MEDIA INQUIRY – ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՐՑՊՆԴՈՒՄ 

14 Փետրուար, 2024 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ 

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ 

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ 

Յարգարժան Տիկնայք եւ Պարոնայք՝ Ազգային Վարչութեան, 

Լաւատեղեակ աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութիւններու համաձայն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Գերաշնորհ Տէր Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան հրաժարական տուած է։ Այս մտահոգիչ լուրը կայծակնային արագութեամբ տարածուած ըլլալ կը թուի Փետրուար 8-էն՝ 10-ը ժամանակահատուածին: 

Սակայն Փետրուար 11-ին հակասական երեւոյթ մըն ալ պարզուեցաւ հրաժարականի մասին լուրէն անմինջապէս ետք: Արդարեւ՝ 13 Փետրուարին տեղի ունենալիք Տեառընդառաջի տօնի նշումի առթիւ Ս. Պատարագի յայտարարութիւն մը զետեղուեցաւ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆի ֆեյսբուկեան պաշտօնական էջի վրայ: Ըստ այդ այտարարութեան, նախաձեռնութիւնը կը կայանար «հովանաւորութեամբ՝ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԹՈՐԳՈՄ Ս. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏՕՆՈՅԵԱՆԻ՝ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ»: 

Արդեո՞ք իմ լսածը սխալ է։ Թէ՝ այս յայտարարութեան մէջ վրիպակ մը կայ։ Եթէ իրոք հրաժարած է, ինչու՞ հրաժարած է: 

Արդո՞ք հետս կոչած է իր հրաժարականը։ 

Արդեո՞ք Ազգային Վարչութեան ղեկավարութիւնը կրնա՞յ յստակեցում մը կատարել։ 

Վերջին 96 ժամերու ընթացքին, ազատ մամուլի անդամ եւ ոչ կուսակցական ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթ եւ USA ARMENIAN LIFE զոյգ հրատարակութիւններու բազմաթիւ սրտցաւ եւ խորապէս մտահոգուած ընթերցողներ եւ USA ARMENIAN LIFE TV-ի հեռուստադիտողներ հեռաձայնով, ե-նամակով եւ կապի այլ միջոցներով խմբագրութեանս դիմեցին ճշգրիտ տեղեկութիւն ստանալու համար։ 

Իրենց խոստացուեցաւ թափանցիկութեան սիրոյն հրապարակաւ իրազեկուած պահել բոլորին։ 

Եթէ կը բարեհաճին Ազգային Վարչութեան ղեկավար մարմնի անդամները հրապարակայնօրէն օգնեն որ ընթերցողները եւ հեռուստադիտողները ճշգրիտ տեղեկութիւն ստանան։ 

Յարգանոք, 

Աբօ Չափարեան 

Գլխաւոր Խմբագիր՝ 

ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE 

Գլխաւոր զրուցավար՝ USA ARMENIAN LIFE TV-ի 

Յ.Գ. Ներքեւ՝ խմբագրութեանս դիմող հաւատացեալի մը գրաւոր դիմումը խմբագրութեանս. 

(Ներքեւի պատգամը կը կիսենք Ձեր հետ առանց խմբագրելու եւ տառասխալները ուղղելու) 

ՆԱՄԱԿ՝ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ. 

Բարեւ ձեզ ճիշդ է Թորգոմ Սրբազան հեռացուեր է պաշտօնէն եւ չուզէր վերադառնալ անթիլէաս: Ուրբաթ ձեր յայտագրին պիտի խօսի՞ք այս մասին: Վերջին շաբաթներուն ձեր յայտագրի ժամանակ ըսիք պատի՛ւ արեւմտեան անթիլիասական թեմին: 

Պատիւ բերող բա՞ն է այս երեւոյթը: 

Հաճիք: Այս հարցի մասին կ՛ուզենք լուսաբանուիլ ձեր յայտագրի ժամանակ: 

Յ. Կարապետեան 

ե-նամակով՝ 

12 մարտ 2024 թ. 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *