USA ARMENIAN LIFE TV 03 15 24 հեռուսային զրոյց: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ, 

Անունս Աբօ Չափարեան է։ Այսօրուայ իմ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս եւ հետազօտող լրագրող Պարոն Ոսկան Մխիթարեանը։ 

Այս օրերուն, ե՛ւ Հայրենի ե՛ւ Սփիւռքեան շրջանակներուն մէջ խայտաբղետ զարգացումներ կան՝ մէջը միւսին յաջորդող։ 

Իհարկէ որոշ չափով՝ լաւատեսութիւն եւ հոգեկան ուժ տրամադրող զարգացումներ կան՝ մեր բարոեականը ուժեղացնող։ Նաեւ միւս կողմէն կան ոչ դրական զարգացումներ, բայց մենք իրատեսական կարգով պիտի երթանք առաջ եւ մեր դիմաց ծառացած եւ ծառացող մարտահրաւէրները պիտի ընդունինք սրտաբաց կերպով, որովհետեւ առանց մարտահրաւէրները յաղթահարելու ոչ մեր ներկան կը լաւանայ, ոչ ալ ապագան։ 

Նախ պէտք է շնորհաւորել հայ հասարակութեանը ե՛ւ Հայրենիքի ե՛ւ Սփիւռքի մէջ, որ – հակառակ ամէն տեսակ դժվարութիւններու, Հայաստանը՝ հայկական պետականութիւնը բռնած է ճիշտ ուղին՝ ուժեղացնելով իր ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ պաշտպանութիւնը։ 

Ճիշտ է, բաւականին մեծ վտանգներ ալ կան, բայց մենք վտանգներու ստրուկը պիտի չըլլանք։ Մենք մեր ներքին լոյսով եւ կամքի վճռականութեամբ առաջ պիտի երթանք։ Որովհետեւ, եթէ Հայաստանը եւ հայկական հասարակութիւնը կարողացաւ 2020-ի 44-օրեան կանխել եւ կասեցնել Երկրորդ Եւ Վերջնական Ցեղասպանութիւնը, այդ ալ իրականացաւ շնորհիւ ինքնիշխան հայ հասարակութեան եւ յատկապէս հայ զինւորին, որ իր կեանքի գնով պաշտպանեց եւ կանխեց, ինչպէս որ Էրտողանը եւ Ալիեւը ըսած են․ «Երկրորդ Եւ Վերջնական Ցեղասպանութիւնը»։ 

Միշտ ի միտի պէտք է ունենանք, որ դեռ լաւ օրեր կան մեր առաջ, եւ մենք այդ լաւ օրերու ժամանակ պէտք է ամէն օր տքնինք, պայքարինք եւ աշխատինք։ 

Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ հասարակութեան եւ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան ազգային, կրօնական, մշակութային, մարզական, քաղաքական կառոյցներու առողջութեան մասին, ապա ուրեմն նոյն օրինաչափն է, որ մեզ կ՛առաջնորդէ։ Մեզի, մեր ժողովրդի համար հարկաւոր են ինքնիշխան քաղաքացիներ, իւրաքանչիւր կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններէն ներս։ Ուրեմն անցնող շաբաթներուն մենք խօսեցանք բաւականին հրատապ խնդիրներու մասին այստեղ՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու վերաբերող, եւ յատկապէս մեծ ընտանիք՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ազգային առաջնորդարանի հետ առընչուող խնդիրներու մասին։ 

Եւ պէտք է ըսել, որ այն ժամանակ, երբ որ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ, որ իբրեւ թէ օրուան թեմական առաջնորդը հիւանդութեան պատճառով հեռացած է, ուրեմն իմ զրուցակիցը եւ ես ձայնակցեցանք բազմաթիւ հայրենակիցներու, եւ ճշմարտութիւնը այն է, որ իրեն հաշուեյարդարի կ՛ուզէին ենթարկել կուսակցական օլիգարխները, բայց ըստ երեւոյթին ձախողեցան։ Մենք այս մասին պիտի շարունակենք բարձրաձայնել, որովհետեւ ազատ մամուլի առաքելութիւնը եւ պարտականութիւնը՝ թարգման հանդիսանալն է բազմաթիւ – բազմահարիւր, չըսելու համար բազմահազար, սրտացաւ հայրենակիցներու։ 

Ուրեմն վերջին զարգացումները արդէօք ինչպէ՞ս կը դիտէ Պարոն Մխիթարեանը, պէտք է առաջարկէի, որ իր տեսութիւնը կիսէ Ձեր հետ։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Պարոն Չափարեան, տեսութիւններէ առաջ խորագիր մը պիտի դնեմ այստեղ․ «Ձայն բազմաց, ձայն Աստծոյ»։ Անգամ մը եւս մեծամասնութեան ձայնը յաղթանակեց։ Հետեւաբար, բոլոր այդ սուտերը, որ բոլորդ լսեցիք, մենք ալ ձեզի հետ միասին, թէ Թորգոմ Եպիսկոպոս հիւանդ է,եւ այդ հիւանդութիւնը պատճառ է, որ ինքը թողնէ իր առաջնորդական պաշտօնը եւ հեռանայ։ Հիմա բոլորդ տեսէք․ սիրելինե՛ր, խոշոր սուտ մըն էր, ուրիշ բան մը չէր։ 

Ամիս մը եղաւ այս բոլոր տակնուվրայութեան, Սրբազանը փոքր մը հանգստանալէն վերադարձաւ մայրավանք։ Այսօր շուտով ետ կը հասնի եւ պիտի պատարագ մատուցէ Սրբոց Նահատակած եկեղեցւոյ մէջ եւ Սուրբ Աստուածանի եկեղեցւոյ մէջ Ս. Զատկի առիթով։ 

Հիմա շատերը մեզի հարց կուտան, անձնապէս ինծի հեռաձայնողներ շատ եղան՝ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ հիւանդ եպիսկոպոսը անմիջապէս բուժուեցաւ եւ ետ կը վերադառնայ։ 

Սիրելիներ, մենք արդէն յայտարարեր էինք, որ այդ բոլորը հերիւրանքներ են, ծխացած կոյտ մըն է, խոշոր սուտ մըն էր, որ գլորեցին։ Եւ ինչպէս նախապէս շեշտեցինք բազմիցս եւ ըսինք, որ այդ բոլորը հակականոնական է։ 

Առաջնորդը Երեսփոխանական Ժողովի կողմէն ընտրուած եւ վաւերացուած անձնաւորութիւն մըն է, անշուշտ, վերջնականապէս Կաթողիկոսի կողմէ վաւերացուած։ Ինչպէ՞ս կարելի է առանց Երեսփոխանական Ժողովի, Առաջնորդը արձակել։ Ասիկա անգամ մը եւս մեզի ցուցանիշ է, բոլորիս, սիրելիներ, որ մենք ոտքի պիտի կանգնինք եւ մեր իրաւունքներուն տէր պիտի ըլլանք։ Յստակ թող ըլլայ բոլորին։ 

Եկեղեցին ժողովուրդն է, Եկեղեցին կը պատկանի ժողովուրդին։ Ժողովուրդին ձայնը, որ պէտք է գերիշխէ այդտեղը, եւ ոչ ասոր-անոր կամ այս կազմակերպութեան կամ միւս կազմակերպութեան։ Յստակ թող ըլլայ, բոլոր անոնց, որոնք փորձեցին այս խաղը հրապարակել եւ փորձել ժողովուրդը խաբել, թող յստակ ըլլայ իրենց համար, որ եկեղեցին աղօթատուն է եւ ոչ՝ վաճառատուն։ Մոռցէք այլեւս, որ եկեղեցին դուք պիտի շահագործէք ձեր կուսակցական հաշիւներուն համար։ Եկեկեղեցին ժողովուրդին կը պատկանի, եւ դուք իրաւունք չունիք, ոչ միայն դուք, այլ նաեւ որեւէ կուսակցութիւն իրաւունք չունի տէր կանգնելու եկեղեցւոյ շահագործելու դիտաւորութեամբ, հոս է հարցը։ 

Ուրիշ բան է գալ, զօրաւիգ կանգնիլ եկեղեցւոյ, որպէսզի եկեղեցին աւելի ուռճանայ եւ աւելի օգտակար ըլլայ իր ժողովրդին։ Դուք կուգաք տապարը ձեր ձէռքին՝ հարուածելու եկեղեցին, որպէսզի դուք շահագործէք այդ եկամուտները, որ եկեղեցին կ՛ունենայ իր հաւատացեալներէն։ Վերջ, սիրելիներ, ժամանակը հասած է։ Այսօր Թորգոմ եպիսկոպոսը, վաղը Կիրակոս եպիսկոպոսը պիտի ըլլայ, Սարգիս եպիսկոպոսը: Բոլորին տէր կանգնեցէք։ Այս երիտասարդները իրենց երիտասարդական տարիները խորանի միջոցով նուիրած են հայ ժողովուրդին։ Հետեւաբար դուք որպէս ժողովուրդ տէր պիտի կանգնիք, ոչ միայն եպիսկոպոսին, այլեւ ամենահամեստ քահանային, որ հաւատարմօրէն կը ծառայէ իր ժողովրդին։ 

Ժամանակը եկած է, մտէք եկեղեցիներէն ներս, մի ըսէք «մեզի ինչ, ինծի ինչ», մտէք եկեղեցիներէն ներս, անդամագրուեցէք։ Ձեր ձայնը բարձրացուցէք։ Նայեցէք ձեր կողքին՝ երիտասարդները չկան։ Մենք պէտք ունինք այս երիտասարդութեան, առողջ երիտասարդութեան, գտեալ նոր երիտասարդութեան, պէտք է բերենք այս բոլորը եկեղեցի, որովհետեւ եկեղեցին է այդ մեծագոյն ուժը, որ կրնայ համախմբել մեր բոլոր ժողովուրդի զաւակները։ Այլեւս ձեռնպահ չմնաք, ահա վերցնէք օրինակներ, Թորգոմ եպիսկոպոսի հարցը։ Այս բոլոր սուտը երեւան եկաւ։ 

Ուրախալի է նաեւ, որ այս առիթով Արամ Կաթողիկոսը իրեն արքութեան տիտղոս ալ տուաւ, ինչպէս միւս օծակից ընկերներուն։ Սա կը նշանակէ, որ Վեհը գնահատեց իրենց գործունէութիւնը եւ տիտղոսը տուաւ։ Բայց մեծագոյն գնահատականը, սիրելիներ, պիտի գայ ձեզմէ։ Ժողովուրդը, դուք պիտի զօրաւիգ կանգնիք ձեր առաջնորդներուն, ինչպէս որ ըսի՝ համեստ քահանաններէն սկսած։ Եկեղեցականը սպասաւորն է եկեղեցւոյ ճամփով ձեզի ծառայող։ Տէ՛ր կանգնեցէք բոլոր անոնց, որոնք ձեզ կ՛առաջնորդեն եկեղեցի։ 

Ու՞ր պիտի գտնէք ձեր հոգեւոր հանդարտութիւնը, hոգեկան աշխարհը ի վերջոյ. այս նիւթական աշխարհէն պիտի երթանք հոգեկան աշխարհ, ո՞րն է ճանապարհը, եթէ ոչ եկեղեցին, որ մեզ պիտի առաջնորդէ։ Եւ մեզի առաջնորդողները պիտի ըլլան մեր հոգեւորականները։ Հետեւաբար, բոլոր արժանաւորներու կողքին կեցէ՛ք եւ հեռացուցէ՛ք բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, որ եկեղեցին ակումբ է, վաճառատուն է։ Ոչ, սիրելիներ մեր եկեղեցին աղօթատուն է եւ պիտի մնայ աղօթատուն։ Եւ մեր պայքարը ձեր հետ միասին երբէք չպիտի դադարի: Բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն եկեղեցւոյ կեանքը կեղէքել պէտք է կասեցուին: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Այո, կը շնորհաւորեմ ի սրտանց: Ինչպէս որ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսը, ըսած է, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հայ ժողովուրդի մեծագոյն հրաշքներէն մէկն է։ Եւ ատիկա խորիմաստ արտայայտութիւն մըն է եւ իմ հասկցած ձեւը հետեւեալն է, որ քրիստոնեայ աշխարհի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այն իւրայատուկ կրօնական հասարակական կազմակերպութիւնն է, որտեղ հոգեւորականները մոնոպոլիա չունին, կուսակցութիւնները մոնոպոլիա չունին, սուլթանը այլեւս չի կայ, եւ տէրն ու տիրականը հայ ժողովուրդն է: Ու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, 95% մօտաւորապէս որոշումներ կաեայցնողներուն, ընտրողներուն աշխարհականներն են։ Ժողովրդավարութիւնը կը պարուրէ ամբողջ Հայ Եկեղեցին: Չզարմանանք եթէ գալիք տարիներուն Հայ Եկեղեցին աննախընթաց աճ ապրի բազմաթիւ նոր –հայ եւ ոչ հայ – անդամներու ներհոսքով; 

Ինչպէ՞ս։ Օրինակ վերցնենք, անցեալին կը յիշէք, օրինակ բերած էինք Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին, որտեղ ընտրութիւններու ծխական համայնքային գաղութի ընդհանուր ժողովէն առնուազն 30 օր առաջ պէտք է նամակներ ուղարկուին, չէ՞։ 

Օրինակի համար, եթէ ձեր եկեղեցական համայնքէն, միայն Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետը չէ, որեւէ համայնքէ ներս, եթէ որեւէ օրինախախտում կը տեսնէք, եթէ օրինակի համար ընդհանուր ժողովի համար, ձեզի նամակ կուգայ, որ ընդհանուր ժողովը 10 օրէն է կամ 15 օրէն է, որեմն ահազանգ պէտք է հնչեցնէք։ Եւ ազատ մամուլին պէտք է տեղեկացնէք այդ մասին, եւ նաեւ ձեր ինքնութիւնը մենք թաքուն կը պահենք, եթէ դուք կը փափագիք ձեր ինքնութիւնը թաքուն պահել, ինչպէս որ մեր խոստումը մինչեւ հիմա լիովին յարգած ենք։ Այնպէս որ մեր պարտականութիւնն է, սիրելիներ, մութ ծալքերու վրայ լոյ սփռել, ոչ թէ որպէսզի որոշ շրջանակներուն խայտառակենք, այլ որպէսզի փրկենք եղածը: Ինչպէս որ քիչ առաջ պարոն Մխիթարեանը ակնարկեց, երիտասարդութիւնը չի սիրեր խաբեբայութիւն։ 

Նոր սերունդը շատ ուղղամիտ է՝ ի տարբերութիւն նախորդ սերունդին։ Նախորդ սերունդը դեռ օսմանասովետական մտածողութեամբ առաջ կ՛երթայ: Որոշ չափով իհարկէ բաւականին առողջ մտածող լայն շրջանակներ ունինք, բայց դժբախտաբար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ե՛ւ նախկին Սովետի տարածքին, ե՛ւ ազատ աշխարհի տարածքին, երբ փրկուած է սուլթանէն, անցած է օլիգարխներու սուլթանութեան ներքոյ։ Իսկ նախկին Սովետի տարածքին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, փլուզուած էր Սովետական կայսրութեան կողմէ: Սակայն զայսօր, նախկին Սովետի տարածքին մէջ եկեղեցին կը շարունակէ մինչեւ հիմա օսմանա- սովետական օլիգարխիայի համակարգով առաջնորդուիլ։ 

Ուրեմն երկու թեմերու մէջն ալ խաբեբայութիւն կայ, երկու թեմերու մէջն ալ ինչպէս որ անգլերէն կ՛ըսեն «special interest group», որ յատուկ շահադիտական խմբաւորումներ կան, որոնք իրենց անձնական, կամ

ԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՅԵՐԸ ԿԱՐՈՂ ԵՆ ԱՋԱԿՑԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԿԱՆԽԵԼ ՀԵՐԹԱԿԱՆ 27 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ, 1999 թ. ՈՃԻ ՍՊԱՆՈՒՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՈՒՄ 

Մօտ անցեալին, հաւատացեալ աշխարհականներուն հուզող խնդրի մասին խօսեցանք՝ «Փիղը Սենեակի Մէջ»։ Ուրեմն փիղը կիսով չափով կամ քառորդ չափով կրցած ենք դուրս շպրտել, բայց պէտք է լիովին դուրս շպրտուի, սիրելիներ։ Փիղը սենեակէն լրիւ պէտք է դուրս շպրտուի: 

խմբակցական շահերուն համար պատրաստ են փլուզման ենթարկելու ամբողջ հայ ազգի հաւատքի եւ ոչ միան Հայաստանեայց Եկեղեցիի, նոյնիսկ փլուզման ենթարկելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէսի իրենց մենատիրութիւնը շարունակեն։ 

Այնպէս որ, սիրելինե՛ր, ժամանակները անցած են։ Մենք հին մոլորակի մէջ չենք այլեւս, մենք նոր մոլորակի քաղաքացիներ ենք։ Նոր մոլորակը վերանորոգուած մոլորակն է, որտեղ առողջ միտքը եւ կամքը տիրողական է, եւ վճռականութիւնը նոյնպէս տիրողական է։ Ոչ մէջը չի կրնար մեր վրայ ճնշել եւ պնդել, որ փիղը մնայ սենեակի մէջ եւ մեր իրաւունքները ոտնահարէ։ Այնպէս որ աշխատանքները կը շարունակուին։ 

Այս կեանքի մէջ, բան մը չի պատահիր ինքն իրեն, օդէն, բոլորս էլ շատ լաւ գիտենք, որ մեր անձնական կեանքի մէջը պէտք է օր ու ցերեկ, գիշեր եւ ցերեկ աշխատինք եւ տքնին, որպէսզի յաջողութեան հասնինք, չէ՞: Ուրեմն նոյնն ալ հաւաքական կեանքի մէջն է։ Այնպէս որ, սիրելինե՛ր, մենք պէտք է անընդհատ զօրակցինք մէկս միւսին, եւ ամենակարեւորը, ինքնիշխան քաղաքացիի կերպարը շարունակենք զարգացնել մեր մէջը, իւրաքանչիւրս՝ իր մէջը։ Այնպէս որ ինքնիշխան քաղաքացին կը կերտէ ինքնիշխան հասարակութիւն, ինքնիշխան հասարակութիւնը կը կերտէ ինքնիշխան հանրապետութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, մարզական- մշակութային կազմակերպութիւնները, որոնք կը գործեն ամբողջ աշխարհի տսրածքին։ 

Այս պահին, երբ մեր ամբողջ ազգը հայ ազգը, հայրենի եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդը հայոց պետականութեան թիկունք կանգնած վիճակի մէջ, կը շարունակենք դիմակայել դժվարութիւններ: Տեսէք թէ ինչպէս մեր ներքին օլիգարխները կը զինակցէին Պուտինեան Ռուսաստանի հետ, որպէսզի Հայկական Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը վտանգուի ամէն կերպ: Լսենք մեր աշխատակից, լուսաւոր միտք եւ վճռական ոգի ցուցաբերող «ՄԵՐՈՆՔ» հաղորդաշարի հեղինակ եւ հրապարակախօս Սուրէն Սարգսեանին։ 

ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – Իսկ էս ստահակները, ովքեր Արցախի էլիտա կամ իշխանութիւն են կոչւում, որ այսօր սպառնում են, որ էսա դուք պիտի գաք, դուք իրաւունք ունէք… էն անգամ, «վայ, մենք որ չլինէինք, Հայաստանի թիկունքը պահած չէր լինի», էս կարգի։ Էս կարգի բարբաջանքները ես համարում եմ շատ վտանգաւոր եւ անընդունելի։ Ով էլ որ ասի, ով էլ որ արտայայտի նման բան, որ Արցախն էր Հայաստանի սահմանը պահում հիմա որ ստեղ եկաւ, էս մարդկանց տուն տուէք, էս արէք, էն արէք…է տալու են, էդ վերջ։ 

Տունը էնպիսի բան չէ, որ մի րոպեում կառուցես, կարեւորը համակարգուած գործընթացը տեղի ունեցաւ եւ ունենալու է արցախցիների խնդիրը կարգաւորելու համար։ Բայց ինչ-որ մարդիկ, ինչ-որ մէջը իրեն թոյլ տայ, թէ «հեսա ղարաբաղցիքին բերում եմ հրապարակ ու էդ վախտ մենք ձեր հարցերը կը լուծենք»: Չսխալւէ՛ք։ Չփորձե՛ք մեզ հայաստանցի ու ղարաբաղցի դարձնել հերթական անգամ։ Առանց էդ էլ էն ձեր թափթփուկներին բերեցիք իշխանութեան։ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանը բերեց իշխանութեան, անունը դրեց «դե որ ղարաբաղցիք չեն հաւատում, որ մենք ազնիւ ենք բանակցում, Ռոբիկին բերել եմ իշխանութեան», եւ ապականեցիք մեր մարդկային ու ազնիւ յարաբերութիւնները։ 

Հիմա, «էդ մենք սահման էինք պահում», է մնայիք էլի պահէիք, չթողէիք, որ Ռոբիկը լափէր, միլիարդատէր դառնար, Սերժիկը լափէր, Բակոն լափէր, Արայիկը լափէր, Սուսլիկը լափէր, դուք չլափէիք, ձէններդ չկտրէիք, ինքներդ ձեզ ապուշի տեղ չդնէիք, կռիւ տայիք ձեր պետութեան անվտանգութեան համար, զէնք ու զրահ ստեղծէիք։ Էդ ով է ասում, ինչու էք էլի բաժանում ղարաբաղցու, «մենք սահման էինք պահում», Հայաստանի։ 

Էդ Հայաստանից գնացած մեր երեխեքը չէի՞ն գծին կանգնած։ Էդ ո՞վ է ասում, որ ինչ-որ մէկի մենաշնորհն ա դա, մենք հայ ժողովուրդ ենք, մեր խնդիրը բոլորի խնդիրն է, ՄԵՐ բոլորի խնդիրն է։ Կայ խնդիր, ազգովի ենք լուծում։ Հիմա էլի աւանակաբարոյ յայտարարութիւնները՝ ղարաբաղցի, հայաստանցի՝ մոռացէ՛ք։ Մոռացէք եւ Հայաստանը, ասել Վանօ Սիրադեղեանի «սոխի գլուխ չի»։ Կամ Վազգէն Սարգսեանի «Ձեզ կարգին պահէք»։ 

Նման յայտարարութիւններով կամ նման անփառունակ փորձեր չփորձէք անել։ Չգիտեմ էն Ռոբիկի բալիկը էնտեղ ինչ-որ բաներ ա յայտարարում եւ այլն, եւ այլն։ Շան տեղ մի դրէք, լուրջ մի ընդունէք։ Իսկ պատկան մարմինները, յատկապէս ուժային կառոյցները, պիտի ուշադիր լինեն։ Չէ՞ որ էն ստահակները, ովքեր Մարտի 1-ին եկան Երեւանի փողոցներում կրակեցին, մարդ սպանեցին, նրանք դատուած չեն։ Նրանք չգիտենք էլ ով են։ Կամ գուցէ գիտենք։ Նրանք ինչ-որ մի տեղ ծուարած սպասում են հերթական ապակայունացմանը։ 

Սա ի գիտութիւն՝ Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան- ԱԱԾ կառոյցին։ Այո, ռուսական հետքը, ռուսական ցանկութիւնը, որ էն նախիրը, որ էդքան տարի Հայաստանը նսեմացրեց, Արցախը կորստի մատնեց, նորից գայ Հայաստանում իշխանութեան, որ Մեղրիի ղեկը, ինչպէս մերոնք են ասում խաղաղութեան խաչմերուկի ղեկը վերցնեն։ Դա խաղաղութեան չէ, դա…մի պատմաբան ընկեր ասաց «քաղաքակրթութեան խաչմերուկ կարող է լինել եւ պիտի լինի»։ Հայաստանը պիտի աշխարհի հետ հետ-առաջ, անկախ նրանից, թէ այսօր Իրանի պահուածքը ինչպիսին է, զրուցելու, մենք իրարից ուզելու բան չունենք։ 

Թեմա կայ, դիւանական ձեռքբերումների հնարաւորութիւն կայ, եւ Հայաստանը ձեռք կը բերի, բայց էս ներքին թափթփուկները թող իրենց կարգին պահեն, Արցախի էլիտա կոչուածնե՛ր, վերջին անգամը լինի, որ դուք ձեզ էդպէս պահէք։ Ընդհանրապէս որեւէ մէկը իրեն թող թոյլ չտայ ասի, որ հեսա արցախցիներին բերում եմ, կը տենաք։ Վե՞շ են, ի՞նչ են, նախի՞ր են, էդ ի՞նչ էք բերում։ Տո դուք ո՞վ էք դառել, որ մարդ բերէք։ Ինչի էն շարքային արցախցի ժողովուրդը չգիտի՞, ինչ իրանց գլխին բերեցիք։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Սիրելի հեռուստադիտող, այս պահին ես կ՛ուզեմ երկու բանի վրայ կեդրոնանալ։ Առաջինը՝ պետականութիւն, երկրորդը՝ իշխանութիւն։ Եթէ շփոթենք այս երկու բառերը, այդ պարագային դաւաճանած կ՛ըլլանք մեր հայրենիքին, ինչու՞: Բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան, յստակ կերպով կը հաւատան Հայոց Պետականութեան, չեն կրնայ ուրիշ կերպ մտածել իրենց ուղեղին ամբողջական կեդրոնացումը կ՛ըլլայ հայրենիքի վերելքը։ 

Սիրելինե՛ր, ամեն անգամ կը խօսինք, իշխանութիւնները կուգան-կ՛երթան, բայց պետականութիւնը կը մնայ։ Հետեւաբար, մենք պետականամետ պէտք է ըլլանք եւ չ՛ելլենք հրապարակ զիրար հոշոտելու, եթէ իսկապէս անկեղծօրէն կը հաւատանք պետականութեան գաղափարին։ Թշնամին դուրսն է՝ թուրքն է, ազերին է։ Անոնք են մեր թշնամիները։ Հայը չկրնար իմ թշնամիս ըլլալ։ Ես կրնամ տարակարծիք ըլլալ, բայց պիտի ունենամ քաջութիւնը նստելու սեղան եւ փոխանակելու կարծիքներ՝ առանց նախատանքի։ 

Հոս է մեր առաւելութիւնը՝ ցոյց տանք համայն մարդկութեան, նաեւ մեր թշնամիներուն, որ մենք գիտենք նստիլ քով-քովի հանուն պետականութեան, որովհետեւ մենք կրթուած ժողովուրդ ունենք, մշակոյթ կերտած ժողովուրդ ունենք։ Չի բաւեր միայն յայտարարենք, այլ գործադրենք, այսօր ալ ցոյց տանք, որ մենք կիրթ ժողովուրդ ենք։ Կրնանք քով-քովի նստիլ, թեկուզ տարակարծիք, որովհետեւ կը հաւատանք պետականութեան գաղափարին։ Այդ պետականութիւնն է, որ պիտի պահէ այսօր եւ յառաջիկայ բոլոր գալիք սերունդները։ Հետեւաբար, վերջացնենք այլեւս․ այս տարակարծութիւնները ամօթ կը բերեն մեր ժողովուրդին, երբ դռան մօտ կեցած է թշնամին։ 

Քիչ առաջ Պարոն Չափարեանը ակնարկեց իր խօսքի ընթացքին, որ կը հոխորտային, որ ցեղասպանութիւն մը եւս պիտի ընեն։ Սիրելինե՛ր, այս ժողովուրդները, ձեր թշնամիները ցեղասպան ժողովուրդ եղած են հարիւրաւոր տարիներ։ Հիմա պիտի չփոխուին, հրեշտակներ պիտի չըլլան։ Հետեւաբար, մենք իրաւունք չունինք զիրար հոշոտելու։ Պետականութեան գաղափարը մեր մէջ սրբութիւն մը թող ըլլայ, որպէսզի անորմով առաջնորդուինք։ 

Իշխանութիւնները, կը կրկնեմ, կուգան-կերթան, բայց պետականութեան գաղափարը առհաւետ Արարատի բարձրունքի վրայ պէտք է մնայ, մեր հաեայցքը հոն ըրած, որպէսզի կարենանք երկիրը պահենք եւ առողջ մը երկիր ստեղծենք, եւ բոլորս էլ ականատես ըլլանք այդ երկրի զարգացմանը։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Մեր ներքին աշխատանքները նաեւ կը պահանջեն, այո, իրարու հետ համերաշխ ըլլանք, քաղափարակիցներ, պարտաւոր ենք իրարու հետ համերաշխ ըլլալ, սակայն մեր ներքին հինգերորդ շարասեան հանդեպ ոչ մէջ համերաշխութիւն, ոչ մէջ թուլամորթութիւն։ Այս մեր ներքին օլիգարխները, մէնատիրական նկտրումներ ցուցաբերող ներքին ժխտական ուժերը, ռուսերէն («наместник»- “Namastnik”), այսինքն իրենց հոգեբանութիւնը օսմանա-սովետական հոգեբանութիւնը հետեւեալ կերպ է․ Ռուսերէն «наместник» – Namastnik – կը նշանակէ՝ «կառավարիչ»: Կը նախնտրեն ըլլալ օտարի լուծին տակ` փոքրիկ թագաւորիկներ եւ իրենց սեփական հայրենիքը յանձնեն` օտարի իշխանութեան ներքեւ դնեն, միայն թէ իրենք դառնան իշխանիկներ։ 

Եւ այս իշխանիկութեան համար է, որ իրենք պատրաստ եղան եւ պատրաստ պիտի ըլլան։ Պատրաստ եղան եւ յանձնեցին Արցախը, որպէսզի ժողովուրդի կողմէն ընտրուած իշխանութիւնները տապալեն ապօրինի ճանապարհներով, եւ իրենք վերադառնան իշխանութեան, սակայն իշխանիկի կարգավիճակով։ Միայն թէ իրենք իրենց սեփական ժողովրդին շարունակեն թալանել։ 2023- ի Սեպտեմբերի 19-ին Արցախի յանձնումը բեմականացուցին, որպէսզի նոյն այդ նպատակը իրականացնեն: Անկէ առաջ ալ՝ 2020-ի 44-օրեային ինչպիսի դաւաճանութիւններ ըրին, միջազգային մեղսակցութեան իրենց մասնակցութիւնը բերելով ընդդեմ Հայաատանին եւ հայ ժողովուրդին, միայն թէ իրենք դառնան թագաւորիկներ եւ թալանչի իշխանիկներ։ 

Հետեւաբար, հիմա՝ բարեբախտաբար, 2020-ի 44-օրեայէն ասդին, հայ ժողովուրդը արթնամիտ կերպով կը հետեւի, ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին։ Եւ ոչ մէկ տրամադրութիւն, նախկին հին գողապետականներուն եւ իրենց մեղսակից Գարեգին Բ չկաթողիկոսը եւ իրենց մեղսակից Մուշեղ չարքեպիսկոպոսը եւ միւսները որ թողնեն տապալեն Հայկական Հանրապետութեան եւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առողջ համակարգը, որպէսզի միայն թէ իրենք թագաւորիկներ դառնան, եւ շարունակեն թալանել։ 

Այնպէս որ այդ ժամանակները անցած են, եւ ես ուրախութեամբ ձեզի կը տեղեկացնեմ, որ մեր ժողովուրդը նոր պատմաշրջան մը թեւակոխած է: Զարթօնք կ՛ապրի: Ոչ մէկ կերպ՝ տրամադրուածութիւն չի կայ, որ մեր ներքին թալանչիները առեււանգեն մեր ժողովուրդի ներկան եւ ապագան։ 

Ուրեմն ականջալուր ըլլանք, իրարու հետ կապը շարունակենք եւ որեւէ ժամանակ, երբ կը տեսնէք սխալ բան մը կը կատարուի, խօսեցե՛ք, արտայայտուեցէ՛ք, թեկուզ ձեր ինքնութիւնը թաքուն պահելով։ 

Ուրեմն միասին կը շարունակենք յաղթարշաւը դէպի նոր պատմաշրջան, դէպի նոր արշալոյս։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *