Շաբաթավերջին Ռուսիոյ ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին Կրասնոտար 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օրենպուրկը:
45-րդ վայրկեանին Էտուարտ Սփերցեան նշանակեց Կրասնոտարի առաջին կոլը, տարեշրջանի իր 8-րդ կոլը: Մրցակից կազմէն Ստեփան Յովհան-նէսեան նշանակեց հաւասարութեան կոլը, ապա Իլզաթ Ախմեթով նշանակեց Կրասնոտարի 2-րդ կոլը, մնալով դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ, 2 կէտի առաւելութեամբ Զենիթէն, որ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:
Զենիթ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լոքոմոթիւ Մոսկուայէն, որուն հայազգի մարզիկ Նայիր Թիկնիզեան 88-րդ վայրկեանին նշանակեց Լոքոմոթիւի յաղթանակը հաստատող կոլը: 15 մրցումի ընթացքին Թիկնիզեանի 5-րդ կոլն էր այս: Լոքոմոթիւ կը գրաւէ Ռուսիոյ ախոյեանութեան 6-րդ դիրքը: