Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը, Լոքոմոթիւ Մոսկուա 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի այլ խումբ մը` Ուրալը:
Լոքոմոթիւի ձախ կողմի պաշտպան Նայիր Թիկնիզեան երկու կոլ նշանակեց: 24 տարեկան Թիկնիզեան, որ 2021-էն ի վեր կը խաղայ Լոքոմոթիւի հետ, ծնած է Ս. Փեթերսպուրկ, մասնակցած է Ռուսիոյ 19-էն վար ազգային խումբին 2017-ին եւ Ռուսիոյ 21-էն վար ազգային խումբին 2020-էն 2021, բայց որոշած էր 2023-ին Հայաստանը ներկայացնել ազգային խումբին իբրեւ անդամ: Ան 10 մրցում կատարեց 2023-ին եւ կոլ մըն ալ նշանակեց Լաթվիոյ դէմ մրցումին:
Կը նախատեսուի, որ Նայիր իր փայլուն արդիւնքներուն պատճառով իր ասպարէզը շարունակէ եւրոպական կարեւոր խումբերու հետ, մանաւանդ որ իր պայմանագրութիւնը վերջ կը գտնէ 2024-2025-ի եղանակի աւարտին: