Հայաստանի բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Տինամօ մարզահամալիրին մէջ: Այս մրցաշարքի ախոյեաններ հռչակուեցան հետեւեալ մարզիկները` ստանալով իրեց մետալները. 

48 քկ կշիռի մրցումներուն, Բարեղամ Յարութիւնեան դարձաւ ախոյեան, Բ. դիրքը գրաւեց Յովհաննէս Յարութիւնեան, Գ. դիրքը` Հմայեակ Յովհաննէսեան եւ Սէյրան Վարդանեան: 51 քկ կշիռի մրցումներուն, Արեն Ասլամազեան դարձաւ ախոյեան, Բ. դիրքը գրաւեց Վահէ Բադալեան, իսկ Գ. դիրքը` Հայկ Ալարբէկեան եւ Յարութիւն Կարապետեան: 54 քկ կշիռի մրցումներուն, Դա- ւիթ Եգորեան դարձաւ ախոյեան, Բ. դիրքը գրաւեց Ժերար Սարգիսեան, իսկ Գ. դիրքը` Սուրէն Ռուբինեան եւ Ռուբէն Գարբոյեան: 57 քկ կշիռի մրցումներուն, Արթուր Բազէեան դարձաւ ախոյեան, Բ. դիրքը գրաւեց Ռուսլան Ասլիկեան, իսկ Գ. դիրքը` Վարդան Միրզոյեան եւ Էրիք Թոխեան: 60 քկ կշիռի մրցում- ներուն, ախոյեան դարձաւ Արթուր Սահակեան, Բ. դիրքը գրաւեց Արթուր Ղազարեան, իսկ Գ. դիրքը` Խաչիկ Բաղումեան եւ Արարատ Կիւլպանկեան: 63,5 քկ կշիռի մրցումներուն, ախոյեան դարձաւ Նարեկ Յովհաննէսեան, 2-րդ դիրքը գրաւեց Կարէն Տօնականեան, իսկ Գ. դիրքը` Էրիք Իսրայէլեան եւ Վահագն Գալուստեան: 67 քկ կշիռի մրցումներուն, Արարատ Յարութիւնեան դարձաւ ախոյեան, Բ. դիրքը գրաւեց Յարութիւն Յակոբկոխեան, իսկ Գ. դիրքը` Սերիոժա Յարութիւնեան եւ Արթիւր Մկրտչեան: 71 քկ կշիռի ախոյեան դարձաւ Գուրգէն Մատոյեան, Բ. դիրքը գրաւեց Զաւէն Գալստեան, իսկ 3-րդ դիրքը` Արման Միսկարեան եւ Նարեկ Զախարեան: 75 քկ կշիռի ախոյեան դարձաւ Վախթանգ Յարութիւնեան, Բ. դիրքը գրաւեց Գարիկ Անտանոսեան, իսկ 3-րդ դիրքը` Վահէ Կարապետեան եւ Դաւիթ Պասենցեան: 80 քկ կշիռի մրցումներու ախոյեան դարձաւ Ռաֆայէլ Յարութիւնեան, Բ. դիրքը գրաւեց Համբարձում Յակոբեան, իսկ 3-րդ դիրքը` Աղուան Ալեքսանեան եւ Համլեթ Ադամեան: 86 քկ կշիռի մրցումներու ախոյեան դարձաւ Համլեթ Յարութիւնեան, Բ. դիրքը գրաւեց Դանիէլ Յարութիւնեան, իսկ Գ. դիրքը` Մհեր Շամոյեան եւ Լիպարիտ Ղուլարեան: 92 քկ կշիռի մրցումներու ախոյեան դարձաւ Հենրիկ Ճղրիկեան, Բ. դիրքը գրաւեց Իշխան Յովսէփեան, իսկ Գ. դիրքը` Կարօ Վարդիվառեան եւ Անուշաւան Մխիթարեան: 92 քկ եւ աւելի կշիռի մրցումներու ախոյեան դարձաւ Դաւիթ Չալոյեան, Բ. դիրքը գրաւեց Յովհաննէս Փափազեան, իսկ Գ. դիրքը` Աւետիք Յովակիմեան եւ Մանուկ Խաչատրեան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *