ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐ ՄԱՐՔԻԻ ԵՒ ՔԵՍԸՏԻԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻՆ ԱՌԱՒԵԼ ՔԱՆ 25 ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ ծերակուտականներ Էտ Մարքիի եւ Պիլ Քեսըտիի ներկայացուցած են երկկուսակցական բանաձեւ մը՝ արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջելով զեկոյց ներկայացնել Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու իրավիճակին վերաբերեալ, նկատի ունենալով «Արտաքին աջակցութեան կանոնի» թիւ 502B(c) բաժինի պահանջներու: Բանաձեւը տեղեկութիւններ կը պահանջէ յատկապէս Ատրպէյճանի տարածքին մէջ եւ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն մասին, որոնք առաջնորդեցին Արցախի հայաթափումին։
Բանաձեւին նախնական համահովանաւորներն են՝ ծերակուտականներ Մարքօ Ռուպիօ, Կերի Փիթըրզ, Էլիզապէթ Ուորըն, Շելտըն Ուայթհաուս, Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Փիթըր Ուելչ։
Բանաձեւին զօրակցող յաւելեալ ծերակուտականներ ապահովելու համար, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը համագաղութային արշաւ մը սկսած է եւ ամերիկահայութեան կոչ կ՛ընէ՝ գործնականապէս մասնակցելու այս աշխատանքին՝ այցելելով https://www.votervoice.net/ ANCA/campaigns/111184/respond կայքէջը։
Նշենք, որ նման բանաձեւ մը ներկայիս օրէնսդրական ընթացակարգին մէջ է նաեւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ, առաջնորդութեամբ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի։
Անդրադառնալով ներկայացուած բանաձեւին՝ Մարքի ըսաւ. «Ռազմական գործողութիւններով կարելի չէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնիլ։ Այս բանաձեւը ճնշում կը գործադրէ Ատրպէյճանի կառավարութեան վրայ՝ պաշտպանելու մարդկային իրաւունքները եւ դադարեցնելու տարածաշրջանին մէջ հայերու դէմ ոճիրները: Պէտք է պաշտպանենք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կամքը, իրաւունքները եւ հիմնական ազատութիւնները»։
Ան նաեւ ընդգծեց, թէ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան դէմ իրականացուող յաւելեալ յանցագործութիւններուն առաջքը պէտք է առնել։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ջանքերով, այս բանաձեւին կը զօրակցին առաւել քան 25 կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին են՝ «Միջազգային Ներում»ի ամերիկեան մասնաճիւղը (Amnesty International USA), «Ֆրիտըմ Հաուս»ը, Մարդկային իրաւանց հիմնարկութիւնը, Մարդկային իրաւանց միջազգային դաշնակցութիւնը եւ Եկեղեցիներու ազգային խորհուրդը։
«Անցեալ տարի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ամբողջ բնակչութեան ցեղային զտումը ժամանակակից ցեղասպանութիւն էր։ Ուաշինկթըն այս ցեղասպանութիւնը կանխելու բոլոր առիթները ունէր, բայց փոխարէնը, արդիւնաւէտ եւ անվերապահ ռազմական աջակցութեամբ, Պաքուի մենատէր վարչակազմին առիթ տուաւ զայն իրականացնելու։ Հայ Դատը եւ իրեն զօրակցող կազմակերպութիւնները կ՛ողջունեն Մարքիի եւ Քեսըտիի առաջնորդութիւնը, որ միտուած է վերականգնելու Քոնկրեսի խիստ անհրաժեշտ վերահսկողութիւնը՝ ամերիկեան ռազմական օժանդակութեան վրայ՝ վերահաստատելով մարդկային իրաւունքներու արժանի տեղը ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։