
USA ARMENIAN LIFE TV 02.23.24 հետազօտող լրագրողներ՝ Աբօ Չափարեան եւ Ոսկան Մխիթարեան: Արտագրումը՝ ներքեւի մասը:
Աբօ Չափարեան — Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։
Ինչպէս կը յիշէք անցած շաբաթուայ հաղորդումի աւարտին սկսանք խօսիլ The Elephant In The Room, այսինքն Փիղը Սենեակի Մէջ։ Մեծ ընտանիք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Յաթողիկոսութեան պարագային՝ Փիղը Սենեակի Մէջ՝ մեր կուսակցական օլիգարխներն են։
Իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսեան Արեւմտեան Թեմի մէջ, «Փիղը Սենեակի Մէջ՝» սովետա-օսմանեան մաֆիան է, որ այս ժամանակներուն նաեւ կը կոչուի ղարաբաղեան մաֆիա։ Եւ եթէ ուշադիր լինէք արցախեան չի կոչուիր, որովհետեւ արցախցիները տարբեր մարդիք են: Իսկ ղարաբաղցիները՝ սովետականացած, օսմանացած հակահայ դարձած:
Նոյնն ալ՝ Սփիւրքի տարածքին։ Կան հայանուններ, որ էութեամբ հակահայ են, որոնք իրենց հոգին ծախած են մամոնային: Հոգին ծախած են չգիտեմ ինչ շրջանակներու եւ այդ շրջանակներու անունով` կու գան իրենց սեփական ժողովրդին «bullying բուլլինգ» կ՛ընեն – կը վախեցնեն։ Օրինակի համար, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Յեղախոխական Դաշնակցութեան շրջանակի մէջ, կայ այդպիսի մէկ անձնաւորութիւն, որ կը կոչուի Վիգէն Յովսէփեան։ Վիգէն Յովսէփեան չգիտեմ ինչ-ինչ կեանքի պայմաններու բերումով հանկարծ դարձած է չգիտեմ ինչ գործիք, որոշ շրջանակի մը։
Ըստ հաւաստի աղբիւրի մը, նոյնիսկ կուսակցական ընտրութիւններու ժամանակ, ան կը վախեցնէ իր կուսակցական շարքային ընկերներուն, որ «եթէ դուք չենթարկուիք իմ հրահանգի՝ մեր ցանկը չընտրէք, ձեզի ՛՛այսպէս կ՛ընեմ՛՛, ձեզի ՛՛այնպէս կ՛ընեմ՛՛ ՛՛այս ինչ մարմիններու միջոցով՛՛, երեւակայեցէք»։
Օրը պիտի գայ, որ աւելի մանրամասնութիւններու մէջ կը մտնեմ, եթէ պայմանները պահանջեն: Ի պահանջեալ հարկին պիտի ընենք ատիկա։ Եւ բարեբախտաբար այս տեղեկութիւնը միայն Աբօ Չափարեանի մօտ չէ, Ոսկան Մխիթարեանի մօտ չէ, այլ ջոկատ մը ազատ մամուլի աշխատակիցներու, եւ ոչ միայն Լոս Անջելոսի մէջ։
Ուրեմն՝ ընդառաջ, քանի որ անցեալ շաբաթուայ թեման կը վերաբերի «Փիղը Սենեակի Մէջ» հասկացողութեան, ի՞նչ կը նշանակէ:

Քանի որ նիւթը Կիլիկեան Թեմի Արեւմտեան Միացեան Նահանգներու Ազգային Առաջնորդարանին կը վերաբերի, երբ որ երկու անդամներ քով քովի կու գան, կը զրուցեն ներքին խնդիրներու մասին, երրորդն ալ իրենց կը միանայ։ Զրոյցի ժամանակ իրենք գիտեն, որ կուսակցական օլիգարխ շեֆերը, որոնք իրականութեան մէջ ոչ մէկ կապ չունին եկեղեցւոյ հետ, կը մարմնաւորեն «Փիղը Սենեակի Մէջ»:
Ազատ մամուլի աշխատակիցներ, ոչ մէկ քաղաքական կազմակերպութեան, ոչ մէկ կրօնական եւ հասարակական կամ համայնքային կազմակերպութեան որեւէ պարտք չունինք։ Մեր հաւատարմութիւնը կ՛երթայ մեր հաւաքական շահերուն։ Հայ ժողովուրդը, ինչպէս որ որ Արցախի մէջ նահատակուած ազատամարտիկ Կարօ Քահքէճեանը ըսած է, «ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ԺՈՂՈՎՈՒՐՆ Է»։
Ուրեմն, վերադառնալով «Փիղը Սենեակի Մէջ» արտայայտութեան, երբ որ զրոյց կը սկսի Ազգային Առաջնորդարանի ներքին խնդիրներու մասին, համարեայ երեքը լուռ կը մնան։ Որովհետեւ «ՀՐԱՀԱՆԳԸ ՎԵՐԵՒԻՑ ԵԿԱԾ Է», կուսակցական շեֆերու կողմէ, օլիգարխներու կողմէ, որոնք քաղաքական կուսակցութիւնը երեսի վրայ թողած հիմա եկեր են եկեղեցին բրնազաւթելու, իրենց մնայուն մարմաչի հիման վրայ։ Ժամանակին, այո, Պաղ Պատերազմի ժամանակ պաշտպանեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ազատ աշխարհի տարածքաշրջանի մէջ գործող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ըդդէմ բոլշԵւիկներուն, օքեյ, հիմա ատիկա վերջացած է:
Բայց մարդիկ մոռցած են իրենց գաղափարախօսութիւնը ի դժգոհութիւն բազմահարիւր շարքային ընկերներու։
Որպէսզի աւելի պարզաբանուած ըլլայ՝ Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այն փաստը, որ 1980-ականներուն, երբ Ամերիկաձի Միացեան Նահանգներու մէջ հազիւ թէ 300.000 հայեր կային, 300.000 հայի դիմացը Հայ Յեղոփոխական Դ ա շ ն ա կ ց ո ւ թ ե ա ն կուսակցականներուն թիւը 3000- ի մօտ էր, հաւանաբար նոյնիսկ 3000էն աւելի։

Իսկ հիմա, 2024 թիւին, երբ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքային անդամներուն թիւը պէտք է ըլլայ — ինպէս 300.000-ի դիմաց 3000 էր, հիմա 1,5 մլն-ի դիմաց պէտք է ըլլար 15.000։ Դժբախտաբար, ոչ։
Նոյնիսկ 3000 չէ մնացած, նոյնիսկ 1500 չէ մնացած: Այլ՝ 914 ըստ արժանահաւատ աղբիւրի մը, անշուշտ թիւերը 5 կամ 10-ը թիւով, այս կողմ, այն կողմ սխալմունք կրնայ ըլլալ: Պիտի խնդրէի, որ կապ հաստատէք խմբագրութեան հետ usarmenianlife@gmail.com, հասցէով պիտի խնդրեմ տրամադրել որ աւելի յստակ թուանշաններ, եթէ մեր ըսածը սխալ է։
Ուրեմն 914-ի վրայ, 287-ը բիւրոականներն են, որոնք հին գողապետականներու հետ զինակցած են եւ ամեն կերպ Հայաստանի թալանի դե-ֆակտոյ մասնակից եղած են։ Նոյնպէս եւ Հայաստանի ՀՅԴ-ի, Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը, նոյնքան պատասխանատւութիւն կը կրէ 2020-ի 44-օրեայի աղիտալի հետեւանքնեուն առթիւ։ Եւ նաեւ պատկերացուցէք 2023-ին Սեպտեմբեր 19-ի Արցախը դաշնակցական դռածոյ նախագահի ձեռքովը յանձնուեցաւ։
Ուրեմն, հիմա այդ թեման շատ խորունկ թեմա է: Շատ ժամանակ պահանջող թեմա է, հիմա մենք վերադարնանք Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ եւ շարունակենք։ 914-ի վրայ 287-ը բիւրոական, 289 «չեմչեմական», ատիկա ալ այսօր լսեցի, Վիգէն Յովսէփեանականները եւ 338-ը ոչ մի բանի չեն խառնուիր։ Ուրեմն պատկերացրէք, որ «The Elephant In The Room» աւելի դիմակազերցնենք այդ «Elephant In The Room» «Փիղը Սենեակի Մէջ»-ը, այս նոյն կուսակցական օլիգարխն երը ամեն քայլափոխին վերջին տասնամեակներուն ընտրուած առաջնորդներուն եւ ներառեալ այդ տխրահրչակ Մուշեղ չարքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին, որ չարաջնորդ է։ Իրենց գլխին տամոկլեան սուրի նման, կ՛իջեցնեն ըսելով, որ «Մենք ձեզի ընտրած ենք»։
Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ 2020 աւարտէն մինչեւ 2021-2022, 2024, մինչեւ այս օրերը։
Ուրեմն բիւրոականները եւ «չեմչեմականները», Վիգէն Յովսէփեանականները իրար գլուխ ջարդելու ելան ամերիկեան դատարաններէն ներս եւ ամիսներու, չըսելու համար՝ տարիներու երկայնքին, դատ-դատավարութիւն, բայց մինչ այդ, բարերար օգտակարութիւն ունեցան, ակամա, հակառակ իրենց կամքին։
Արեւմտեան Թեմը իրենց վերահսկողութենէն դուրս ինկաւ որոշ չափով եւ բարեբախտաբար սրտցաւ դաշնակցական հաւատացեալ ընկեր ընկերուհիներ եւ անկախներ, որ Արեւմտեան Առաջնորդարանի մէջ գործունեայ անդամներ են, ինպէս որ անցեալ հաղորդումին մէջ մենք նշեցինք, դիմեցին ազատ մամուլին եւ յայտնեցին թէ ինչպէս այդ նոյն կուսակցական օլիգարխները կ՛ուզէին վերընտրել նոյն այդ վաշխառու, անբարոյական, ուրիշի կիներուն աչք տնկած եւ ձեռքն ալ քիչ մը աւելի տնկած, ուրեմն անբարոյական ակտեր ըրած է, ատոր կ՛ուզէին վերընտրել։
Ուրեմն այդ նոյն շրջանակը, որ առողջ կը մտածէին, ի պատիւ իրենց կ՛ըսեմ ես, այս տեղեկութիւնը մեծամասամբ իրենցմէ փոխանցուած է USA Armenian Life-ին: Փառք ու պատիւ իրենց։ Ուրեմն այդ նոյն արժանհաւատ աղբիւրները կը նշեն, որ 1989 մինչեւ հիմա, մինչեւ 2024, 44 տարի է որ այտ տխրահրչակ Մուշեղ չարքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը Ամերիկա եկած է եւ ինչպիսի չակերտեալ «սխրագործութիւններ» գործած է, եւ այդ «սխրագործութիւններ»ու շարքին 1982-ի ժամանակները նորապսակ Լիբանանցի, անուններ չեմ ուզեր տալ, որովհետեւ չեմ ուզեր հին վէրքերը բացուին եւ չեմ ուզեր որ զոհերուն անունները հասարակութեան սեփականութիւնը դառնան։
Բայց եթէ Յովնան չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի նման փորձեր ընեն եւ դատարան տանին USA Armenian Life-ին, այն ժամանակ ստիպուած ենք բոլոր տեղեկութիւնները յանձնելու փաստաբանական ընկերութեան եւ փաստաբանական ընկերութիւնը պէտք է ամենը ներկայացնէ դատարան, որպէս փաստ։ Եւ ի պատիւ կարգ մը ազգայիններու, հաւատացեալ հայորդիներու եւ հաիւհիներու, արդէն այս փաստերը, որ ես ձեզի կը ներկայացնեմ իրենք պատրաստ են հաստատագիր ներկայացնելու։
Այնպէս որ շարունակենք հիմա նիւթը։ Ուրեմն նոյն այս մթնոլորտի մէջը գործած են կուսակցական օլիգարխները եւ թոյլ տուած են, որ 44 տարուայ ընթացքին այդ տխրահրչակ իր աշխարհական անունով Սագօ Մարտիրոսեանը, որ նաեւ ճանչցուեցաւ հետագային իբրեւ կուսակրօն քահանայ ընտրուելէն ետքը ճանչցուեցաւ, որպէս Մուշեղ Վարդապետ Մարտիրոսեան։ Եւ շատերը վերջերս սկսան զրոյցներու ժամանակ ըսել, որ այս մարդուն Ամերիկա ժամանելուն արթիւ 44 տարի՝ եղաւ եւ այստեղի սոցիալ հասարակական կեանքի մէջ, իր տեսակի մէջ՝ 2020-ի 44 օրեայի պատերազմի հետեւանքներու տարբերակը այստեղ ստեղծեց, այսինքն աղիտալի ժամանակաշրջան։
1980-ի սկիզբը նորապսակ զոյգի մը կնկան շարքէ դուրս կը բերէ, յետոյ իրեն դէմ սպանութեան լուրջ սպառնալիքներ: Յետոյ իրեն կը փախցնեն այստեղէն: Մէկ ամսի չափ մէկու մը տունը որպէս թաքստոց կը գործածէ: Յետոյ իրեն կը փախցնեն Անթելիաս: Մի քանի տարի ետքը աներեսօրէն, — ռուսերը կ՛ըսեն «նախալնո», աներեսաբար ետ կը վերադառնայ, Արեւմտեան Միացեան Նահանգներ:
Արեւմտեան Միացեան Նահանգներ կը վերադառնայ: Կը հաստատուի Օրընճ Քաունթի: Այնտեղի մասին շատ մանրամասնութիւններու մէջ պիտի չխորանանք հիմա:
Հետագային կուսակցական օլիգարխները զինք ընտրել կուտան չակերտաւոր-դրածոյ ազգային երեսփոխաններոու- այցինքն պատգամաւորներու միջոցով, որոնք մեծամասամբ կեղծ ընտրութիւններով եւ խարդախութիւններով, իրենց հերթին կուսակցութեան հովանիին տակ, «ընտրուած» էին «Ազգային Երեսփոխան»։
Անշուշտ որոշներ կան, որ շատ պատւաւոր Ազգային Երեսփոխաններ ընտրուած են, օրինակի համար Բժիշկ Միսակ Պարսամեան — իսկապէս արժանիք ունեցող ընտրեալ անձնաւորութիւն մը եղած է։ Օրինակի համար Յարութիւն Պեշլեան, Յարութիւն Բարսեղեան: Իսկապէս որ այս մարդիկ լաւ, բարձրորակ Ազգային Երեսփոխաններ ընտրուած են։
Բայց անոնց կողքին նաեւ խարդախութեամբ ընտրուած Ազգային Երեսփոխան անդամներ՝ նոյն այս վաշխառու չարքեպիսկոպոսին, որ այն ժամանակ Վարդապետ էր, բերին Օրընճ Քաունթիէն եւ զօրով՝ Թեմական Առաջնորդ ընտրեցին։
Ուրեմն Թեմական Առաջնորդ ընտրուելէն ետքը «շատ նուիրեալ քահանայի մը ցանկահարոյց կինն ալ շարքէ դուրս բերաւ»։ Եւ եթէ պէտք ըլլայ, բոլորի լուսանկարներն ալ պիտի հրատարակուի եւ հեռարձակուին։ Մէկ խօսքով հիմա այս արթիւ, այսքանով պիտի բաւարարուինք եւ պիտի չխորանանք, եւ այս տեղեկոպթիւնները USA Armenian Life-ին եւ Հայ Կեանքին փոխանցող սրտցաւ աւելի քան տասնեակ վկաները խնդրեցին, որ աւելի չխորանանք, յուսալով որ այս վաշխարուն ընդհանրապէս կը հեռանայ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն իր սխրագործութիւններով:
Պիտի խնդրեմ, որ այսօրուայ իմ զրուցակիցը յայտնի հրապարակախօս եւ հետազօտող լրագրող պարոն Ոսկան Մխիթարեանը իր զեկուցումը ներկայացնէ։

Ոսկան Մխիթարեան — Պարոն Չափարեան, նիւթէն որպէսզի չշեղինք, եւ չշփոթեցնենք մեզ դիտողները աւելի կ՛ուզեմ խորանալ Թորգոմ Սրբազանի հեռացումի մասին, խօսելով այդ մասին։
Ցաւը հոն է, որ ինչպէս անցեալ անգամ ըսինք, որ կանոնակարգի մեծ խախտում կայ այստեղ։ Առանց Երեսփոխական Ժողովի, Թորգոմ Եպիսկոպոս այստեղէն հեռացաւ։ Թէեւ կ՛ուզէի ըսել, որ հեռացուեցաւ: Որովհետեւ կասկածէ վեր էր, որ այդքան գնահատուած երիտասարդ առաջնորդը մէկ օրուայ մէջ գահընկեց դարձաւ եւ այն պատճառաբանութեամբ, որ իբրեւ թէ այսուհետեւ հիւանդ է եւ պէտք ունի հանգստեան, հետեւաբար կը հեռանայ իր աթոռէն։
Սիրելիներ,
Այս խաբեբայութիւններուն պէտք է վերջ դրուի: Շատ յստակ է թէ ինչ պատահեցաւ: Այս բոլորը կ՛անդրադառնան նաեւ մեր գաղութային կեանքի վրայ։ Այս գաղութը օտար ափերու վրայ, եթէ պիտի ուրճանայ, բարգաւաճի, ինքնութիւնը պահպանէ, մենք այսպիսի անակնկալներու պէտք չունինք, որովհետեւ ի վերջոյ եկեղեցին մեզ հաւաքով զօրաւորագոյն ուժն է Սփիւռքի մէջ, ամէն տեղ, ընդունինք, թէ չընդունինք։ Ոչ միութիւններն են, ոչ կուսակցութիւններն են։ Ամենն ալ երես դերակատարութիւն ունին, բայց այդ շաղախը, որ կրնայ մէջտեղ բերել՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին է։
Հետեւաբար այս փոթորիկները պատճառ կ՛ըլլան, որ մեր ժողովուրդը տակաւ առ տակաւ, ոչ թէ իր յարգանքը կորսնցնէ, այլ ամբողջութեամբ հեռանայ։ Հոս է մեր մտահոգութիւնը։ Թորգոմ Սրբազան այսօր չի կայ: Հեռացուեցաւ։ Այնպէս որ չենք ուզեր մենք մեզի խաբել։ Ինչու՞ Երեսփոխան Ժողովի մէջ չեղաւ այս բոլորը: Ինչու՞ չարդարացուեաւ այս հարցը, որ Թորգոմ Սրբազան հիւանդ է, եւ բժշկական այսինչ յանձնարարութեամբ կը հեռանայ։
Նման բան չի կայ։ Ինչու՞ չի կայ նաեւ Արամ Կաթողիկոսի խօսքը այս բոլորի մէջ։ Ի վերջոյ իր միաբանն է չէ՞: Չեմ ուզեր խօսիլ նախընթանցքներու մասին։ Ակնարկեցինք արդեն, հիմա մեր մտահոգութիւնը Թորգոմ Սրբազանն է։ Արամ կաթողիկոս ըսելիք չունի՞։ Պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի չլսե՞նք Անթիլիասէն: Սա կը նշանակէ որ այստեղի կուսակցական ղեկավարները, ինչպէս որ պարոն Չափարեանը ակնարկեց, տէր ու տիրականն են Առաջնորդարանին: Սա կը նշանակէ, որ իրենց ուզած մարդը կը բերեն, կը նշանակեն: Իրենց ուզած մարդը կ՛արձակեն։ Անցեալին ալ այդպէս էր։ Ակնարկեց պարոն Չափարեանը, քանի անգամ։

Մուշեղ սրբազանի ընտրութիւնները, ընտրութիւն չեն եղած: Ես գրած եմ այդ մասին, մամուլի մէջ: Պարզապէս՝ առ ի յիշեցում: Վերջին ընտրութեան յայտարարուեցաւ որ Մուշեղ սրբազան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ: Սիրելիներ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ: Ի՞նչ միաձայնութիւն երբ 11 հոգի՝ անոնք ալ կուսակցական են: Ձեռնպահ կեցած են: Որովհետեւ զզուած էին Մուշեղ սրբազանէն: Հետեւաբար այս կեղծիքներուն վերջ տանք: Տէր կանգնինք եկեղեցիին: