TRANSCRIPTION — USA ARMENIAN LIFE TV — 02 16 2024 

Չափն ու սահմանը անցել է։ Սփիւռքում եւ հայրենիքում հարկաւոր է վերջ տալ թալանին, վախեցմանը եւ վաշխառութեանը։ 

Ստորեւ՝ USA ARMENIAN LIFE TV-ի 16 Փետրուարի հեռուստային զրոյցն է որ իրականացաւ մասնակցութեամբ՝ Հետազօտող լրագրողներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի: Համայնքին ներկային եւ ապագային հետ առնչուող հրատապ խնդիրներ քննարկող հեռուստային յայտագիրը բաւականին լայն տարածման արժանացաւ: Անցեալ շաբաթուայ ընթացքին, աւելի քան հարիւր հազար հեռուստային եւ համացանցային դիտwղներու ուշադրութեան արժանացաu: Սոյն յայտագիրը սփռուեցաւ Armenian Medi Group of America (AMGA) հեռուստակայան, YouTube, Facebook, Twitter, Telegram, TikTok, Patreon, USA Armenian Life/ Facebook, USA Armenian Life Eblast, armenianlife.com հաղորդամիջոցներով ինչպէս նաեւ USA Armenian Life անգելրէն տպագիր եւ ԱՄՆ ՀԱՅ Կեանք տպագիր հրատարակութիւններու միջոցով: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ 

Անունս Աբօ Չափարեան է։ Այսօրուայ իմ զրուցակիցս է յայտնի հրապարակախօս եւ հետազոտող-լրագրող՝ Ոսկան Մխիթարեանը։ 

Այս շաբաթ` եւ միջազգային, եւ ներազգային բազմակողմանի զար- գացոգմներ կան։ Իսկ մեր, ինպէս որ անգլերէն կ’ըսեն, “all politics are local”, այսինքն ամենակարեւոր քաղաքական խնդիրները մեր քթին տակն են։ Եւ ինչու՞ կարեւոր է այդ խօսքին իմաստը լուրջի առնելը, որովհետեւ մեր անմիջական շրջապատը եթէ առողջ չըլլայ, եթէ մեր սեփական տունը մաքուր եւ կանգուն չպահենք, չենք կրնար օգտակար ըլլալ եւ ոչ մէկին։ 

Ինչպէս որ անգլերէն կ՛ըսեն, “Charity starts at հome”, ուրեմն պէտք է նախ եւ առաջ, ինչպէս եւ անգլերէնը կ՛ըսէ, բարեսիրութիւնը կը սկսի սեփական տունէն։ Պէտք է մենք լաւ ըլլանք, որպէսզի ուրիշին կարողանանք լաւ կերպով օգտակար ըլլալ։ Ինչու՞ ըսի այս խօսքը, որովհետեւ Լոս Անճելոսի հայութեան համար, եւ ընդհանրապէս ամերիկահայութեան համար, նաեւ իրականութեան մէջ՝ ամբողջ հայ ազգին համար, Սփիւռքով եւ Հայրենիքով, Լոս Անճելոսի հայութեան, ամերիկահայութեան եւ ընդհարապէս Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութեան ուժեղ ըլլալը կենսական կարեւորութիւն ունի։ 

Երբեք-երբեք, սիրելիներ մի թողէք, որ կրօնական կամ հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար մը ձեզի խաբէ, ըսելով, որ «Լոս Անճելոսի հայութիւնը ոչնչարար է»՝ չէ։ 

Իրենք շատ լաւ գիտեն, որ Լոս Անճելոսի հայութիւնը ճակատագրական — ես նախախնամութեան կը հաւատամ — նախախնամական առաքելութիւն կրնայ իրականացնել։ Եւ Լոս Անճելոսի հայութեան ներքին գրաւականերէն մէկը, մեծ ընտանիք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգ- ներու Ազգային Առաջնորդարանն է։ 

Ինպէս որ, նամակագիր մը, մի քանի օր առաջ գրեց, «ընդամէնը 2-3 շա- բաթ առաջ մեծ գովասանքով արտայայտուեցաք մեծ ընտանիք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Ազգային Առաջնորդարանի մասին»։ Եւ, իրօք, իրաւացի էր այդ նամակագիրը։ 

Ուրեմն, անցնող 5-6 օրուայ ընթացքին կայծակնային առագութեամբ լուր մը տարածուեցաւ եւ անշուշտ թոյլ տուէք, որ իրար անընդհատ զգուշացնենք եւ անընդհատ քաջալերենք, որ յանկարծ երբ որ ժխտական զարգացումի մը ականատես կ՛ըլլանք մեր յոյսը չկտրենք եւ աւելի լաւ է, հաւատքնիս ամուր պահենք։ Այն մարդը, որը հաւատքը ուժեղ կը պահէ այլեւս յոյսի հետ առեւ- տուրի մէջ չի մտներ։ 

Հիմա անցնինք բուն նիւթին։ Բուն նիւթին անցնելու լաւագոյն միջոցը ուղղակի մամլոյ հարցապնդումը, որ USA ARMENIAN LIFE-ի եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ շաբաթաթերթի խմբագրական կազմը յղեց Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Ազգային Առաջնորդարանի Անթիլիասական թեմին, կարդանք եւ մեր զրոյցը կը շարունակենք պարոն Մխիթարեանի եւ ձեր հետ։ 

Ի միջի այլոց ըսեմ, որ այս մամլոյ հարցապնդումը Media Inquiry-ն ես որպէս USA ARMENIAN LIFE-ի եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔշաբաթաթերթի գլխաւոր Խմբագիր, ուղարկեցի Փետրուարի 14-ին, այսինքն Չորեքշաբթի օրը։ Եւ մինջեւ այս Ուրբաթ օրուայ դրութեամբ, պատկան մարմիններէն Ազգային Առաջնորդարանի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, տակաւին պատասխան չենք ստացած: 

Ներկայացնեմ։ 

Խորագիրը՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐԱՇ. ՏԷՐ ԹՈՐԳՈՄ Ս. ԵՊԻՍԿ. ՏՕՆՈ- ՅԵԱՆ՝ ԵԹԷ ԻՐՈՔ ՀՐԱԺԱՐԱԾ Է, ԻՆՉՈՒ՞ ՀՐԱԺԱՐԱԾ Է: 

MEDIA INQUIRY – ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՐՑԱՊՆԴՈՒՄ 

14 Փետրուար, 2024 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ 

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ 

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ 

Յարգարժան Տիկնայք եւ Պարոնայք՝ Ազգային Վարչութեան, 

Լաւատեղեակ աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութիւններու համաձայն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Գերաշնորհ Տէր Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան հրաժարական տուած է։ Այս մտահոգիչ լուրը կայծակնային արագութեամբ տարածուած ըլլալ կը թուի Փետրուար 8-էն՝ 10-ը ժամանակահատուածին: 

Սակայն Փետրուար 11-ին հակասական երեւոյթ մըն ալ պարզուեցաւ հրաժարականի մասին լուրէն անմինջապէս ետք: Արդարեւ՝ 13 Փետրուարին տեղի ունենալիք Տեառընդառաջի տօնի նշումի առթիւ Ս. Պատարագի յայտարարութիւն մը զետեղուեցաւ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆի ֆեյսբուկեան պաշտօնական էջին վրայ: Ըստ այդ յայտարարութեան, նախաձեռնութիւնը կը կայանար «հովանաւորութեամբ՝ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԹՈՐԳՈՄ Ս. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏՕՆՈՅԵԱՆԻ՝ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ»: 

Արդեօ՞ք իմ լսածը սխալ է։ Թէ՝ այս յայտարարութեան մէջ վրիպակ մը կայ։ Եթէ իրոք հրաժարած է, ինչու՞ հրաժարած է: 

Արդեօ՞ք յետս կոչած է իր հրաժարականը։ 

Արդեօք Ազգային Վարչութեան ղեկավարութիւնը կրնա՞յ յստակեցում մը կատարել։ 

Վերջին 96 ժամերու ընթացքին, ազատ մամուլի անդամ եւ ոչ կուսակցական ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթ եւ USA ARMENIAN LIFE զոյգ հրատարակութիւններու բազմաթիւ սրտցաւ եւ խորապէս մտահոգուած ընթերցողներ եւ USA ARMENIAN LIFE TV-ի հեռուստադիտողներ հեռաձայնով, ե-նամակով եւ կապի այլ միջոցներով խմբագրութեանս դիմեցին ճշգրիտ տեղեկութիւն ստանալու համար։ 

Իրենց խոստացուեցաւ թափանցիկութեան սիրոյն հրապարակաւ իրազեկուած պահել բոլորին։ 

Եթէ կը բարեհաճին Ազգային Վարչութեան ղեկավար մարմնի անդամները հրապարակայնօրէն օգնեն որ ընթերցողները եւ հեռուստադիտողները ճշգրիտ տեղեկութիւն ստանան։ 

Յարգանօք, 

Աբօ Չափարեան 

Գլխաւոր Խմբագիր՝ 

ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի 

եւ USA ARMENIAN LIFE-ի 

Գլխաւոր զրուցավար՝ USA ARMENIAN LIFE TV-ի 

(Կը խնդրենք տեսնել կից` վերը նշուած յայտարարութիւնը 

փետրուարի 13-ի նախաձեռնութեան վերաբերեալ) 

Ուրեմն էկրանի վրայ ձեզի կը ներկայացնենք, ինպէս որ նամակիս մէջը գրեցի։ 

Յ.Գ. Ներքեւ՝ խմբագրութեանս դիմող հաւատացեալի մը գրաւոր դիմումը խմբագրութեանս. 

(Ներքեւի պատգամը կը կիսենք Ձեր հետ առանց խմբագրելու եւ տա- ռասխալները ուղղելու) 

ՆԱՄԱԿ՝ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ. 

Բարեւ ձեզ ճիշդ է Թորգոմ Սրբազան հեռացուեր է պաշտօնէն եւ չուզէր վերադառնալ անթիլէաս: Ուրբաթ ձեր յայտագրին պիտի խօսի՞ք այս մասին: Վերջին շաբաթներուն ձեր յայտագրի ժամանակ ըսիք պատի՛ւ արեւմտեան անթիլիասական թեմին: 

Պատիւ բերող բա՞ն է այս երեւոյթը: 

Հաճիք: Այս հարցի մասին կ՛ուզենք լուսաբանուիլ ձեր յայտագրի ժամա- նակ: 

Յ. Կարապետեան 

ե-նամակով՝ 

12 մարտ 2024 թ. 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Պարոն Չափարեան, եկուր կարկինը քիչ մը լայն բռնենք։ Այս նամակէն զատ, ինձի անձնապէս դիմեցին, կրնամ թուել՝ Լիբանանէն, Գանատայէն, Հայաստանէն մի քանի հոգի մինչեւ իսկ Մոսկուայէն իմանալու համար, որ այս հրապարակուած լուրը որքան իրական է։ Անշուշտ ես ցաւով արտայայտուեցայ այդ մասին, ըսելով, որ այո իրական է։ 

Հիմա վերադառնանք բուն նիւթին։ 

Ուրախալին այն է, որ իսկապէս սրտցաւ ազգայիններ կան ամենուրեք ի սփիւռս աշխարհի եւ ի Հայաստան հայրենիքի, որոնք մօտէն կը հետեւին Ամերիկայի Արեւմտեան եզերեքի մէջ ապրող հայութեան կրօնական կեանքին։ 

Այստեղ զիս փոթորկեցնողը, սիրելի հեռուստադիտողներ, այն է, որ կանոնագրային խախտում տեղի ունեցած է։ Նախ ինչպէս որ Պարոն Չափարեանը ընթերցեց իր հարցախոյզը, այս պարագային, որեւէ պատասխան չստացուեցաւ, բայց նման պարագաներուն Ազգային Առաջնորդարանը պարտաւոր էր հրապարակաւ արտայայտուելու այդ մասին, փոխանակ թոյլ տալու, որ ժողովուրդը, սրտցաւներ նամանաւանդ, իրենց անհատական մեկնաբանութիւնները տան այս պարագային։ 

Շատ յստակ է, կանոնագրային խախտումին առիթով, առնուազն կ›ակնկալէինք, որ Արամ կաթողիկոս իր ըսելիքը ունենար։ Այսօր լուռ է Արամ կաթողիկոսը։ Թորգոմ Սրբազանի հեռացումը այստեղէն պէտք է ժողովուրդը իմանայ։ 

Այս անձի մասին, գովերգ միայն լսեցինք վերջին 3 տարիներուն՝ թէ ի՜նչ ձեւի դրամահաւաք կազմակերպեց, օգտակար եղաւ լիբանանահայութեան, օգտակար եղաւ Հայաստանի մէջ Ղարաբաղէն եկող անտունիներուն, մէկ խօսքով լաւ բաներ լսեցինք իր մասին։ Յանկարծ ի՞նչ պատահեցաւ, որ այդ բարձրունքէն վար ինկաւ Թորգոմ Սրբազանը։ Հիմա այս բոլորը ըսելէ ետք, արդե՞օք ուրիշ պատճառ կայ, թէ մենք ենթադրութիւններով պիտի գանք եւ մեր մեկնաբանութիւնը տանք։ Յստա՞կ է, չէ։ Կանոնագրային խախտում կայ։ Թորգոմ Սրբազան ինչու՞ հրաժարեցաւ։ Հրաժարեցաւ կ՛ըսեն բարեկամներ եւ մօտէն հետեւողներ, բայց գլխաւոր հարցում այս է՝ ինչպէս երիտասարդը խմբագրութեան ուղղուած նամակին մէծ գրած էր՝ հրաժարեցուցի՞ն։ Այս բառը ինքնին արդէն բաւական փոթորիկ կը ստեղծէ մեր բոլորի մտքի մէջ։ Ինչու՞ հրաժարեցուցին մէկը որ կը գործէր եւ լաւ կը գործէր։ Որու՞ գործին չեկաւ այդ իր լաւ գործունէութիւնը։ Կա՞ն արդեօք մութ ձեռքեր, որոնք տարբեր նպատակներէ ելլելով հեռացուցին Թորգոմ Սրբազանը, որպէսզի իրա- գործեն իրենց տխուր եւ սեւ գործերը։ 

Մենք երբ պիտի սորվինք կանոնագրութիւնները յարգել եւ չգործել ելլելով մեր անհատական կուսակցական շահերէն։ Ի վերջոյ, եկեղեցին է կ՛ըսենք մեր ինքնութեան ամենազօրաւոր կռուաններէն մէկը։ Եւ անոր համար իր առաքելութիւնը կ՛ուղղուի միայն ժողովուրդին եւ ոչ թէ քաղաքականութեան։ Հիմա այս պարագային ուրիշ մօտեցում չունինք ըսելու, որ այսքան յարգուած, այսքան գնահատուած եպիսկոպոսը ճամփու դրին։ Կրնա՞նք չըսել, որ պարտադրեցին որպէզի հեռանայ։ Անկասկած։ Ես ալ պիտի ըսեմ, միւսն ալ պիտի ըսէ, երրորդ անձն ալ պիտի ըսէ։ Որովհետեւ այս պահին իշխանութիւնը քաջութիւն չունեցաւ հրապարակաւ յայտարարելու, որ Թորգոմ Եպիսկոպոս այս կամ այդ պատճառաբանութիւններով իր հրաժարականը տուաւ։ Հետեւաբար ժողովուրդը իրաւունք ունի ըսելու, որ դուք ձեր անհատական եւ կուսակցական հաշիւներէն ելլելով հրաժարականը պահանջեցիք Սրբազանին։ 

Այս տխուր իրականութիւնները երբ պիտի դադրին սիրելիներ մեր ազգային եկեղեցական կեանքին մէջ։ Ի վերջոյ, Հայրենիքէն դուրս, Սփիւռքի մէջ, ի՞նչն է, որ մեզ կը համախմբէ, եթէ ոչ եկեղեցին։ Ո՞ր ուժն է, որ մեզ կը համախմբէ։ Եկեղեցին, սիրելիներ։ Եթէ մենք տապարի հարուած պիտի տանք մեր եկեղեցիներուն եւ անոնց առաջնորդներուն, ի՞նչ պիտի ըլլայ ժողովուրդին վիճակը: 

Մանաւանդ Սփիւռքի մէջ առանց այդ կայուն հաստատութեան, որը եկեղեցին է։ Չմոռնաք սիրելիներ, եկեղեցին դուք էք։ Անոր համար դուք իրաւունք ունիք պահանջելու ազգային մարմիններէն, թէ ինչու՞ այսպէս կատարուեցաւ։ Մի մնաք լուսանցքի վրայ, անցէք մայր էջին վրայ եւ տէր կանգնեցէք ձեր եկեղեցիին։ Մեզի անհրաժեշտ են անհատներ, որոնք սրտցաւ են նման կացութիւններու առջեւ եւ իրենց բողոքի ձայնը պիտի բարձրացնեն եւ իրենց իրաւունքը պիտի պահանջեն։ 

Սիրելիներ, ասիկա առաջին դէպքը չէ։ Պիտի ուզէի ըսել, որ վերջինը ըլլայ: Նախընթացներ ունի այս բոլորը։ Լիբանանի մէջ ալ նման դէպք պատահեցաւ, երբ Գեղամ Սրբազանը արտաքսեցին այդտեղէն։ Ո›չ մէկը հաշիւ տուաւ, ո›չ Կաթողիկոսը, ո›չ ալ օրուայ իշխանութիւնները։ Նոյնը պատահեցա 2 տարի առաջ Հալէպի մէջ։ Մասիս Սրբազանը արտաքսուեցաւ այդտեղէն։ Այսօր Ամերիկա կը գտնուի անտէր անտիրական։ Չլսեցինք անգամ Արամ կաթողիկոսէն երկու խօսք պաշտպանողական, թէ ինչու Մասիս Եպիսկոպոսը արտաքսուեցաւ։ Երբ որ չխօսինք այդ մասին, այս խայտառակութիւնը կը շարունակուի։ Այսօր Թորգոմ Սրբազան արտաքսուեցաւ: Հրաժարականներու եւ այլ սուտ բաներուն մ›ի հաւատաք։ Թորգոմ Սրբազան արտաքսուած է իր պաշտօնէն։ Սիրելիներ հաշիւ պահանջեցէք, դուք էք տէրը այս եկեղեցիին։ Դուք էք գլխաւոր դերակատարը այս եկեղեցիի, դուք էք ձեր բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ ոտքի կանգնեցնողը առաջնորդարանին եւ անոր բոլոր պատկանող եկեղեցիներուն։ Հետեւաբար, լռութիւնը այս պարագային ոսկի չէ, լռութիւնը ենթակայութիւն է։ Պահանջեցէք, որովհետեւ կանոնական խախտում կատարուած է այստեղ։ Եւ այսուհետեւ թոյլ մի տաք, որ նման խայտառակութիւն կատարուի մեր ազգային եկեղեցական կեանքէն ներս։ Ոտքի ելէք եւ ձեր իրաւունքը պահանջեցէք։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ես չեմ զղջացած, որ վերջին շաբաթներուն առիթը չեմ փախցուցած գովերգելու այն առողջութեան մթնոլորդը որ իսկապէս շատերուս մօտ, մանաւանդ հաւատացյալներու մօտ, հոգեզմայլանք պատճառած էր, ուրախութիւն առթած էր։ Շնորհիւ շնորհալի անձնաւորութեան մը, որ իրական հոգեւորական կերպարի տէր մարդ ըլլալով, իսկական կոչումի տէր, ես անձնապէս մինչեւ հիմա իրեն չեմ հանդիպած։ Կը հաւատա՞ք: Չեմ հանդիպած։ Ես ընդամէնը որպէս խմբագիր լրատուութիւններէն եւ կրնամ ըսել բազմահարիւր անձնաւորութիւններու հետ զրոյցներու ընդմէջէն դրական կերպարի վկայութիւններ հաւաքած եմ: Այնպէս որ պարոն Մխիթարեանն ալ վստահ եմ, նոյն տիպի վկայութիւն պիտի տար, բազմա- հարիւր Լոս Անճելոսահայ ընկեր ընկերուհիներու զրոյցներու մէջէն յստակ կերպով կը փայլի լուսաւոր իր էութեամբ՝ Թորգոմ Սրբազանը ի հակա- պատկեր նախկին անբարոյական առաջնորդին։ Այսինքն լոյս եւ խաւարի հակասութիւնը այնքան հզօր է, որ մարդ պէտք է կոյր ըլլայ, որ չտեսնէ։ 

Եւ Թորգոմ Սրբազան, ոչ աւելի քան 2–3 շաբաթ առաջ հրապարակաւ ըսաւ «Հայ ժողովուրդի ամենաակնառու հրաշքներէն մէկը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին է»։ 

Եւ ինչքան լաւ եւ ուժեղ իմաստ ունի այս արտայայտութիւնը, սիրելիներ։ Կը փաստէ, կը վաւերացնէ, կը վերահաստատէ այն միտքը, որ շատերուս մօտ ուժեղ արմատացած է այդ միտքը, որ կ՛ըսէ Հայաստանի առաքելական եկեղեցին եւ ընդհանրապէս Քրիստոնէութիւնը յատկապէս հայերուն համար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ նաեւ նոյն շնչով ծառայող Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին եւ Աւետարանական եկեղեցին: Ես զատողութիւն չեմ ուզեր դնել: Բայց քանի որ նիւթը կը վերաբերի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիին եւ քանի որ դարերու ընթացքին եւ երկար հարիւրաւոր տարիներու ընդմէջէն հայ ժողովուրդին հաւատքի կռուանը եղած է եւ հիմա արդէն երբ վերջին 20 տարիներուն, 1999 Հոկտեմբեր 27-ին Հայաստանի պարլամենտի մէջ սպանութեան նոյն օրը, երբ որ բռնազաւթուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը Գարեգին Բ չկաթողիկոսին կողմէ։ Եւ շատերս սկսանք մտահոգուիլ, որ Հայոց հաւատքի զօրասիւնը, ամենակարեւոր զորասիւնը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին՝ կը փորձեն մէջտեղէն վերացնել, յանկարծ հորիզոնին վրայ արեւ մը ծագեցաւ։ 

Եւ այդ՝ եղաւ Թորգոմ Սրբազանի ժամանումը Լոս Անճելոս եւ առոք փառոք հին առաջնորդին, որ շատերու կողէե ատուած է, ես թիւրին-թիւրին այդ բառը չեմ գործածեր, ատուած անձնաւորութիւն մըն է եւ նոյն իսկ իր պարտականութիւններուն մէջ ոչ թէ զլացած է, միայն ամէն ինչ դէպի իրեն։ 

Անունը ասկէ առաջ ըսած եմ՝ Մուշեղ չարքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, այո, չարքեպիսկոպոս։ 

Ըսեմ, թէ ինչու՞ չարքեպիսկոպոս։ Որովհետեւ այդ մարդուն ժամանելէն ի վեր Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, բացի չար լուրերէ ընդհանրապէս, ուրիշ լաւ բան չենք լսած։ 

Եւ պատկերացուցէք, որ Մուշեղ չարքեպիսկոպոսի նման մէկը Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, որ կը գործէ Սփիւռքի տարածքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու օլիգարխ՝ Վիգէն Յովսէփեան, եւ նոյպէս օլիգարխ՝ կինը Նօրա Յովսէփեան: 

Պատկերացուցէք, որ ըստ հաւաստի աղբիւրներու, կը փորձէին վերընտրել Մուշեղ չարքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին ընդամէնը երեք ու կէս տարի առաջ։ Բայց հրաշքով մը, ներսէն ուժեղ հակապայքար գնաց եւ ազատ եւ ոչ կուսակցական մամուլի անդամները, ձեր խոնհար ծառաները բացայայտում կատարեցին։ Եւ այդ բացայայտումը, եթէ շատերդ կը յիէք, հիմա պիտի խնդրեմ, որ էկրանի վրայ ցոյց տրուի: 

Այս տխրահռչակ երկու կերպարներուն նկարները դիտեցէք, դեմքերը դիտեցէք։ Մէկը ամօթալի՝ ամօթ միւսն ալ անամօթ։ 

Տէրտէր կայ, որ տղայ կը սիրէ, տէրտէր ալ կայ, որ տէրտէրի կին կը սիրէ։ Եկէք ասոր մէջէն ելէք տեսնեմ։ Տէրտէր կայ, որ դրամ կը սիրէ, տէրտէր ալ կայ, որ հոգեւոր ծառայի առաքելութիւն կատարել կը սիրէ։ Եւ Աստուած չընէ, որ այդ հին սատանան նորէն վերադառնայ, Կիլիկեան Թեմի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Ազգային Առաջնորդարան: Շատ ուժեղ հարուած կը ստանայ — ըստ բազմաթիւ հաւատացեալներու։ Ասիկա միայն Աբօ Չափարեանի կամ Ոսկան Մխիթարեանի խօսքը չէ։ Ասիկա բազմահարիւր, բա- ռացի կ՛ըսեմ ձեզի, բազմահարիւր — չըսելու համսր, բազմահազար սրտացաւ հայերու եւ հայուհիներու խօսքն է, սիրելիներ։ 

Ազատ մամուլի պարտականութիւնը ի՞նչ է որ։ Ազատ մամուլին պարտականութիւնը թարգման հանդիսանալ է։ Անգլերէն լաւ խօսք մը կայ «Give voice to do real people», այսինքն ձայնը լսելի դարձնել ժողովուրդի այն լայն մասսային, որ ձայն չունի։ 

Այսօրուայ օրով շարլատանները դժբախտաբար կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու խոշոր հատուածին վրայ եկած նստած են եւ քար ու քանդ ըրած են եւ կը շարունակեն ընել քաղաքական կազմակերպութիւններ առանց խտրականութեան եւ նաեւ քար ու քանդ կը շարունակեն ընել, եթէ անշուշտ իրենց թոյլ տրուի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին եւ եթէ նաեւ իրենց թոյլ տրուի, նաեւ քար ու քանդ պիտի ընեն մշակութային, ուսումնական եւ մարզական կազմակերպութիւններ եւս։ 

Լաւ լուրը այն է, որ ի պատիւ մեր ժողովուրդին, վերջին հազար տարուայ մէջ, առաջին անգամ ըլլալով մեր ժողո- վուրդը Ազգին Տունը մաքրելու աշխատանքի լծուած է, ամենուրեք։ Հայ ազգը իր ազգային տունը մաքրելու լծուած է։ Եւ ՀԱՅ ԱԶԳ ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք: Հայրենի եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդը: Բոլորս միասին կը կազմենք հայ ազգը։ Եւ Հայ Ազգին ի՞նչ կը պատկանի: Բոլորս հայ ազգին կը պատկանինք — Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը իր թեմերով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր թեմերով, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը ՀՄԸՄ, Հայ Մարզական Միութիւնը ՀՄՄ, Հնչակեան, Ռամկավար, Դաշնակցական կուսակցութիւնները: Շարքը երկար է: Մենք հարուստ ենք կազմակերպութիւններով։ 

Ուրեմն, երբեք-երբեք, սիրելիներ, խօսքս կ՛ուղեմ կազմակերպական ղեկավարներուն, որ խելակորոյս դարձած էք։ Երբեք դուք ձեզի մի խաբէք, որ դուք էք տէրն ու տիրականը ձեր ղեկավարած կազմակերպութեան, ըլլայ կրօնական, կամ հասարակական, կամ քաղաքական։ Դուք ընդամէնը, անգլերէն կ՛ըսեն «care takers» էք – հոգաբարձու էք։ 

Հիմա, վերադառնալով Թորգոմ Սրբազան Եպիսկոպոս Տօնոյեանի ոսկէ ակնարկին, որ Հայ ժողովուրդի ամենամեծ հրաշքներէն մէկը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին է։ Ես ուրախ եմ ձեր հետ կիսուելու այն փաստի մասին, որ այս խնդիրը այսպէս պիտի չի վերջանայ։ 

Եւ ժամանակին ինպէս որ կը յիշէք, էկրանի վրայ նորէն պիտի ցոյց տանք, մենք հեռարձակած էինք «Save Western Diocese» «Save Western Prelacy» save, այսօր պիտի այդ լուսանկարը համալրենք, Save, այսինքն փրկենք Կիլիկեան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը, փրկենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը պիտի համալրենք հիմա նոր յաւելումով։ 

Փրկենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, փրկենք Մեծն Տանն Կի- լիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Այո, ի պատիւ Արամ վեհափառին, որ լրիւ հակապատկերն է Գարեգին Բ չկաթողիկոսին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պէտք է փրկուի ներքին տզրուկներէ, քաղաքական կուսակցութիւններու շեֆերէն, որոնք գաղափարախօսութեան սննկութեան պատճառով փողի խնդիր ունին այսօր լուծելիք եւ կ՛ուզեն չարաշահել Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, կ՛ուզեն օգտագործել որպէս կթան կով։ 

Տեսէք, գերաշնորհ Թորգոմ սրբազան եպիսկոպոս Տօնոյեան, ես թիւրին- թիւրին այս կոչումները չեմ ճանչնար: Ամէն կրօնական չակերտեալ ղեկավար իր կոչումին իսկական արժանի տէրը չէ։ Ատոր համար Արեւմտեան Western Diocese-ի մարդուն համար նոյնպէս կ՛ըսենք չարքեպիսկոպոս եւ Կիլիկեան Կաթողիկութեան Արեւմտեան Թեմի նախկին առաջնորդին կ՛ըսենք չարաջնորդ եւ չարքեպիսկոպոս Մուշեղ Մարտիրոսեան։ 

Չարքեպիսկոպոս՝ չարիքի արքեպիսկոպոս 

Չառաջնորդ՝ դէպի չարութիւն առաջնորդող։ 

Յառաջիկայ յայտագրի ժամանակ մենք պիտի խօսինք «The Elephants In The Room», այսինքն փիղերը սենյակին մէջ։ Այն փիղերը, որ երկու մարդ կամ խումբ մը մարդիք իրար հետ կը զրուցեն, բայց անդին փիղը կանգնած է, որ բոլորն ալ կ›անտեսեն։ Այս պարագային՝ ՓԻՂԵՐԸ ՍԵՆԵԱԿԻ ՄԷՋ, մէկը Կիլիկեան թեմի պարագային դաշնակցութեան կուսակցութեան, այդ ազգային կուսակցութեան, որ իսկապէս լաւ գաղափարախօսութեան կուսակցութիւն մըն է, սակայն այսօրուայ օլիգարխները մաֆիայի վերածուած են։ 

Իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկութեան պարագային, ղարաբաղեան մաֆիային հետ կը փորձեն կլանել ամէնը, այս մասին մանրամասնութեամբ՝ յաջորդին։ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *