Քաթարի մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան կրան փրիի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան 87 քկ կշիռի աղջըկանց մրցումներուն, արաշէի մրցումներուն, բարձրացուց 106 քկ, իսկ էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 126 քկ բարձրացուց եւ երկամարտին 232 քկ արդիւնքով դարձաւ կրան փրիի ոսկի մետալակիր:
Իր խմբակից Տաթեւ Յակոբեան արաշէով ձեռք ձգեց 107 քկ եւ էփոլէ-ժըթէի 123 քկ եւ երկամարտի 230 քկ արդիւնքով դարձաւ պրոնզ մետալակիր:
