ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ՏՈԼԱՐՆԵՐ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԱ՞Ծ. ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱՊՆԴՈՒՄԸ ուղղուած՜ ՌԱԿ-ին եւ անոր մշակութային թեւ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) եւ ՌԱԿ-ԹՄՄ-ին պատկանող բոլոր լրատուամիջոցներուն ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆ
Ստորեւ տեսնել՝ USA ARMENIAN LIFE TV 03.01.24 հետազօտող լրագրողներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի հեռուստային զրոյցի արտագրումը:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ,
Այսօրուայ իմ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս եւ հետազօտող լրագրող՝ պարոն Ոսկան Մխիթարեան։
Այս օրուան թեման հրատապ թեմայ է։ Աչկաթող մի ընէք, որովհետեւ այսօր ինչ որ մենք կը կատարենք, ինչ որ կը մտածենք, եւ ինչ որ կը գործենք՝ վաղը արդիւնքը կը ստանանք։
Հռչակաւոր խօսք մը կայ «ան որ չաշխատիր, ամառը չեմ գիտեր ինչ կ՛ուտէ ձմեռը»։ Ուրեմն, նոյնն ալ հաւաքական կեանքի մէջն է։
Մեր անհատական կեանքը կրնայ շատ ուրախալի ըլլալ, բայց մենք չենք կրնար, չենք կարող փղոսկրեայ աշտարակի մէջ ապրողի հոգեբանութեամբ առաջնորդուիլ։ Եթէ մեր անմիջական շրջանակը եւ աւելի լաւը՝ ընդլայնուած շրջանակը՝ ազգը, ամբողջ ազգը, միայն ընտանիքը չէ, ընտանիք-ընտանիք-ընտանիք, այո լաւ է, բայց ընտանեկան եսասիրութիւնն ալ լաւ չէ։
Ինքնակեդրոնութիւնը լաւ չէ, պէտք է մենք աւելի մեծ ընտանիքի մասին խորհինք։ Եւ սովետա-օսմանական աշիրեթական մտածելակերպէն մենք դուրս պէտք է ելլենք։
Եթէ կ՛ուզենք իսկապէս առողջ արմատներուն վերադառնալ, պէտք է մոռնանք օսմանա-սովետական այդ վատ սովորութիւնները եւ վերադառնանք մեր իսկական արիական, արժանապատիւ, հայի կերպարին եւ իւրաքանչիւրս դառնանք ինքնիշխան մարդկային էակներ, ինքնիշխան քաղաքացիներ, նո’ր` այն ժամանակ, մենք կ՛ունենանք ինքնիշխան պետութիւն։ Երկու զոյգ հանրապետութիւններով ի Հայաստան եւ ի Արցախ եւ նաեւ կ՛ունենանք բաւականին առողջ եւ կենսունակ, կենսուրախ ազգ, Հայ Ազգ, իր հայրենի եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդով։
Բայց այդ բոլորը չենք կրնար իրականացնել, Եթէ անմիջականօրէն, ինպէս որ անգլերէնով կ՛ըսեն «in the immediate vicinity» – եթէ մեր անմինջական շրջապատը չապանեխենք։
(Երբեմն անգլերէն բառեր կը գործածեմ, որովհետեւ ահագին հին ամերիկահայ ընկեր-ընկերուհիներ կ՛առաջարկեն, որ այս հաղորդումները նաեւ անգլերէնով ներկայացնենք, որպէսզի իրենք աւելի մօտէն իրազեկուած ըլլան։ Երեւի, որ ժամանակը գայ եւ մենք պէտք եղած բիւտժէական խնդիրները կը լուծենք, աւելի կ՛ընդլայնենք։ Այս առթիւ պէտք է ըսեմ, որ ես խորհին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ USA ARMENIAN LIFE-ի եւ HYE KIANK-ի զօրակիցներուն, ընթերցողներուն, գովազդատուներուն եւ հովանաւորներուն։)
Ուրեմն, այս օրուայ դրութեամբ՝ ի պատիւ բոլորիս ազատ մամուլի անդամ USA ARMENIAN LIFE-ը ունի տպագիր տարբերակ usaarmenianlife.com, USA ARMENIAN LIFE Facebook page, USA ARMENIAN LIFE հեռուստահաղորդումը TV-ն, HYE KIANK տպագիր տարբերակը եւ նաեւ e-blast, որը էլեկտրոնային տարածում ունի։
Պէտք է ըսել, որ այս համախառն հեռուստադիտողներու եւ ընթերցողներու թուաքանակը արդէն շուրջ 200.000 է։ Անոր համար է, որ շնորհիւ մեր ընթերցողներու եւ զօրակիցներուն իւրաքանչիւր խօսք, որ կ՛արձակուի կամ յօդուած, որը կը հրատարակուի ուշադրութեան կ՛արժանանայ եւ մենք ատոր համար երախտապարտ ենք։
Հիմա գանք այն ամենեկարեւոր նախապայմանին, որ ինչ պէտք է ընենք որպէսզի մեր ազգին ապագան աւելի առողջ հիմերու վրայ դնենք, յաջորդ սերունդին համար վարդայեղեղ արշալոյսը աւելի մօտեցնենք հայկական իրականութիւնը։
Ուրեմն մեր ներքին տզրուկները, յաջիս Թէքէյեան Մշակութային Միութեան անշուշտ այդ ալ ըսեմ, որ այսօրուայ թեման Թէքէյեան Մշակութային Միութեան հետ կապ ունի, բայց ինպէս որ մեր նախորդ հաղորդումներուն տեսաք, դժբախտաբար-դժբախտաբար բազմաթիւ, հիմա արդէն բազմաթիւ դարձած է – կրօնական, հասարակական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ շարքէ դուրս բերուած են օլիգարխներու կողմէն։ Եւ այսօր, մենք Թէքէյեան Մշակութային Միութեան մասին պիտի խօսինք եւ իրենց ղեկավարութեան, օլիգարխ ղեկավարութեան կատարած սեւ գործերու մասին, բայց այսքանով պիտի չբաւարարուինք կարկինը լայն պիտի շառունակենք բանալ ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը բազմիցս յայտնած է։
Ուրեմն աւելի քան 2 ամիս առաջ բազմաթիւ ընթերցողներէ եւ հեռուստադիտողներէ բողոքի ձայնը լսելէ ետքը, որ ինչու արդէն 2024 թիւն է, ինչու մինչեւ հիմա Թէքէյեան Մշակութային Միութեան կողմէ Լոս Անճելոսի մէջ նախկին ժամանակներուն բանեցուած Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը, որ հաշուէյարդարի ենթարկուեցաւ եւ արհեստական պատճառներով աշակերտներուն թիւը սիսիստեմատիկ, բեմականացուած ձեւով կասեցնելէն ետքը եւ նուիրեալ տնօրէնը բռնի՝ հանգստի կոչելու միջոցով Վարդգէս Գուռույեանին, պարոն Գուռույեանին, Արշակ Տիգրանեան վարժարանը, փակուեցաւ այն խոստումի հիման վրայ, որ նոր վայրի մէջ, հայաշատ իբրեւ թէ Հոլիվուտէն աւելի շատ հայաշատ կեդրոն կայ – հողածերտ պիտի գտնէին: Այո Կլենտէյլը աւելի հայաշատ է քիչիկ մը, բայց Հոլիվուտն ալ պակաս հայաշատ չէ։ Փաստը այն է, որ, Պարոն Մխիթարեանը, քիչ ետք ձեզի համար բաղտադրութիւն կ՛ընէ, թէ ինպէս այսօրուայ օրով նոյն Հոլիվուտի մէջ Ալեքս Փիլիպոսը ինպիսի աշխոյժութեամբ իր գործունեութիւնը առաջ կը տանի որպէս վարժարանը։
Ուրեմն, մինչեւ հիմա, սիրելիներ, աւելի քան 2 ամիս է մամլոյ հարցապնդումին որ ուղուած էր Թէքէյեան Մշակութային Միութեան տէր եւ տիրական քաղաքական կազմակերպութեան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը – ՌԱԿ եւ ՌԱԿ-ի մամուլի ուղուած հարցապնդումը ցայսօր անպատասխան կը մնայ։ Ասիկա շատ ամօթալի է եւ որպէսցի հանրութեան յիշուղութիւնը թարմացնենք, միասին դիտենք 2 րոպէանոց տեսանիւթ մը, որ ծնողներու կողմէ տեսագրուած է 2015-ի Ապրիլ ամսուայ կէսին, միասին դիտենք եւ զրոյցը կը շարունակենք:
9:51 — Parent #1 (Female) – Ամենից առաջ պատասխանեք՝ դպրոցի շէնքը ծախված է թէ ոչ:
9:58- Տնօրինուհի. Ոչ
9:51 — Parent #1 (Female) – Դուք ուզու՞մ էք շարունակել թէ ոչ:
10:00 — Տնօրինուհի. Այո
10:14 — Տնօրինուհի – Ամեն ինչ իմ ձեռքի մէջ կայ … Ինչ որ ուզում էք որ ես անեմ պատրաստ եմ:
10:19 – Ծնող թիւ 3 (ուսանողի հայր) – Մի հատ հարցին պատասխանէք. Շէնքը escrow-ում ա թէ չէ; Կարեւոր հարց է ատիկա: Եթէ escrow-ում ա իմանանք:
10:38 — Տնօրինուհի. Ոչ.. բայց էս բամբասանքը մի տարի առաջ էին արել:
10:49 — Ծնող թիւ 4 (ուսանողի հայր) – Մի հատ ասէք հասկանանք՝ Թէքէյեան Մշակութային Միութիւնը կը պահպանի՞ թէ ոչ: Պարոն Մատոսեան, աս1ք, Թէքէյեան Մշակութային Միութիւնը կը պահպանի՞ թէ ոչ: Մէկ, յստակ խօսքով յայտարարէք:
11:10 — Մատոսեան, ….
11:19 — Ծնող թիւ 4 (ուսանողի հայր) – Պարոն Մանտոսեան, երբոր չէք ասում Թէքէյեան Մշակութային Միութիւնը ընտրութիւն է կատարել, ոչ դու, ոչ նա, ոչ նա: Կարո՞ղ էք բացատրէք կենտրոնական միութիւնը ցանկանու՞մ է որ դպրոցը պահի թէ ոչ: Պատասխանեք: Որ մենք էլ …. Ձեզ նրան էլ միւսին էլ հասկանանք:
11:46 — Ծնող թիւ 5 (ուսանողի մայր)– Արդեն որոշել են որ պիտի պահեն:
12:10 — Տնօրինուհի. Այո
12:12 — Ծնող թիւ 5 (ուսանողի մայր) – Նորից եմ կրկնում. Դպրոցի շէնքը չի ծախվել: Ներողութիւն, Պարոն Մանտոսեան, գիտեմ: Կենտրոնական վարչութիւնը ասում է ուզում է շարունակի: Թողէք առանց պոռալ եւ վիրավորել կլինի՞ ամենքի ջանքով դրամ յայթայթենք դա ֆոնդն է, դա անդամավճարն է, դա բող հավաքեն: Գոռալ կանչել թող չի լինի: Կենտրոնական Վարչութիւնը թող ասի որ ինչ որ հարկաւոր է անենք: Մենք գիտենք որ բոլոր ընտանիքներում միլիոնաւոր պատմութիւններ կան բոլոր ընտանիքներում: … Լավ այդ ընտանիքը փրկելու համար … երբոր ծայրագոյն վիճակում է հաբշտապ բաներ էք ասում… հստակ ասէք նիւթական պակասը փակենք եւ դպրոցը շարունակենք …
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Պարոն Չափարեան, ձեռքը վէրքի վրայ դրիք այս պարագային, որովհետեւ ինչպէս որ նախապէս յաճախ կը կոչենք եւ կը բարձրաձայնենք, որ հայ եկեղեցին մեր ինքնութեան կռուաններէն մէկն է, երբէք չենք զլանար ըսելու մեր դպրոցներու համար, որոնք մեր ինքնութեան շտեմարաններն են։ Այդտեղէն պիտի ծնինք մեր ապագայ սերունդները։ Եւ այսօր խոր գիտակցութիւն ունենալով հանդերձ մեր Ռամկավար եղբայրները Թէքէյեան Վարժարանը փակեցին, ինչպէս որ դուք նշեցիք զանազան հերիւրանքներով։
Այսօր տարիներ անցած են: Դպրոց մը չշինուեցաւ: Եւ այդ աշակերտները վստահաբար մեկնեցան օտար վարժարաններ, որովհետեւ Հոլիվուտի պէս հայաշատ գաղութի մը մէջ միայն մէկ դպրոց կայ Ալեքս Փիլիպոս Վարժարանը։
Ռօզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանէն ներս շարքի կանգնած են մարդին։ Բոլոր անոնք որոնք մանաւանդ հայութեամբ կ՛ապրին, հայութեամբ կը շնչեն, կ՛ուզեն իրենց երեխաները, թոռները հայկական դպրոց երթան։ Հետեւաբար դպրոցը սահմանափակ տեղեր ունի եւ ատոր որպէս հետեւանք՝ մեր հայ ուսսանողները կ՛երթան օտար վարժարան։
Սիրելի Ռամկավար եղբայրներ, այս դպրոցը ծախեցիք նախ հաշիւ ալ չտուիք։ Այս բոլոր մեր կազմակերպութիւններուն մէջ հաշուետւութիւն եւ թափանցիկութիւն չի կայ։ Անշուշտ պաշտօնապէս բոլորս ալ գիտենք, որ 14,5 մլն-ի ծախուեցաւ այդ վարժարանը: Հիմա հարց տանք անգամ եւս, անցեալին տուինք: այսօր իր գերեզմանի մէջը չեմ գիտեր եթէ կը դառնայ, Երուանդ Ազատեան։ Ինչ եղաւ վախճանը այդ 14,5 մլն եւ չգործածեցիք այդ գումարները նոր վարժարան մը բանալու, ըլլայ Կլենտէյլ կամ Վելիի որեւէ շրջանի մէջ։ Սա կը նշանակէ, որ դուք ժողովուրդին սուտ խօսեցաք, գրԵթէ 10րդ տարին պիտի ըլլայ վարժարանի փակումին, 2015-2024 10րդ տարին է։
Ի՞նչ եղաւ այդ դրամին։
Մի քանի անգամ ձեր յարգարժան մամուլի մէջ կարդացինք որ մի քանի տոլար ղրկած էք Թէքէյեան վարժարանին ի Լիբանան։ Մխիթարուինք, որմէ բան մը ղրկած էք: Ու՞ր է 14,5 մլն-ը։ Ֆլորիտա որու՞ հաշիւին մէջն է։ Այս անուններ կուտամ որովհետեւ իմ Ռամկավար եղբայրներէս իմացած եմ, թէ այդ գումարը ուր է ասյօր։ Հիմա սիրելիներ, ատոր վերջը ու՞ր պիտի երթայ, ե՞րբ պիտի սորվինք այս քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ ըլլալ թափանցիք եւ հաշուէտու։ Ի վերջոյ այս հաստատութիւնները ոչ քեզի կը պատկանին ոչ ինծի, ոչ այս կազմակերպութեան, ոչ այդ կուսակցութեան։ կը պատկանի ՀԱՅ ժողովուրդին։
Այս տապառը ինչու՞ կը զառնէք, Սփիւռքի մէջ արդէն հայ մնալը այդքան դժուար է։ Կա՞յ մէկը որ չգիտեր, կը կորսնցնենք մեր սերունդը։ Այս փոքրաթիւ դպրոցներով հայ սերունդ չենք կրնալ պատրաստել։ Դժուար է, անգլիախօս է մեր նոր սերունդը։ Հազիւ 3% հայկական դպրոց կ՛երթայ, հաւանաբար հիմա այդքան ալ չի կայ։ Լաւ ինպէ՞ս պիտի ըլլան անոնք, մեր ջահակիրները, ի՞նչ պիտի ըլլան մեր երազները հայրենիքի հանդեպ, Արցախի նկատմամբ, արեւմտահայաստանի նկատմամբ։
Ձեռքերնիս լուանք դուրս ելլե՞նք: « պիտի օտարանանք», կոչերով չի բաւեր սիրելիներ: Այս կոչերը ամերուրեք կը լսէք: Գործենք, կեանքի վերածենք մեր գործերը, որպէսզի յաջողութեան հասնինք։ Դպրոց փակելը, հայ ժողովուրդի հանդեպ կատարուած դաւաճանութիւն մըն է, թշնամին պիտի ընէ ատիկա եւ ոչ մենք։ Հոս է որ աւելի խորապէս կը ցաւինք եւ այդ տապառը կուգայ մերիններէն, մեր ժողովուրդին։
Սիրելիներ, մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն հիւանդութեան պէտք է բուժումը գտնենք, ամէն տեղ նոյնն է հիւանդութիւնը՝ եկեղեցի, բարեսիրական կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ, բոլորն ալ ոչ հաշուէտւութիւն ունին, ոչ թափանցիկութիւն ունին։ Եւ յետոյ կ՛ըսեն. «ինչու՞ ներկայ նոր սերունդը, չի կայ»: Նոր սերունդը, որովհետեւ կարեւորութիւն չէք տար նոր սերունդին, չէք ուզեր որ գան աթոռներ գրաւեն, ծերացաց զարամած նոյն անձերը կը տեսնենք։
Ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողովի մէջ պատկերներ կը նայինք. 70էն վեր զարամած նոյն երեսներն են, նոյնը այստեղ, հոգեբարձական մարմիններու մէջ տարեցներ։ Սիրելիներ, երիտասարդներուն տեղ տուէք, մեր նոր սերունդը զարգացած համալսարանական սերունդներ։ Առիթ տուէք նոր մտքերով գան եւ ճոխացնեն մեր եկեղեցին ալ, մեր դպրոցն ալ, մեր կազմակերպութիւններն ալ։ Մի անտեսէք երիտասարդութիւնը, որովհետեւ անոնք են մեր ապագան: Ես ու դուն չենք։
Մենք արդէն վերջին կայան կ՛երթանք, հետեւաբար, փոխանանձենք որոնք ետին մնացած են ձեռք երկարենք եւ իրենց տանք մեր փորձարութիւնները եւ մտիկ ընենք երիտասարդներուն, որովհետեւ մեզի առողջ միտք կրնան փոխանցել։ Հետեւաբար, ժամանակը հասած է, որ այլեւս այս նեխած մտնոլորտէն դուրս ելլնենք, թափանցիկ դառնանք, հաշուետու ըլլանք մեր ժողովրդին եւ սիրաշահինք զիրենց, որպէսզի գան եւ ազգային կեանքի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերեն։
Մեր ազգային կեանքը կեր ու խում չէ, սիրելիներ։ Մեր մշակոյթը արտասահմանի մէջ տակաւ առ տակաւ կը կորսնցնենք, 2 խրախճանքով հայ չենք կարող պահել։ Դպրոց է պէտք, եկեղեցի է պէտք, կազմակերպութիւն է պէտք հոն ուր երիտասարդներ կրնան համախմբուիլ եւ իրենց ըսելիքը ունենան։ Առիթ տանք մեր երիտասարդներուն եւ ներառնենք զիրենք մեր ազգային հաւաքական կեանքի մէջ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Հայկական վարժարանի մասին երջանկա- յիշատակ Գարեգին Առաջին Սարքիսեան Կաթողիկոսը, եւ ոչ թէ հիմիկուայ թուրիմացութիւնը Գարեգին Բ-ն — շատ բարձր գնահատանքով արտայայտուած է հայ դպրոցի նախախնամական դերակատարութեան մասին սփիւռքեան այս պայմաններու մէջ։
Ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը նշեց, ուծացումը այնքան ուժեղ հոսանքով իւրաքանչիւրիս վրայ կը յարձակի, որ շատ հեշտ է հայ մարդու ինքնութիւնը կորսնցնելը սփիւրքեան պայմաններու մէջ։ Ուրեմն աւելի քան կենսական է, որ հայկական վարժարանը, դպրոցը, հայ դպրոցը, հայ քաղաքական կառռոյցները, հասարակական մշակութային, մարզական, կրօնական կազմակերպութիւնները, բոլորն ալ առողջ վիճակի մէջ ըլլան։
Ուրեմն, անցեալ հաղորդումին խօսեցանք «Փիղը Սենեակին Մէջ» թեմայով։ Ուրեմն այս հաղորդումի մէջն ալ պիտի խօսինք «Փիղը Սենեակին Մէջ» մինչեւ որ կարողանանք փիղը սենեակէն դուրս շպրտել։ Այնպէս որ պարտաւոր ենք փիղը սենեակէն դուրս շպրտել , որովհետեւ եթէ փիղը մնայ սենեակին մէջ շնչելու տեղ չմնար, նստելու տեղ պիտի չմնար։ Ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը նշեց, մեր երիտասարդութեանը քիթով կը հրեն կը հեռացնեն, այո կը հեռացնեն, յետոյ ալ շուռ կուքան այս նոյնն կազմակերպական օլիգարխները, իրենք իրենց արդարացնելու համար կ՛ըսեն «օհ, երիտասարդութեանը հետաքրքրուած չէ»։
Ասի ինչ խոշոր սուտ է, այս սուտին վերջ պէտք է տրուի, մենք չենք կրնար, չենք կարող միւս կողմ նայիլ, որովհետեւ սենեակի մէջ փիղ կայ։ Փիղը պէտք է վտարուի, դուրս պէտք է ելլէ: Ազգին տունը պէտք է բնակեցուին Ազգին Տան բնակիչներով։ Ուրեմն մենք այսօր շօշափեցինք Թէքէյեան Մշակութային Միութիւն կազմակերպութիւնը եւ նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը նոյնպէս եւ մեր բոլորիս ալ, մենք մեծ ընտանիք ենք, եւ մեր ժողովուրդը հարուստ է կազմակերպութիւններով փառք Աստուծոյ, որովհետեւ գործունեայ ժողովուրդ ենք։
Կատակի բաժինը այն է, որ երբ որ երկու հայ իրար կը հանդիպին 3 հատ կուսակցութիւն կը հիմնեն, քիչ մը չափազանցութիւն կայ, բայց մէկ խօսքով աշխոյժ ժողովուրդ ենք։ Հետեւաբար այս աշխուժութիւնը դարերու ընթացքին կարողացած է մեր ժողովրդին տէր դարձնել անհաւատալի հարստութիւններու։ Եւ ես պիտի առաջարկէի, որ պարոն Մխիթարեանը իր ակնարկը մեզի ներկայացնէ, թէ ինչպիսի ազգային գանձ հանդիսացող կառոյցներ կան, անուններն ալ տայ եւ ինչ պէտք է ընենք պաշտպանելու համար, շարունակենք մեր զրոյցը:
Պարոն Մխիթարեա՞ն
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Պարոն Չափարեան, հոն ուր որ նոր սերունդը պիտի ուժեղանայ ինքնութեան խորը ճանաչում ստանայ՝ հայ դպրոցն է։ Ցաւ ի սիրտ պիտի ըսենք, որ վերջին անշուշտ քաղաքական վերիվայրումներու, որպէս հետեւանք ոմանք, բայց ընդհանրապէս մեր կողմէ ձախոխութիւն պէտք է նկատել, բոլոր հայ վարժարաններու փակումը ի սփիւռս աշխարհի, մասնաւորապէս՝ Լիբանանի այդ բոլոր գեղեցիկ վարժարանները, Յովակիմեան Մանուկեան, Դարուհի Յակոբեան: … Յակոբ Վարդիվառեանը շատ գեղեցիք յօդուած գրած էր եւ նշած էր բոլոր վարժարանները։ Մելոնեան Վարժարան Կիպրոս: Ինչ սերունդ հասցուցած է գեղեցիկ, ինչպէ՞ս կրնաք այդպիսի դպրոց մը փակել։ Որ այսքան սերունդ մը հասցուցած է, որոնք եղան ուսուցիչներ այլ վարժարաններու մէջ ի սփիւռս աշխարհի։
Այսօր մոռցա՞նք։ Այո, բողոքողներ կան: Նախկին ուսանողներ ոտքի ելան բայց չյաջողեցան կեանքի կոչել: Բարեբախտաբար յոյն կառավարութիւնը միջամտեց եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը չկրցաւ ծախել, ինչպէս ծախեց միւսները։ Ու՞ր կ՛երթաս Բարեգործական Միութիւն:
Պարոն Սեդրակեան, ու՞ր կը տանիս Բարեգործութեան Միութիւնը։ Դպրոցն է, ուր մեր աշակերտները ինքնութեան կազմակերպումը պիտի ստանան իրենց նկարագրի։ Հոն է որ պիտի դրծուին, հոն պիտի մկրտուին Մեսրոպեան լեզուով։ Չի կայ, չի կան մեր դպրոցները, կը փակէք: Փասատինայի մէջ կորսնցուցիք դպրոցը, Թէքէյեան Արշակ Տիգրանեան փակեցիք, Լիբանանի մէջ փակեցիք, Կիպրոսինը փակեցիք։ Ալլ ի՞նչ պիտի փակէք: Որու՞ համար կը պահէք այդ դրամները։
Այս սերունդը որ հայեցի դաստիարակութիւն պէտք է ստանայ, եթէ ոչ հայ դպրոցէն ներս: Մեր կիրակնօրեայ խեղճ վարժարանները բաւական չեն։ Մեսրոպաշունչ հայերէն լեզուն աղաւաղուած է այսօր Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ դուրսէն աւելի զօրաւոր հոսք կայ մեզ ընկճելու։ Մեր սերունդը անգլիախօս է, Եւրոպան ֆրանսախօս է, գերմանախօս է, 8 մլն դուրսն է, Պարոն Սեդրակեան։ Ինչպէ՞ս պիտի փրկենք մեր ժողովուրդը երբ կը փակենք մեր վարժարանները։ Հոս է, գանք կողք կողի, գլուխ գլխի տանք եւ մտածենք որ մեր նոր սերունդի ի՞նչ պիտի թողունք։
Ինչպէ՞ս մեր ջահակիրները պիտի ստանան Մեսրոպաշունչ լեզուն։ Հետեւաբար չփակենք մեր վարժարանները, ընհակառակը, մեր լաւագոյնը ընենք նոր վարժարաններ բանալու, որովհետեւ կարիքը կայ ամենուրէք: