Թեմա՝ Հայաստանում և Սփյուռքում արդի քաղաքական և հասարակական իրադարձությունները
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Բարի երեկոյ սիրելի հեռուստադիտողներ, անունս Աբօ Չափարեան է։
Մի քանի օր առաջ տեղափոխուեցայ Լոս Անճելոս, Մայր Հայրենիք կը գտնուէի եւ պէտք է ըսել, որ տպաւորութիւնները հետզհետէ միշտ դէպի աւելի լաւը կ՛երեւան։ Ինչու՞ այդպէս կ՛ըսեմ: Որովհետեւ ընդհանրապէս նկարագիրով լաւատես եմ: Եթէ բաժակին կէսը լեցուն է, ես կէս լցուած ըլլալը նկատի կ՛ունենամ եւ կը տօնեմ, տօնակատարութիւն կը կազմակերպեմ իմ հոգեմտաւոր էութենէս ներս եւ կը սկսիմ տարածել դրական զգացում ինչքան որ կրնամ։
Ուրեմն նոյնն ալ 2020-ի 44-օրեայէն անմիջապէս ետքը, երբ մեր ազգը հայրենի եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդը շառաչիւն հարուած մը ստացաւ, աղէտալի հարուած մը ստացաւ, ես ուշադիր լաւատես հայրենակիցներու խմբաւորումին կը պատկանէի, ըսելով, որ շատ աւելի վատը կրնար ըլլալ։ Ուրեմն, եւ իրոք այդպէս էր։ Եթէ մէջ քաջարի զինւորները սահմանը եւ իրենց ազգային արժանապատւութիւնը եւ Մայր Հողը իրենց արեան գնով չպաշտպանէին, մենք կ՛ենթարկուէինք եւս նոր՝ երկրորդ եւ վերջնական, ինչպէս որ Թուրքիոյ բռնակալ եւ Ատրպէյճանի բռնակալ Էրդողանը եւ Ալիեւը ըսին․ «Երկրորդ Եւ Վերջնական Ցեղասպանութեան պիտի ենթարկենք հայ ժողովուրդին»։
Ատիկա իրական էր, օդային խօսակցութիւն չէր։ Այս առաքելութեան առթիւ, ես հիմա այս պահին չեմ կրնար շատ մանրամասնութիւններ ներկայացնել, պէտք է ըսեմ, որ գործնական գետնի վրայ իւրաքանչիւրս իր պարտականութիւնները պէտք է ընենք եւ իւրաքանչիւրս ինքանով, որ կրնանք օգտակար ըլլալ, սկսած իրանահայութենէն մինչեւ Միջին Արեւելքի հայութիւնը, Եւրոպայի, արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայի, Ասիոյ, հեռաւոր Ասիոյ, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու, Օվկիանոյ, այսինքն Նիւ Զելանդ, Աւստրալիա եւ այլն՝ բոլորս ալ պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք, որպէսզի աջակցինք Հայաստանին եւ Արցախին, եւ զոյգ հայկական հանրապետութիւններուն Ինքնիշքանութեան եւ Պաշտպանութեան, եւ նաեւ Քաղաքական Կայունութեան Տնտեսական Հզօրութեան մեր լաւագոյնը պէտք է ընենք։ Ուրեմն, մէկ խօսքով, բոլորս էլ զինւոր ենք։
Այս առաքելութեան, ուխտագնացութեան առթիւ պէտք է ըսեմ, որ դժբախտաբար ժամանակ չկրցայ տրամադրել, նաեւ էներգիա բաւարար չկրցայ տրամադրել, որ այնտեղ պէտք եղած ձեւով իմ հարազատ ընկերներուն եւ ազգականներուն, այո, ազգական ունիմ Հայաստանում, ուրեմն ազգականներուն հանդիպէի, յոյսով եմ՝ մօտ ապագային։
Իսկ Հայաստան եղած ժամանակ իսկապէս որ ինծի համար մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ էր, որ հանդիպեցայ իմ գաղափարակից եւ աշխատակից գործընկեր Սուրէն Սարգսեանին։
Եղայ պարոն Սարգսեանի հիւրը ՄԵՐՈՆՔ-ի տաղավարի մէջ:
Ստորեւ՝ ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻ ԱՐՏԱԳՐՈՒՄԸ.
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Meronq.am կայքի եթերում ես շարունակում եմ «Մերոնք» շարքը, բարեւ ձեզ։
Գիտէ՞ք, ես հիւրեր քիչ եմ ունենում, բայց այսօր առանձնայատուկ արտակարգ հիւր ունեմ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներից՝ իմ գործընկերն է եկել՝ հետազօտող լրագրող ԱՄՆ «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր, USA Armenian Life հեռուստայայտագրի զրուցավար՝ Աբօ Չափարեանը, ում հետ ես ծանօթացայ ԱՄՆ իմ վերջին այցելութեան ժամանակ, եւ միասին հաղորդում արեցինք։
Պարոն Չափարեան, բարի էք եկել, շնորհակալ եմ մէկ Ձեր գալն իմացայ, մէկ էլ՝ գնում էք: Բայց շատ կարեւոր է, ես գիտեմ դուք շատ մտահոգ մարդ էք: Մենք էլ այսօր մտահոգութիւններ ունենք։ Մտահոգութիւններ ունենք աշխարհի հետ կապուած մեր տեղն ու դերը գտնելու հարցում եւ, կարծես թէ, մի քանի բանակի բաժանուած ենք։ Մի մասն ասում է օրհնուի ռսի ոտքը, մէկն ասում է ամերիկացու կամ չգիտեմ եվրոպացու ոտքը, մի ուրիշ մասն ասում է, ասենք իմպէսներն ասում են, եթէ մեր մտքի, մեր ուղեղի արժանապատւութեան վեկտորը չենք գտնում, մնացած բոլորր վեկտորները ինչ էլ փոխենք՝ ստրուկը մնում է ստրուկ։ Հիմա բարի էք եկել, համեցէք:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Բարի տեսանք եւ շնորհակալութիւն հրաւէրի համար։ Ինձ համար հպարտութիւն եւ ուրախութիւն է, որ ձեզ նման հայի
ՄԵՐ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Որպէսզի Եկեղեցի-Պետութիւն Յարաբերութիւնները Դառնան Բնականոն
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Փոխադարձ:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Իսկ ինչ կը վերաբերուի այն հատուածների միջեւ եղած զրոյցին, որ ռուսի կամ արեւմուտքի կամ արեւելքի կամ հիւսիսի, կամ հարաւի մասին՝ մարդիկ քիչ մը չափազանցուած երկրպագելու չափ ստրկանդութեան կը մօտենան։ Ես պիտի ըսեի, որ օրհնուի հայ զինւորի ոտքը։
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Ամեն:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – – Եթէ հայ զինւորի ոտքը…նախ եւ առաջ այն ալ ըսեմ, որ եթէ հայկական պետութեան քաղաքացին անհատական մակարդակի վրայ, որպէս մարդ, եթէ ինքնիշխան չ՛ըլլայ, ուրեմն չի կրնար զինւոր արտադրել:
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Համաձայն եմ:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ուրեմն այս ժողովուրդը, այս հասարակութիւնը այդքան ռազմաքաղաքական հասունութիւն ունի, որ կը կարողանայ այսպէս նուիրեալ զինւորներ արտադրել, ուրեմն այդ հասարակութիւնը արժանի է պետականութիւն պահպանելու։ Ուրեմն պետականութիւն պահպանելը կը նմանի, եթէ կ՛ուզէնք պարզացնել՝ բիզնես պահելուն։ Եթէ մէկը կ՛ուզէ բիզնես բանեցնել, ուրեմն պէտք է միլիոն տեսակի մտահոգութիւններ, հաշուառումներ կատարէ, իր տնտեսական անվտանգութիւնը, յաճախորդութեան մօտ վարքի բարձր մնալը եւ այլն, եւ այլն։ Պետութիւնն ալ։ Ամերիկացիք շատ հետաքրքրական մօտեցած են այս մտքին, որ բիզնեսի ձեւով կը մօտենան։ Ոչ թէ թալանչիական այս մեր վերջին 30-32 տարուայ հետսովետական կամ հետանկախութեան շրջանին, որ այդքան ալ փայլուն շրջան չեղաւ եւ մարդիք սխալ ըմբռնեցին բիզնեսը։ Խորհեցան, որ թալանչիութիւնը բիզնես է։
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Սեփական բիզնես սարքեցին պետութիւնը։ Դուք ամենավտանգաւոր բան էք ասում։ Այն ժամանակ գուցէ Ձեզ լսել են կամ այդ որտեղի՞ց որոշեցին, որ իրենց զաւակները պիտի փող ունենան եւ թքեն երկրի հոգու մէջ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Այո-այո, եւ իմ առաջադրանքն է եւ վստահ եմ իմ նման գաղափարակից ընկեր-ընկերուհիներ բաւակական լուրջ թուաքանակ կը կազմեն, որ կ՛ըսեն հետեւեալը. «եղբայր մենք բոլորին ալ կը սիրենք, ռուսներուն ալ կը սիրենք, ամերիկացիներուն ալ կը սիրենք, ֆրանսացիներուն ալ, արաբներուն ալ, պարսիկներուն ալ, բայց մենք պէտք է ամենէն առաջ հայամետութիւնը առաջ տանինք։ Եթէ մենք հայամետ չըլլանք եւ անընդհատ ռուսամետ, ամերիկամետ, չգիտեմ ինչամետ, ուրեմն մեր ինքնութիւնը կորսնցուցած կ՛ըլլանք։ Եթէ մենք մեր ինքնութիւնը կորսնցնենք, այն ժամանակն ի՞նչ ինքնիշխանութիւն, ի՞նչ սեփական պետութեան հայկական ինքնութիւն։
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Պարոն Չափարեան, տեսէք, մեզ անընդհատ, այ էդ ինքնութիւնը, «հա մենք հայամետ ենք», եւ այլն, եւ այլն, բայզ ասում են ռուսը չլինի, թուրքը ձեզ կ՛ուտի։ Հիմա ասում են, ամերիկացին գայ մեզ ռսից փրկի։ Այ էս ինչ-որ մէկից փրկուելու խնդիրը մեր ուղեղներում դեռ մանկուց…մենք երեխեքին ո՞նց էինք մեծացնում՝ «սուս մնայ, թէ չէ թուրքը կը գայ»։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Այո-այո-այո
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Մենք այդպիսի դառը տառապանք ենք ունեցել։ Այ հիմայ, ասում էք հեշտ է, ասելը հեշտ է։ Հիմա մեզ լսողները կ՛ասեն. «դե էս մարդն Ամերիկայից եկել այ, մեզ խելք ու խրատ ա տալիս։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Չէ-չէ, ես ոչ մէկին ալ ոչ խելք ու խրատ տալու կարիք չունիմ, ամենքն ալ բաւարար դատողութեան տէր մարդիք են, կրնան կշռադատել եւ հասնիլ եզրակացութեան։ Իմ կարծիքով ես Ամերիկայէն չեմ եկած այս տեղը դասախօսութիւն կարդալու, ես եկած եմ իմ համեստ — փոշիի չափ օգտակարութիւնը բերելու, ինչով որ կրնամ օգտակար ըլլալ։ Ուրեմն եւ ինձ համար տուրիզմ չէ, այլ ուխտագնացութիւն է։ Ուխտագնացութիւն դէպի իմ նախնիներու արմատները եւ ոչ միայն արմատները, այլ հզօրացած տնտեսապէս, ազգաբնակչութամբ, ռազմականապէս եւ քաղաքականապէս հզօրացած Հայաստանը։
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Այ էդ «ռազմականապէս»ը ո՞նց ենք տեսնում։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ռազմականապէսը իւրաքանչիւր զինւորը, որ կանգնած է սահմանին եւ իւրաքանչիւր զինւորը, որ թիկունքային աշխատանք կը տանի, կը նշանակէ, որ մենք ճիշտ ուղին բռնած ենք։ Ռազմականացումը չի նշանակեր միայն զէնքը։ Ռազմականացում նաեւ տեղեկատուական դաշտի անվտանգութիւնն է, ռազմականացում կը նշանակէ օրէնքի գերակայութիւնը, օրէնքի դիկտատուրան, եթէ կ՛ուզէք: Մարդիկ, որ դեմոկրատիայի մասին կը խօսին, ժողովրդավարութեան մասին եւ կը խորհին, որ խօսքի ազատութիւնը պէտք է յարգուի, բայց ոչ ազատ աշխարհի մէջ, այո ժողովրդավարութիւն, դեմոկրատիա կայ, բայց սահմանները գծուած են։ Եթէ մէկը իբրեւ թէ ազատ խօսելու ,ազատ արտայայտութեան իրաւունքի տէր է, եւ սկսի պետութեան ներքին գաղտնիքները բացել…
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Դա արդեն դեմոկրատիա չէ:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – … եւ անվտանգութեան համակարգը շարքէ դուրս բերել, ուրեմն դա արդեն դաւաճանութիւն է։ Յետոյ ես շատ բարձր կը գնահատեմ այն հայերու-հայուհիներուն, ովքեր յատկապէս տեղեկատուական դաշտը կը ծառայեն գիտակցությամբ եւ չեն մօտենար կարիերայի հասկացողությամբ։ Ատիկա ալ ռազմականացած մտածելակերպ է։
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Պարոն Չափարեան, դուք էն մարդն էք, ով շիտակ մարդ է, ես դրա համար հրաւիրեցի Ձեզ առաջին հերթին։ Հիմա տեսէք, մի մասը երանի է տալիս նախկին ժամանակներին, կան մարդիկ, որ ասում են «այ սրանք, որ կային» ասենք էդ թալանչիները, անունները չեմ ուզում էդ ստոր արարածների տալ, ինձ համար դրանք էդ են, ասում էին «ճիշտ ա թալանչի են, բայց չէին տուել, այ Նիկոլն եկաւ յանձնեց, հողերը ծախեց»։ Հիմա ես ուզում եմ ոչ թէ մէկին գովենք կամ ինչ-որ մէկին փնովենք։ Էդ երեւոյթը ինքնո՞վ է ճիշտ եւ ո՞նց են ընկալում մեր հայրենակիցները այ էնտեղ՝ Սփիւռքում։ Դուք ի՞նչ գնահատական կը տայիք մեր այս իրականութեանը։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Բաւականին դժուար եղաւ յստակեցնել մթնոլորտը։ 44-օրեայի ընթացքին դեռ գլխի չէին ընկած։ 44 օրեայէն ետքը նոր սկսան իրար հետ խօսիլ, յետոյ ձեր նման տեղեկատուական դաշտը բանեցնող հայրենակիցներուն զրոյցները մտիկ ընել, բացայայտումներուն ծանօթանալ։ Յետոյ գլխի ինկանք, որ նախկինները այդքան ալ լաւ չէին։ Ես ալ պատասխանատւութեան իմ բաժինն ունիմ։
Անգիտակցաբար ես էլ նախկիններուն հերթական զօրակցած եմ եւ ես ներողութիւն կը խնդրեմ իմ ժողովուրդէն։ Բայց չի նշանակեր, որ պէտք է իմ սխալի վրայ եւս մէկ սխալ գործեմ, ըսեմ «չէ լաւ էին-լաւ էին»։ Ոչ, ճշմարտութիւնը պիտի խօսինք։ Նախկինները ճանապարհը յարդած էին, որ 2020-ի խայտառակ ազգային աղէտը տեղի ունենայ։ Եւ պատասխանատւութեան բաժինը նաեւ ինձ ալ կը վերաբերի, բայց առիւծի բաժինը նրանց կը վերաբերի։ Սա է:
Մենք քանի որ ժամանակ չ՛ունինչ եւ անցեալի խնդիրներու վրայ շատ ժամանակ չ՛ունինք, ժամանակը շատ արագընթաց առաջ կ՛երթայ, մենք պէտք է ժամացոյցին դէմ վազք յայտարարենք։ Եւ ես կը հետեւիմ ձեր հաղորդումներուն, ձեր, Գեներալ Բաբայեանի ակնարկներուն ալ ծանօթացած եմ եւ ուրիշ հայրենակիցներու, որ կարող է եւ Ատրպէյճանը յարձակում գործէ եւ մենք պէտք է, որ ամեն գնով հայ ազգի ուժերը ամենաբարձր մակարդակի լարենք։ Հայ ազգ ըսելով , կը հասկնանք հայրենի եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդը։
Եւ այս առթիւ պէտք է ըսել, որ ի պատիւ նոր սերունդին, նոր ժամանակաշրջանին, ինծի համար նոր ժամանակաշրջանը սկսած է 2020-ի 44-օրեայէն անմիջապէս ետքը։ 2020- 44-օրեայէն առաջ ամեն ինչը ինքնախաբէութեան հիման վրայ եղած է եւ ես ալ՝ ե՛ւ դահիճն եմ եւ զոհն եմ այդ ժամանակուայ։
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Բոլորս էլ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – ․․․այնպէս որ նոր ժամանակաշրջանին ես իսկապէս կը զգամ, կ՛ապրիմ անկեղծութիւնը մեր հայրենի ոսկէ սերունդին: Ոսկէ սերունդը տարիքի սահմանափակում չունի՝ կրնայ մէկը 8 տարեկան ըլլալ…

ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Դա Շիրվանզադէի ոսկէ երիտասարդութեան հետ կապ չունի, ոսկէ սերունդը ուրիշ է:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ոսկէ սերունդը։ Ուրեմն 8, 18, 88,108 տարեկան — կապ չունի, առանց տարիքի սահմանափակումի։ Ուրեմն այս սերունդը՝ ոսկէ սերունդը ինձ կը թուի առաջին անգամ ըլլալով հայ ազգը միաւորուելու, անկեղծ մթնոլորտի մէջ է։ Միաւորուելու ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Բարի, Պարոն Չափարեան։ Դուք ասեցիք նախնիների հետ կապուած, բայց այ ներկային չասեցիք։ Ո՞նց էք գնահատում այսօրուայ Հայաստանի իշխանութեան համարժէք կամ ոչ համարժէք քայլերը։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ես այսօրուայ իշխանութիւններու ոչ պաշտպանողն եմ, ոչ ալ թիկունքէն հարուածողն եմ։ Ես գիտեմ, որ այսօրուայ իշխանութիւնները բացթողումներ ունին, բայց նաեւ գիտակից եմ, որ իրենց իմացածին չափ, կրցածին չափ կը փորձեն օգտակար ըլլալ, կը փորձեն ճիշտ ճանապարհը բռնել։
Եւ ես նոր մթնոլորտ մը կը տեսնեմ, որ օրէնքի գերակայութիւնը ի վերջոյ աշխատելու, գործելու նշաններ ցոյց կուտայ։ Ատոր համար է, որ ես կը խորհիմ գալիք տարիներուն, թեկուզ իշխանութիւնը փոխուի, այսօր իշխանութիւնը Փաշինեանը կ՛ըլլայ, Սողմոնեանը կ՛ըլլայ , միւս օրը Վարդանեանը կ՛ըլլայ: Կարեւորը Հայաստանի հասարականութիւնը պէտք է ամեն գնով իր ռազմաքաղաքական հասունութիւնը դրսեւորէ, ինչպէս եւ Ամերիկան։
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Եթէ ամեն մարդ իր տեղը, իր գործն անի նուիրուած, այդպէ՞ս չէ, ինչպէս եւ դուք։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Մեր ժողովուրդի մօտ ազգային գիտակցութիւնը շատ կարեւոր է եւ, դժբախտաբար, մենք ունինք օսմանցի, ես օսմանլի կ՛ըսեմ, օսմանցի մտածող հայեր նաեւ ունինք սովետական մտածելակերպի հայեր։ Եւ հիմա ոսկէ նոր սերունդը հայամետ ըլլալու նախանշանները ցոյց կուտայ եւ կենսական, կարեւորագոյն առաքելութիւնը այն է, որ մենք շատ արագ հեռացնենք այդ հին հիւանդութիւնները՝ օսմանեան եւ սովետական։ Եւ իսկական հայի կերպարը բացայայտուի։ Եւ ես ուրախ եմ ականատես ըլլալու եւ շփուելու այդ իսկական հայի կերպարը մարմնաւորող հայրենակիցներու եւ ազգակիցներու հետ։
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Պարոն Չափարեան, մի վերջին հարց էլ կամ չգիտեմ, ինչի՞ էք եկել Հայաստան մի քանի օրով կարճ, ի՞նչ նպատակով, ի՞նչ կար։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ես Հայաստան չեմ եկած որպէս հետազօտող լրագրող, ես եկած եմ որպէս ամերիկահայ, կամ հայ ազգի որպէս մասնիկ, որ տեղակայուած է Լոս Անճելոսի մէջ, որ անընդհատ սրտացաւ է իր միւս գաղափարակից ընկեր-ընկերուհիներու հետ։ Եւ գործնական գետնի վրայ կը փորձենք ինչ-որ փոշիի չափ մեր մասնակցութիւնը բերել Հայոց Պետականութեան Ինքնիշխանութեան եւ Պաշտպանութեան հզօրացմանը։
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Գործնակա՞ն նպատակներով էք եկել։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Գործնական-գործնական։ Ատոր համար է, որ ընկերային հանդիպումներու դժբախտաբար ժամանակ չունեցայ։ Եւ ինծի ներող թող ըլլան բազմաթիւ ընկեր-ընկերուհիներ, որ այս ժամանակահատուածին չկրցայ նոյնիսկ հեռաձայնել։
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Ես էլ եմ ձեզ ներում, Պարոն Չափարեան, ես գիտեմ, որ…ապշած եմ, քանի օր ես պտտւում եմ՝ «չէ մի հաղորդում գոնէ անենք ու դուք գնաք», արդեն մեկնում էք:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Շնորհակալ եմ:
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Ի՞նչ կ՛ասէիք մեր ժողովրդին, բացի էն, ինչ խօսեցինք։ Ոչ թէ յոյս տալ, ոչ թէ կանաչ տոլլար առաջարկել, ոչ թէ ամերիկեան օգնութիւն, ոչ թէ ռուսական, ընդհանրապէս։ Մենք ի՞նչ անենք, որ լաւ լինենք, այսինքն լաւը…խնդիրը նա չի էլի, որ գրպաններս տաք լինի։ Ի՞նչ անենք, որ ճիշտ ապրենք, ինչ անենք, որ մենք նոյն ճահճի մէջ չյայտնւենք ըստ ձեզ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ամենակարեւորը, անշուշտ, ես վերջին մարդը պէտք է ըլլամ, որ այդպիսի խորհուրդ տամ։ Բայց իմ ապրելակերպով ես կրնամ նկարագրել իմ միտքը։ Ես չեմ կարող ուրիշին պատասխանատու գտնել իմ ձախողութիւններու համար, չեմ կարող ուրիշէն ակնկալել այն, ինչ որ ես պէտք է ստեղծեմ եւ արարեմ յօգուտ՝ իմ եւ անմիջական մեծ ընտանիքի համար՝ հայ ազգի համար։ Թեկուզ փոշիի չափ ըլլայ, ուրեմն աշխատասիրութիւն եւ ամենեկարեւորը իրարու հետ համերաշխ ըլլալ եւ եսակենտրոնութիւնից դուրս գալ, անձնասիրութենէ դուրս գալ։ Անընդհատ մտածենք հաւաքական շահի մասին եւ թոյլ չտանք, որ մեր անձնական նեղ շահերը մեզի առաջնորդեն սխալ ճանապարհներով, եւ վնասները անգնահատելի ըլլան։
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Պարոն Չափարեան շնորհակալ եմ, շատ կարճ էր, շատ ոտքի վրայ էր եւ զրոյցը եւ հանդիպումը։ Ես ցաւում եմ։ Ես յոյսով եմ, որ մէկ այլ անգամ գաք, մենք կը պտտւենք Հայոց Աշխարհով մէկ, կը պտտւենք նկարահանումներով, կը զրուցենք, կը պատմենք, կը յիշենք պատմական վայրերը։ Մի մեծ մի ամբողջութեան էսպէս մեր աչքերով, ձեր աչքերով կը ներկայացնենք աշխարհին։ Մարդկանց տեսակ կայ, ովքեր սերմացու են։ Դուք սերմացու հայերից մէկն էք: Շնորհակալութիւն ձեր աշխատանքի համար։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ես էլ եմ շնորհակալ
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Քանզի «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթը տարիներ շարունակ ամեն ինչ անում է, որպէսզի մարդիկ այդ հայկականութիւնը էնտեղ ունենան։ Դուք ձեր նուիրեալի գործն էք արել, շնորհակալութիւն։ Մենք էլ բնականաբար պիտի փորձենք պինդ մնալ։ Ասեղը քեզ, մախաթն՝ ուրիշին։ Հեռուից կարող է մի քիչ դիւրին երեւայ ամեն ինչ, բայց տեղում ամեն ինչ դժուար է։ Պիտի թեւերդ շտկես եւ աշխատես։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Այո-այո, հեշտ չէ։
ՄԵՐՈՆՔ – ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Էլի ու էլի շնորհակալութիւն։ Այսպէս, առողջ կացէք, կը հանդիպենք