ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը նամակ մը յղած է Միջազգային ողիմպիական յանձնախումբի նախագահին՝ այս տարի Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական ամառնային խաղերուն Ատրպէյճանը մասնակցութենէ զրկելու վերաբերեալ։
Նամակը յղուած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահին, Փարիզի քաղաքա-պետութեան, ինչպէս նաեւ մարզանքի նախարարին։
Նկատի ունենալով Արցախի ժողովուրդին դէմ Պաքուի իրագործած ցեղային զտումը` շարժումը կոչ կ՛ընէ՝ արգիլելու Ատրպէյճանի՝ իբրեւ պետութիւն ներկայացումը Ողիմպիական խաղերուն եւ ատրպէյճանցի մարզիկներուն մասնակցութիւնը արտօնելու միայն չէզոք դրօշակի տակ։
Բնականաբար սոյն կոչը յղուած է Պաքուի ցեղասպան քաղաքականութեան պատճառով իրենց պապենական հողերէն 120,000 հայերու բռնի տեղահանման պայմաններուն մէջ։
Նամակին պատասխանած է միայն Ֆրանսայի Ողիմպիական ազգային յանձնախումբը՝ ընդունելով իրավիճակը եւ դիտել տալով, որ իրենց կեցուածքը համահունչ է Ֆրանսայի կառավարութեան կեցուածքին եւ անոր դիւանագիտական ջանքերուն՝ նշելով. «Մենք չենք կրնար անհաղորդ մնալ այսպիսի աղէտի մը հանդէպ»։
Շարժումը պիտի շարունակէ յանուն արդարութեան ճնշում գործադրել։