարութեան 1974-1990 թուականներու քարտէսները:

´Կարեւոր եմ համարում ընդգծել, որ համաձայնեցուած է նաեւ հետեւեալը՝ Հայաստանն ու Ադրբեջանը միմեանց նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունեն եւ պարտաւորւում են ապագայում եւս նման պահանջներ առաջ չքաշելª, ըսաւ Փաշինեան:

Ըստ Փաշինեանի՝ Երեւան եւ Պաքու նաեւ համամիտ են, որ տարածաշրջանային երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է վերաբացուին երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան հիման վրայ: Եւ, հակառակ այս կարեւոր հարցերուն շուրջ համաձայնութեան՝ կողմերը չեն կրնար յառաջանալ, ´որովհետեւ ամէն անգամ մենք՝ Ադրբեջանի, երեւի Ադրբեջանը մեր յայտարարութիւնների եւ որոշ գործողութիւնների մէջ տեսնում ենք վերը նշուած պայմանաւորուածութիւններից հրաժարուելու եւ ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) գործողութիւններ պլանաւորելու (ծռագռելու) մտադրութիւններ, ինչն էլ բացասաբար է ազդում խաղաղութեան պայմանագրի տեքստային (բնագիրի) աշխա-տանքի վրայª:

Փաշինեան աւելցուց, որ կան յստակացման կարիք ունեցող շարք մը առանցքային հարցեր, որոնցմէ մէկը խաղաղութեան համաձայնագիրի բովանդակութեան շուրջ տարընթերցումներէն խուսափելու գործիքակազմի մը ձեւակերպումն է: Միւս հարցը ապահովական երաշխիքներու ստեղծումն է, որպէսզի խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք, որեւէ մագըլ-ցում չ՛արձանագրուի:  

´Յառաջիկայ ամիսներին Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու մեր քաղաքական կամքը մնում է անսասան, իհարկէ այն արձանագրմամբ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կարող այդ պայմանագիրը ստորագրել միայնակ, եւ սրա համար անհրաժեշտ է նաեւ Ադրբեջանի ստորագրութիւնըª, ըսաւ Փաշինեան:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ 2018ին հետ բաղդատած՝ կրկնապատկուած են պաշտպանութեան ոլորտի ծախսերը՝ միաժամանակ վստահեցնելով, որ Երեւան ոեւէ մէկուն վրայ յարձակելու մտադրութիւն չունի: ´Սա պատերազմի նախապատրաստութիւն չէ, այլ խաղաղութեան: Ես վստահ եմ, որ մեր բոլոր հարեւան երկրները համոզուած են, որ մենք որեւէ մէկի վրայ յարձակուելու մտադրութիւն չունենքª, շեշտեց Փաշինեան: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *